ԵԸԼՄԱԶԷՐԷՆ ՑՈՒՑՄՈՒՆՔՆԵՐ

Լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր Հրանդ Տին­քի դէմ կա­տա­րուած մա­հա­փոր­ձի հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով ե­րէկ երկ­րորդ ան­գամ ցուց­մունք­ներ տուաւ Իս­թան­պու­լի Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան լրա­քա­ղու­թեան բա­ժան­մուն­քի պետ Ա­լի Ֆուատ Եըլ­մա­զէր։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ան այդ ցուց­մունք­նե­րը տուաւ Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան ա­հա­բեկ­չու­թեան ու կազ­մա­կեր­պեալ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քի դա­տա­խազ Կէօ­քալփ Քէօք­ճի­ւի կող­մէ յա­ռաջ տարուած հե­տաքն­նու­թեան շրջագ­ծով։

Եըլ­մա­զէր, որ ներ­կա­յիս կա­լա­նա­ւո­րուած է, Սի­լիվ­րիի բան­տէն ե­րէկ բե­րուե­ցաւ Իս­թան­պու­լի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան պա­լատ, Չաղ­լա­յան, ուր երկ­րորդ ան­գամ տուաւ ցուց­մունք­ներ։ Ան ձեր­բա­կա­լուած է անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գէն ներս (զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցի) վե­րա­բե­րեալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով։

Հարկ է նշել, որ Եըլ­մա­զէր երկ­րորդ ան­գամ դա­տա­խա­զու­թիւն հրա­ւի­րուած է՝ Եա­սին Հա­յա­լի, Օ­կիւն Սա­մաս­տի եւ ոս­տի­կան Մու­հիտ­տին Զենի­թի ցուց­մունք­նե­րուն հի­ման վրայ։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015