ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՐՏԱԴՐՈՒՄԸ ՅՂԻ Է ՆԵՐՔԻՆ ՑՆՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԻՆ
Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ զրուցեցինք հրապարակագիր Կարպիս Փաշոյեանի հետ, որու խորհրդածութիւնները կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
-Այսօր Հայաստանի հասարակութիւնը կարծես թէ երկու հիմնական խնդիր ունի։ Առաջինը՝ պատերազմի ցնցումի վիճակէն դուրս գալն է, իսկ միւսը՝ քաղաքական կողմնորոշումը: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ընդհանուր իրավիճակը:
-Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի ծանրագոյն, աղիտալի վիճակի մէջ։ Քաղաքացիները վհատած են՝ կորսնցնելով հաւատքը անկախ պետութեան ապագային նկատմամբ։ Պատերազմի ցնցումը յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է գիտակցիլ, թէ ի՛նչ պատահած է։ Բայց, ցաւօք սրտի, աղէտի ծաւալները տակաւին ըստ պատշաճի չեն ընկալուած մեր միջավայրին մէջ։ Այլ խօսքով՝ մարդիկ դեռ չեն հասկցած, որ Հայաստան կործանարար հարուած մը առած է, ընդամէնը մէկ քայլ կը պակսի, որպէսզի ան դասակարգուի՝ որպէս ձախող պետութիւն։
-Յառաջիկայ արտահերթ ընտրութիւնները, ձեւով մը, նոր էջ մը պիտի բանա՞ն։ Տեսակէտ կայ, որ ընտրութիւններէն ետք մենք ականատես պիտի ըլլանք բոլորովին նոր «որակի», աւելի թոյլ տարողութիւն եւ քուէի ուժ ունեցող Նիկոլ Փաշինեանի մը։ Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին եւ արդեօք Փաշինեանի թուլացումը ներքին քաղաքական իրավիճակը աւելի կրնա՞յ սրել:
-Ընդհանուր առմամբ պատերազմի հետեւանքները պիտի չչէզոքանան այնքան ժամանակ՝ քանի դեռ վարչապետի աթոռը կը շարունակէ գրաւել Նիկոլ Փաշինեան։ Հայաստան չի կրնար հանգստութիւն գտնել անոր առաջնորդութեամբ։ Նոյնիսկ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի չծածկեն այն խոր անդունդը, որ կայ։ Ճիշդ է, ընտրութիւնը՝ որպէս քաղաքական գործընթաց, լարուածութեան որոշակի թուլացում է եւ այլընտրանք արիւնահեղութեան, բայց, այնուամենայնիւ, խնդիրը կը շարունակէ մնալ օրակարգային, որովհետեւ հաւանականութիւնը չափազանց մեծ է, որ գործող վարչակազմը վերարտադրուի։ Իսկ այդ մէկը ապակայունացման նոր վտանգ մըն է, որովհետեւ պետութեան գլխուն ծառացած պիտի մնան զանգուածային անկարգութիւններու, բռնութիւններու եւ ահաբեկչական գործողութիւններու սպառնալիքները։
Ցաւօք սրտի, հայաստանցիները ընտրութեան լայն հնարաւորութիւն չունին, ասպարէզի վրայ կան երկու գործիչներ՝ Փաշինեան եւ Քոչարեան, սեւերն ու սպիտակները, հերոսներն ու դաւաճանները։ Ժողովուրդը գերին է այս երկփեղկուածութեան, որ այնքան ալ զուտ քաղաքական չէ, այլ աւելի շատ՝ մտացածին։ Այս իրավիճակը կը ջախջախէ քաղաքական երկխօսութեան հաւանականութիւնը եւ այսպէսով կը խզէ քաղաքացիի օրկանական կապը պետութեան հետ։ Այս բոլորին առընթեր որոշակի այլընտրանք կրնան դառնալ երկու ուժեր. առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, Հայ Ազգային քոնկրէսի հետ միասին եւ «Լուսաւոր Հայաստան»։ Ասոնք այն եզակի առողջ ուժերն են, որոնք կրնան հաւասարակշռութիւն եւ համերաշխութիւն բերել պետութեան։ Ցաւօք սրտի, այս երկուքը ժողովրդականութեան, քաղաքական խարդաւանքներու, յօրինումներու եւ քաղաքական առեւտուրի շրջածիրէն ներս դեռ ըստ պատշաճի լսելի եւ ընկալելի չեն։
