«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՍԱՏԱՆԱՆԵՐԷՆ ԲՆԱԿՈՒԱԾՆԵՐԸ ԿԸ ԴԻՄԱԴՐԵՆ ԲՈԼՈՐ ՏԵՍԱԿԻ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

-Ո՜վ Ռոնտա. ինչպէ՞ս կարելի է զանազանել հոգեկան հիւանդի մը եւ սատանայական ազդեցութեան տակ գտնուողի մը միջեւ:

-Այդ բանը կրնայ զանազանել պարզ եւ հմուտ հոգեբոյժ մը: Արդարեւ, անոնք որոնք սատանաներէ կը տառապին, կը սկսին դողալ, երբ որեւէ մէկ սուրբ բանի մօտենան, եւ այսպիսով երեւան կու գայ իրենց ինչ ըլլալը: Եթէ անոնց սուրբ ջուր տաս, կամ սուրբ մասունքներով խաչակնքես անոնց վրայ՝ կը դիմադրեն, եւ հակառակն ալ ճիշդ է, եթէ հոգեկան հիւանդութենէ մը կը տառապին: Հսկումի մը ընթացքին, որ Սուրբ Լերան վրայ կը կատարուէր, հայրերը տեղեկացուցին ինծի, թէ կը կասկածին, որ աշխարհիկ մարդու մը մէջ սատանաներ կը բնակին: Անոր կողքի աթոռին նստայ եւ այնպէս ըրի, որ Սուրբ Խաչի մասունք մը պարունակող խաչ մը անոր դպնայ վերէն: Անմիջապէս ցնցուեցաւ, կանգնեցաւ ու հեռու նստաւ ինձմէ: Երբ եկեղեցին դատարկուեցաւ -կամ դատարկուելու վրայ էր- աշխարհականներէն, անոր մօտէն անցայ եւ դարձեալ անմիջապէս ցնցուեցաւ ու կանգնեցաւ, հասկցայ, որ անոր մէջ սատանայ կայ:

Երբ խուցս երեխաներ կը բերեն իմանալու համար, թէ սատանայական ազդեցութիւն ունին, որոշ ձեւ մը որդեգրած էի ճշդելու համար: Մէկ ձեռքիս մէջ Սուրբ Արսանիոս Կապադովկիացիին մասունքներէն կը պահէի ու երկու ձեռքերս կը փակէի: Սատանայէն բնակուած երեխան վախով ու սարսափով կը նայէր մասունքները եղող ձեռքիս: Իսկ եթէ սատանայէն բնակուած չէ, բնաւ չէր ազդուեր: Երբեմն ալ անոնց ջուր կու տայի՝ ուր սուրբ խաչը մտցուցած կ՚ըլլայի, կամ ծաղիկներ, կամ անուշահոտ, զորս կը պահէինք Սուրբ Խաչի կամ Աւագ Ուրբաթի օրերէն, կամ ալ ձիթենիի ճիւղ մը Ծաղկազարդի օրէն, որով անոնք որոնք սատանաներ ունէին, չէին խմեր ու կը հեռանային:

Անգամ մը, երեխայի մը քաղցրեղէն տուի եւ ապա այդ ջուրէն տուի, որպէսզի իր ծարաւը յագեցնէ: Այդ ջուրէն քիչ մը խմելէն ետք սկսաւ գոռալ.

-Այս ջուրը կ՚այրէ զիս, ի՞նչ դրած ես անոր մէջ:

-Ոչինչ, պատասխանեցի անոր:

Շարունակեց գոռալ ու ըսել.

-Կ՚այրէ զիս:

Այն ատեն հասկցուցի իրեն, թէ ջուրը զինք չէ որ կ՚այրէր, այլ ուրիշի մըն է, որ կ՚այրէ. ապա խաչակնքեցի անոր վրայ, որով փոթորիկին մէջ թերթի մը նման սատանայական կաթուած ստացաւ եւ գնդակի մը նման սկսաւ գլորիլ:

ՍԱՏԱՆԱՅԷ ԲՆԱԿՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ՉԵՆ

-Ո՜վ Ռոնտա. պէտք է զգո՞յշ ըլլալ սատանայէ բնակուածի մը հետ խօսած ժամանակ:

-Պէտք է աղօթենք եւ արդարութեամբ վարուինք անոր հետ:

-Ո՜վ Ռոնտա. սատանաներէ բնակուածները կը յիշե՞ն, թէ ինչեր կը խօսին նոպաներու ժամանակ:

