ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
«Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին,
օրհնեալ է Ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով:
Օրհնութի՜ւն Բարձրեալին» (Մտ 21.9)
Չորս աւետարանիչներու կողմէ յիշատակուած են Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Քաղաք Երուսաղէմ յաղթական մուտքը։
Երբ Յիսուս իր աշակերտները ղրկեց այն գիւղը, ուր պիտի գտնէին կապուած էշ մը ու անոր քով աւանակ մը, աշակերտներ գացին ու կատարեցին իրենց ըսուածը, եւ գտան՝ ինչպէս իրենց ըսած էր Յիսուս։
Թէեւ աշակերտները կատարեցին իրենց ըսուածը, բայց եւ այնպէս, ինչպէս շատ մը բաներ, այս բանն ալ չէին հասկցած, թէ ինչ կը նշանակէր եւ ինչու Յիսուս ուզած էր այն էշն ու աւանակը, որուն վրան հեծած Ս. Քաղաք մտաւ։
Չէին գիտեր, թէ Տէր Յիսուսի մասին Հին ուխտի մարգարէութիւններէն մէկն էր, որ պիտի իրականանար Յիսուսի վրայով ու իրենք այս բանին վկաները պիտի ըլլային։
Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիոնի աղջիկ,
Ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ.
Ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ.
Անիկա արդար ու փրկիչ է,
Հեզ է ու իշու վրայ հեծած
Եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ։ (Զաք.9-9)
Երբ Յիսուս փառաւորապէս Յարութիւն առաւ, այն ժամանակ հասկցան պատահածները ու յիշեցին այն բոլոր խօսքերը, զորս իրենց նախապէս ըսած էր Յիսուս։
«Բայց այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի երբ ժամանակը գայ, մտքերնիդ բերէք թէ ես ըսի ձեզի։ Այս բաները սկիզբէն չըսի ձեզի, վասն զի ես ձեզի հետ էի». (Յով.16-4)։
«Անոր աշակերտները առաջ չիմացան այն բաները, բայց երբ Յիսուս փառաւորուեցաւ, այն ատեն մտքերնին բերին թէ այս բաները անոր համար գրուած էին եւ թէ իրենք այս բաները ըրին անոր». (Յով.12-16)։
Երբ Յիսուս իրեն բերուած իշուն վրայ նստած քաղաք կը մտնէր, ժողովուրդը մեծ ուրախութեամբ Զինք կը դիմաւորէր ու իր հագուստները կը փռէր գետները, ուրկէ Յիսուս պիտի անցնէր։ Ամէն տարիքէ, երիտասարդ ու ծեր, իրենց ձեռին ունենալով ձիթենիներու ու արմաւենիի ճիւղեր՝ կը բացականչէին ըսելով. «Օրհնութի՜ւն Դաւթի Որդիին, Օրհնեալ է Ան որ Տիրոջ անունով կու գայ, Օրհնութի՜ւն բարձունքներու մէջ»։
Այս երեւոյթը շատ հրաշալի ու տպաւորիչ էր, մանաւանդ անոնց համար որոնք Յիսուսի հաւատացած ու հասկցած էին անոր երկնային առաքելութիւնը։ Բայց ինչպէս միշտ բազմութիւններ չէին կազմուեր միանպատակ անձերէ, այդ օր ալ հոն գտնուողներու մէջ կային այս բազմութեան ուրախութիւնը չբաժնողներ, որոնք շատ չանցած՝ նոյնիսկ մի քանի օր յետոյ, այս անգամ պիտի պոռային ըսելով «Խաչը հանէ, զայն խաչը հանէ»։