Պէտք է հաշուի առնել նաեւ, որ Փաշինեանի վերարտադրութիւնը կը բխի համաշխարհային ուժային կեդրոններու շահերէն եւ ան որոշ չափով համաձայնեցուած թեկնածուն է, որովհետեւ առաքելութիւն ունի կեանքի կոչելու անձնատուութեան հետեւանքով իր ստանձնած պարտաւորութիւնները։
-Օրեր առաջ մենք նկատեցինք, որ բաւական կրակոտ եւ հրձիգ յայտարարութիւններու կողքին, Ալիեւ կը խօսէր Հայաստանի հետ մշտատեւ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու մասին։ Առաջին անգամ է, որ Ալիեւի բերնէն նման յայտարարութիւն մը կը լսենք: Կարելի՞ է հաւատք ընծայել:
-Մինչեւ 27 սեպտեմբեր 2020-ը տարածքաշրջանին խաղաղութիւն տալու առաքելութիւնը կը պատկանէր Հայաստանին։ Վերջնականապէս տապալելով բանակցային գործընթացը ու դառնալով պատերազմի հրձիգներէն մէկը՝ Երեւան բաց թողեց այդ առիթը։ Այն ժամանակ Հայաստան յաղթող կողմն էր եւ կանգնած էր խաղաղութեան ու պատերազմի քաղաքակրթական երկընտրանքին առջեւ։ Հայաստան կարող էր փոխզիջումներու երթալ ու որպէս յաղթող՝ խաղաղութիւն թելադրել, բայց փոխարէնը արձանագրուեցաւ լրիւ հակառակը, որովհետեւ տիրապետած էին անզիջողութեան, առաւելապաշտութեան եւ ծաւալապաշտութեան հոսանքները։ Թերեւս այս էր Հայաստանի եւ Արցախի ջախջախման առաջնային պատճառը։
Իսկ հիմա յաղթողը Ատրպէյճանն է եւ տարածքաշրջանէն ներս խաղաղութիւն հաստատելու առաքելութիւնը արդէն իսկ կը վիճակի անոր։ Գնդակը Պաքուի դաշտին մէջ է։ Բայց, ինչպէս կը տեսնենք՝ Ալիեւ կուրացած է յաղթանակէն եւ ինչ-որ իմաստով կորսնցուցած է նաեւ իրականութեան զգացողութիւնը։ Անոր կը թուի, թէ ան ծունկի բերած է հայ ժողովուրդը ու այդ պատճառով ինչ որ ուզէ՝ կրնայ ընել։ Այսինքն, Ատրպէյճան կը կրկնէ Հայաստանի սխալը՝ բացառելով Հայաստանի վերականգնման եւ նորէն ոտքի կանգնելու հեռանկարը։ Անոնք չեն հասկնար պատմական փորձառութենէն բխող այն յայտնի ճշմարտութիւնը, թէ կարելի չէ հակառակորդը մինչեւ վերջ նուաստացնել ու ոչնչացնել, որովհետեւ այդպէսով անոր մէջ վրէժի եւ վրէժխնդրութեան տրամադրութիւններ կը հրահրես։
Մեծ հաշուով, Պաքուի մէջ վերջերս բացուած ֆաշիզմի եւ այլատեացութեան պուրակի մշակութային ծիրէն ներս, Ալիեւի՝ խաղաղութեան մասին յայտարարութիւնները որեւէ արժէք չունին։ Խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է շինիչ եւ լայնախոհ միջավայր մը, ինչ որ դեռ չկայ։ Բայց, ամէն պարագայի, Հայաստանի առողջ ուժերը չեն կորսնցուցած ակնկալիքը, թէ Ատրպէյճան լուրջ քայլերու կը ձեռնարկէ Հարաւային Կովկասը կայուն եւ խաղաղ տարածքաշրջան մը դարձնելու համար։ Ճիշդը՝ ներկայիս տարածքաշրջանի անվտանգութեան համակարգի երաշխաւորը Ռուսաստանն է, բայց, միեւնոյնն է, անոր բոլոր ջանքերը ապարդիւն կ՚ըլլան, եթէ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը իրարու ընդառաջ չերթան։
-Մենք կը դիտարկենք, թէ ի՛նչ կը կատարուի Հարաւային Կովկասի մէջ։ Գաղտնիք չէ, որ Թուրքիա՝ որպէս տարածքաշրջանի կարեւոր դերակատարներէն մին, կը փորձէ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալ։ Այս ամբողջին մէջ քաղաքական որոշ շրջանակներ միտք կը յոգնեցնեն հայ-թրքական թնճուկին վրայ։ Հայաստանի մէջ այս առումով կան տարբեր խօսոյթներ։ Դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ բոլորը։ Միւս կողմէ, կը նկատենք նաեւ, որ Թուրքիա այդքան ալ հետաքրքրուած չէ հայկական օրակարգով: Ճիշդ է՝ Հայաստանի արմատական ընդդիմութիւնը զանազան առիթներով կը յայտարարէ, որ Փաշինեանի սպառած իշխանութիւնը կը փորձէ Թուրքիոյ հետ լեզու գտնել։ Բայց, իրականութեան մէջ, մինչեւ այս պահը, այդպիսի օրակարգ մը չէ ձեւաւորուած Թուրքիոյ մէջ: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը:
