ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԸ

«Հայ­ճառ»ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գի­տա­կան քննար­կում մը։ Շա­հե­կան ե­րե­կոյթ մըն էր այս մէ­կը, ո­րու օ­րա­կար­գին վրայ կը գտնուէր հե­տաքրք­րա­կան նիւթ մը՝ հիւ­լէա­կան ու­ժա­նիւ­թը։ Ձեռ­նար­կի ա­տե­նա­խօսն էր Իս­թան­պու­լի Թեք­նիկ հա­մալ­սա­րա­նի Ու­ժա­նիւ­թի կա­ճա­ռէն Սե­ւան Կա­րա­պե­տօղ­լու։

Կո­կիկ թի­ւով հե­տաքրքիր­ներ մաս­նակ­ցե­ցան այս հա­ւա­քոյ­թին, ո­րու բաց­ման ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ «Հայ­ճառ»ի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ժան Կավ­րի­լօֆ։ Ա­ւե­լի վերջ Սե­ւան Կա­րա­պե­տօղ­լու հիւ­լէա­կան ու­ժա­նիւ­թին անդ­րա­դար­ձաւ դրա­կան ու բա­ցա­սա­կան ե­րե­սակ­նե­րով։ Ան մատ­չե­լի ձե­ւով բա­ցատ­րեց հիմ­նա­րար սահ­մա­նում­նե­րը, ա­թո­մի կա­ռու­ցուած­քը եւ նիւ­թին զա­նա­զան ե­րե­սակ­նե­րը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ Սե­ւան Կա­րա­պե­տօղ­լու մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ ա­թո­մա­կա­յան­նե­րուն եւ ա­ռօ­րեա­յի մէջ հիւ­լէա­կան ու­ժա­նիւ­թի օգ­տա­գործ­ման։

Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին Սե­ւան Կա­րա­պե­տօղ­լու պա­տաս­խա­նեց նաեւ ունկն­դիր­նե­րու բազմաթիւ հար­ցում­նե­րուն։

 

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015