Անհանգիստ եղողները փարիսեցիներն էին, որոնց նպատակը միայն ու միայն ձեւական պաշտամունք կատարել, իրենց փառքը փնտռել էր. իսկ ամենակարեւորը՝ իրենց սիրտերը ազգայնամոլ զգացումներով լեցուցած էին։
Բազմութեան մէջ գտնուողներ, որոնք, ինչպէս ըսինք, ի սրտէ հաւատացած էին Յիսուսի եւ կը պոռային Ովսաննա՝ որ եբրայեցերէն կը նշանակէր «Փրկէ արդ», ինչպէս այսօր մենք եւս կ՚ըսենք. Յիսուս Փրկիչ ու կը դիմենք եւ կ՚ապաւինինք Յիսուսի փրկարար արեան եւ մարմնին։ Իսկ բազմութեան մէջ կային նաեւ շատեր, որոնց հոգեւոր աչքերը չէին բացուած՝ Ներսէս Հայրապետի Հոգեւոր տարածեալ երգի տողերուն մէջ յիշուածին պէս .«ԶՈՐ ՈՉ ՏԵՍԻՆ ԱԶԳՆ ԿՈՒՐԱՑ» - Տեսնելով չտեսան։
Այլեւս Յիսուս քաջ գիտնալով, որ իր երկրաւոր օրերու վախճանը հասած է եւ իր աշակերտներուն ալ բազմիցս ըսած էր՝ «ԴԻ՛Ք ԴՈՒՔ ՚Ի ԼՍԵԼԻՍ ՁԵՐ ԶԲԱՆՍ ԶԱՅՍՈՍԻԿ. ԶԻ ՈՐԴԻ ՄԱՐԴՈՅ ՄԱՏՆԵԼՈ՛Ց Է ՚Ի ՁԵՌՍ ՄԱՐԴԿԱՆ». (Ղուկ 9-43)։ «Մարդու որդին մարդոց ձեռքով պիտի մատնուի»։
Կը շարունակէ իր յաղթական մուտքը։ Փարիսեցիներ կ՚ուզեն այս մթնոլորտը խանգարել ու կը պահանջեն, որ Յիսուս լռեցնէ իր աշակերտներն ու բազմութիւնը, Յիսուս կը պատասխանէ. «Անոնք լռելու իսկ ըլլան, քարերը պիտի աղաղակեն»։
Եւ հակառակ իրեն ցուցաբերուած այն հրաշալի դիմաւորման՝ Ս. Քաղաքին նայելով կ՚արտասուէ բոլոր այն բաներուն համար, որոնք պիտի պատահին Երուսաղէմ քաղաքին ու ժողովուրդին. «Քանզի զի ո՛չ ծանեար զժամանակ այցելութեան քո»։ (Ղուկ 19-44)։ «Քանի քեզի այցելողը չգիտցար»։
Փարիսեցիներու ու օրէնքի ուսուցիչներու միջամտութեան եւ խորհուրդներուն ամենածանր պատասխանը նաեւ կը տեսնենք Ղուկասի աւետարանի «Բայց վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ» շարանին մէջ, որ կարելի է կցել այստեղ։
«Բայց վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ անանուխին ու փեգենային եւ բոլոր խոտեղէններուն տասանորդը կը վճարէք, բայց զանց կ՚ընէք իրաւունքը եւ Աստուծոյ սէրը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք։ Վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները կը սիրէք ու շուկաներուն մէջ՝ բարեւները։ Վա՜յ ձեզի, կեղծա՛ւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ անյայտ գերեզմաններու նման էք, որոնց վրայէն մարդիկ կը քալեն ու չեն գիտեր». (Ղուկ 11-42)։
Յարգելի ընդերցող, երբ այս Սուրբ գիրերու եւ դէպքերու կը նայինք, մենք ի՞նչ կը տեսնենք. կը տեսնենք մեր Փրկիչը, որ կու գայ մեզի մեծ փառքով, թէ միայն կը հաւաքուինք եւ բազմութեան մէջ մեր տեղերը կը գրաւենք ձիթենիներով ու ոստերով։
«Իբրեւ ազգն կուարաց»։
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔԱՀԱՆԱՅ ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