-Պէտք չէ խուսափիլ իրականութենէն ու դարձեալ իյնալ հեքիաթներու գիրկը։ Անհրաժեշտ է հաշուի նստիլ այն փաստին հետ, թէ Թուրքիա տարածքաշրջանային տէրութիւն մըն է եւ անոր ներկայութիւնը անանտեսելի է թէ՛ Հարաւային Կովկասի եւ թէ ամբողջ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքէն ներս։ Ուզենք կամ ոչ՝ այդպէս է։ Ի հարկէ, մենք կրնանք դարձեալ փակուիլ ու պարփակուիլ մեր «միջնաբերդ»ին մէջ եւ չնկատել մեր շուրջ ստեղծուած աշխարհը, բայց այսպէսով իրերու դասաւորումը չի փոխուիր։ Խնդիրը այն է, որ այդ մօտեցումը վերստին կրնայ աղէտի մը պատճառ դառնալ։ Իսկ աղէտէն խուսափելու լաւագոյն տարբերակը Անգարայի հետ դիմակայութեան մէջ մտնելը չէ, այլեւ թուրքերու հետ խօսիլն է։ Հայաստան մէկ կողմէ պէտք է խորացնէ ռազմաքաղաքական համագործակցութիւնը Ռուսաստանի հետ, իսկ միւս կողմէ ալ երկխօսութեան մէջ պէտք է մտնէ Թուրքիոյ հետ՝ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար։
Ի հարկէ, այս նախաձեռնութիւնը պէտք չէ կատարուի դատարկ տարածութեան վրայ, այլ պէտք է ըլլայ Անգարայի ազդանշաններու եւ պատրաստակամութեան համապատասխան։ Ի հարկէ, այս գործընթացը պէտք է կեանքի կոչել Հայաստանի տնտեսական եւ ռազմաքաղաքական անվտանգութիւնը հաշուի առնելով եւ համապատասխան հանգամանքները գիտակցելու ծիրէն ներս։
-Ձեր կարծիքով, Հայաստան ի վերջոյ ի՞նչ քայլերու պէտք է դիմէ՝ նոր ձեւաւորուող Կովկասէն ներս իր տեղը ապահովելու, իր անվտանգութիւնը պահպանելու, նաեւ զարկ տալու համար երկրի բարգաւաճման գործընթացին:
-Ընդամէնը անհրաժեշտ է ուշադրութեան առարկայ դարձնել հետեւեալ հեռանկարը։ Ռուսաստան Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցն է եւ անվտանգութեան երաշխաւորը, բայց, յարափոփոխ այսօրուայ աշխարհին մէջ օր մը կրնայ ստեղծուիլ այնպիսի իրավիճակ մը, երբ ռուսերը հարկադրաբար կրնան հեռանալ տարածքաշրջանէն, ինչպէս եղած էր 20-րդ դարասկիզբին։ Ի՞նչ պիտի ընէ Հայաստան այդ ժամանակ։ Ի հարկէ, սա մօտաւոր ապագայի տեսակէտէ քիչ հաւանական է, բայց, պետութիւն մը լուրջ է այնքանով, որքանով կը կարողանայ հաշուի առնել ու կանխատեսել որեւէ հեռանկար։ Կը կարծեմ, թէ Հայաստանի անվտանգութեան հիմնական միջոցը արժանապատիւ երկխօսութիւնն է հարեւաններուն հետ։
Նոյնը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։ Այսքան տարի մենք չենք փորձած նկատել Անգարայի ներկայութիւնը այդ հակամարտութեան մէջ։ Այս կուրութիւնը ի հարկէ սառը ցնցուղ էր, որուն մենք ենթարկուեցանք Արցախի երկրորդ պատերազմին ժամանակ։
Ըսուածներէն կը հետեւցնենք, որ Թուրքիան վճռականօրէն ներկայացուած պիտի ըլլայ նաեւ ապագայ բանակցութիւններուն մէջ՝ յատկապէս այն պատճառով, որ իրաւական տեսանկիւնէն Ռուսաստան խաղաղապահները տեղակայած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ։
Ռուս-թրքական արդի մերձեցումէն պէտք չէ խաբուիլ։ Ընդհանրապէս Ռուսաստան-Թուրքիա երկարաժամկէտ բարեկամութիւն հնարաւոր չէ պատկերացնել։ Անոնք առաջին հերթին տարածքաշրջանային մրցակիցներ են, անոնց շահերը բախումի մէջ են գրեթէ ամէնուր՝ Սուրիայէն մինչեւ Խրիմ, Լեռնային Ղարաբաղէն մինչեւ Թաշքենթ։ Պարզապէս Ռուսաստան Թուրքիոյ համար պատմութեան ընթացքին միշտ դիտարկուած է՝ որպէս ժամանակաւոր այլընտրանք, երբ խնդիրներ յառաջանան Արեւմուտքի հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 12/02/2024