ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Իրանէն պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, Նորին Սրբութիւնը տեսակցեցաւ Իրանի Միջկրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շէյխ Համիտ Շահրիարի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Շէյխ Շահրիար բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ իրանահայութեան եւ երկու ժողովուրդներու դարաւոր գործակցութեան մասին։ Ան խօսեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Մշակոյթի ու երկխօսութեան կեդրոնին միջեւ ձեւաւորուած երկխօսութեան կարեւորութեան մասին։ Շէյխ Շահրիար ընդգծեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Անթիլիասի իւրայատուկ դերակատարութիւնը միջկրօնական գործակցութեան եւ փոխըմբռնման ձեւաւորման ուղղեալ այնքան հրամայական աշխատանքներուն մէջ։
Իր կարգին, Արամ Ա. Կաթողիկոսն ալ ողջունեց Շէյխ Շահրիարի այցելութիւնը, վերյիշեց դէպի Իրան ուղեւորութիւններն ու հանդիպումները՝ կրօնական կամ պետական պատասխանատուներու հետ։ Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ Իրանի հայ համայնքը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ այդ երկրի զարգացման՝ իր հոգեւոր առաջնորդներով, պետական երեսփոխաններով եւ մշակութային, կրթական ու բարեսիրական կառոյցներով։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը մատնանշեց կրօններու կարեւոր դերը ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ պետութիւններու միջեւ համակեցութիւն, արդարութիւն ու խաղաղութիւն հաստատելու գծով։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի այժմու կացութեան եւ այդ ծիրէն ներս Իրանի կարեւոր դերակատարութեան՝ առկայ տագնապներու յաղթահարման տեսակէտէ։