ԵՌՕՐԵԱՅ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որ ձօնուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս երանաշնորհ Գարեգին Ա.-ի (Յովսէփեանց) ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին։ Ծանօթ է, որ երջանկայիշատակ հայրապետը եղած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն։ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս միջազգային գիտաժողովը, որ ձօնուած էր «Եկեղեցի եւ պետութիւն Կիլիկեան Հայաստանի մէջ. հայեացք ներսէն եւ դուրսէն» նիւթին։ Եռօրեայ գիտաժողովը կազմակերպուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան կաճառի եւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան Գիտութեան պետական կոմիտէի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Սոյն գիտաժողովին մասնակցեցան Հայաստանէն եւ արտասահմանէն քսաներեք գիտնականներ։
Գիտաժողովի բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական եւ պաշտօնական մամուլի բաժիններու տնօրէն Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան։ Հարկ է նշել, որ այս գիտաժողովի աշխատանքին մասնակցեցաւ նաեւ ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան Քլոտ Մութաֆեան, որ Կիլիկիոյ շրջանին վերաբերեալ հեղինակաւոր մասնագէտ մըն է։