ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
«Ուրախացան ազգք մարդկան,
Յորժամ լուան զքո յարութիւնդ,
Նորափետուր զարդարեցան
Ի յարութեան Սուրբ Միածնիդ»
(Ներսէս Շնորհալի)
Աշխարհը եւ մարդիկ ի լուր Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան խորհուրդին, նոր արշալոյսի մը ջերմ փափաքով կ՚ուզեն առաջնորդել իրենց կեանքը։ Քրիստոնեայի հաւատքի կեանքին առանցքն է վարդապետի հրաշալի Յարութիւնը, քանզի այն կը խորհրդանշէ նոր կեանք։ Մենք պիտի ուզէինք կատարել հետեւեալ հաստատումը, որ Յարութիւնը, կեանքին մէջ բացուած նոր կեանքի արշալոյսն է։
Կ՚ապրինք այնպիսի աշխարհի մը մէջ, որ մեր շուրջը տեղի ունեցող փորձութիւններն ու դժուարութիւնները կարծես թանձր վարագոյրի են վերածուած եւ կ՚արգելակեն մեզ տեսնելու Աստուծոյ ձեռամբ մեզի տրուած տիեզերքի գեղեցկութիւնը։ Աշխարհը միշտ ալ անցած է փորձութիւններու կրակի միջով, բայց Քրիստոսի Յարութեան շունչովը ներշնչուած մարդը ի մասնաւորի մերժած է տկարութիւնը, Քրիստոսի խաչին մէջ տեսած է մահուան ու մեղքին պարտութիւնը, եւ Անոր Յարութեամբ լուսաւորուած իր կեանքը։
Սիրելի բարեպաշտ հայորդիք, ինչպիսի՞ խորհուրդ կը հաղորդէ Քրիստոսի Յարութիւնը այսօր մեր կեանքին մէջ, ըլլա՛յ անձնական եւ թէ հաւաքական։ Ամենապարզ բառերով եթէ ուզենք բացատրել, ապա առաջին հերթին Քրիստոսի Յարութիւնը քրիստոնեայ հաւատացեալին համար հրաւէրն է աղօթքի կեանքին, քանզի աղօթքով առաջնորդուած կեանքը իր ուղին կը բռնէ դէպի Աստուած։ Յարութեան հրաւէրը աղօթքի կեանքով ապրելու նախապայմանն է քրիստոնեային համար, քանզի մեր հոգեւոր կեանքի շէնքը կը կառուցուի այդ հիմքին վրայ։ Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդէն մեզի հասնող երկրորդ պատգամը կը պարտաւորեցնէ բոլորս, որ մեզի տրուած կեանքին նայինք պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, այն մշտապէս նորոգելու համար առաքինի կեանքի խոստումներով եւ ի մասնաւորի կեանքը արժեւորելու ծառայութեան ճշմարիտ ոգով։ Մենք այստեղ կ՚ուզենք յատուկ շեշտադրութեամբ ընդգծել մեր այս մտածումը, որովհետեւ կեանքի մէջ առկայ բոլոր կոչումները պարտ ենք ընդունիլ որպէս նուէր Աստուծոյ կողմէ մեզի վստահուած։
Ծնողներ, ուսուցիչներ, գիտնականներ, հոգեւորականներ ու պաշտօնատարներ, մէկ խօսքով ամէն ոք իր պաշտօնին մէջ պարտ է մշտապէս ինքզինք նորոգելու առաքինութեան խոստումներով ու ծառայութեան ոգով։ Եւ եթէ աշխարհի կեանքին մէջ այսօր կը տեսնենք թերիներ, ապա այդ արդիւնքն է անտաբերութեան։ Աստուծոյ ձեռքով մեզի վստահուած տիեզերքը եւ ստեղծագործութեան մէջ մարդը՝ որպէս բարին, մշտապէս պէտք ունին վերահսկողութեան ու նորոգութեան։
Քրիստոսի հրաշալի Յարութիւնը մեր հոգեւոր էութեանը մէջ կը ներառէ նաեւ մէկ այլ չափազանց կարեւոր կոչում մը, որ այն հաւատքը, որուն ժառանգութեանը արժանի ենք դարձած, ապա նոյնին ժառանգակից դարձնենք նաեւ մեր զաւակունք եւ գալիք սերունդները։ Եւ ինչպէ՞ս բացատրենք ժառանգին իմաստը. հայ քրիստոնեայի համար ժառանգը՝ Աստուծոյ սէրն ու գիտակցութիւնն է, քրիստոնէական հաւատքն է ու նուիրումը եկեղեցւոյ առաքելութեան հանդէպ, հայրենական տեսիլքն է եւ հայ քրիստոնեայի ընտանիքի խորհուրդը։ Այս ժառանգը Յարութեան խորհուրդին տեսանելի ու շօշափելի արտայայտութիւնն է, որուն շնորհիւ մեր մէջ կ՚ամրագրենք իւրովի ինքնութիւն։ Մարդը իր մէջ պիտի կրէ ինքնութիւն, որը իր հաւատքի կեանքին դրոշմն է, իր պատմութեան զգացողութիւնն ու գիտակցութիւնն է, իր մշակոյթի հանդէպ յարգանքն է։ Այս տեսիլքով ապրող մարդը միայն կարողութիւնը կ՚ունենայ արժէքներ գնահատելու եւ իր դիմացինին հոգեւոր ու ազգային ինքնութեան առջեւ խոնարհելու։
Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։
Սիրելի՛ բարեպաշտ հայորդիք, բանա՛նք մեր հոգիին դռները, որպէսզի այնտեղ մշտապէս արձագանգէ Յարութեան խորհուրդը։ Զատկական այս տօնական օրին մեր հոգիները զարդարենք Յարութեան խորհուրդով, որպէսզի դէպի կեանք վերադառնանք առաւել զօրացած մեր քրիստոնէական հաւատքով ու կոչումով։ Բառեր չփնտռենք փորձել բացատրելու համար խորհուրդը Յարութեան, քանզի մարդկային տրամաբանութեան մէջ կարելի չէ սահմանափակել Ս. Յարութեան խորհուրդին անսահմանելիութիւնը։ Զուարթ հոգիներով յայտարարենք Ս. Յարութեան խորհուրդին բարի լուրը եւ այն ժամանակ պիտի զգանք նոր կեանքին շարժումը մեր ողջ էութեան մէջ։ Ահա այդ նոր ոգիի ճարտարապետն է Քրիստոս Իր Յարութեամբ, որուն հաղորդակցութեամբ երկնային լոյսով կը զարդարուի նաեւ մեր ողջ էութիւնը։
Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