-Ոմանք կը յիշեն, իսկ ոմանք կը մոռնան: Մենք չենք գիտեր, թէ Աստուած ինչպէ՞ս կը գործէ: Կրնայ ըլլալ, որ Աստուած արտօնէ սատանաներէ բնակուածներուն յիշեն իրենց ըսածները, որպէսզի խոնարհին ու զղջան: Երբ սատանայէ բնակուածը բան մը կը խնդրէ, ապա դժուար է մարդուն համար զանազանել, թէ ե՞րբ սատանայէն է այդ խնդրանքը եւ ե՞րբ խնդրանքը ուղղակիօրէն տուեալ մարդէն է:

-Ո՜վ Ռոնտա. ինչպէ՞ս կրնանք զանազանել երբ մարդ որոշ կարիքի մը համար կը խօսի, կամ ե՞րբ սատանան է, որ այդ մարդուն միջոցով կը խօսի:

-Շրթունքներուն նայէ. սատանան երբ կը խօսի, ապա մարդուն շրթունքները բնական կերպով չեն շարժիր, այլ՝ մեքենայական: Իսկ եթէ մարդն է խօսողը, ապա անոր շրթունքները բնական կը շարժին: Երբ սատանայ ունեցած մարդ մը կը գոռայ, ու երբ այն ատեն ուրիշները կ՚աղօթեն եւ յատկապէս սատանաները վռնտելու աղօթքը կ՚աղօթեն, ապա այդ մարդուն հոգին կը չարչարուի ու կը հրամայէ սատանային, որպէսզի երթայ ու այդտեղ չմնայ: Կրնայ պատահիլ նաեւ, որ սատանան կը հայհոյէ մարդուն, կամ քահանային, կամ Յիսուսին, կամ Աստուածամօր եւ սուրբերուն: Երբեմն ալ սուտ բաներ կամ հոգեւոր բաներու մասին կը խօսի, եւ երբեմն ալ նոյնիսկ կը ստիպէ ճշմարտութիւնը ըսել Յիսուսի անուան զօրութեամբ:

Խառն հարցեր են: Պէտք է զգոյշ ըլլաս՝ սատանայէ բնակուածի մը հետ խօսած ժամանակ: Անոր բառերուն կարեւորութիւն մի՛ տար եւ սատանային հետ փորձարկումներ մի՛ ըներ եւ ո՛չ ալ անոր խօսածին հաւատայ, որպէսզի չմոլորիս:

-Ո՜վ Ռոնտա. սուրճին եւ սատանայէ բնակուած անձին հակադարձութիւններուն միջեւ առընչութիւն կա՞յ:

-Երբ ջղային դրութիւնը խանգարուած է եւ մարդ շատ սուր կը խմէ, ապա անոր ջիղերը աւելի կը խանգարուին, որով սատանան կ՚օգտագործէ այս պարագան: Այս մէկը չի՛ նշանակեր, որ սուրճը սատանայական բան է, այլ՝ սատանան իր ազդեցութիւնը կը կեդրոնացնէ ջիղերուն, որով չարէն բնակուածը երթալով աւելի վատ դրսեւորումներ կ՚ունենայ:

ՍԱՏԱՆԱՆԵՐԸ ԲՆԱԿԵՑՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ Կ՚ՕԳՆԵՆ

-Ո՜վ Ռոնտա. կարգ մը գիրքերու մէջ յիշատակուած է, թէ սատնանա արմատ կը նետէ բնակեցուածին մէջ, սակայն ան չ՚ուզեր, որ տուեալ մարդը գիտակցի ատոր, որպէսզի իր դէմ աղօթքով չպատերազմի: Այս մէկը ճի՞շդ է:

-Այո, որովհետեւ սատանան իրաւունք ունի որոշ ժամանակ մը մնայ բնակեցուածին մէջ՝ փորձելով պահուըտած մնալ: Մինչ աղօթքը կը ճնշէ անոր վրայ եւ կը ստիպէ, որպէսզի դուրս գայ: Աղօթքը սատանային դէմ գործօն զէնք եւ ծանր հրետանի է:

Օր մը խուցս երիտասարդի մը բերին՝ ով չար ոգիէ կը տառապէր, եւ անդադար Յիսուսի աղօթքը կը կրկնէր: Անոր հայրը վանական էր. ան իր վանականի հագուստը հանեց ու ամուսնացաւ, այս խեղճին սատանայէն բնակուած զաւակ մը ծնաւ: Այս բանը Աստուած կարգադրեց, որպէսզի զաւակը վարձք ստանայ եւ հայրը՝ փրկուի, եւ որպէսզի վանականները՝ որոնք իրենց հագուստը կը հանեն, մեզի՝ մեր անձերը զըս-պող վանականներուս համար օրինակ ըլլան, որով նման քայլի չենք դիմեր, այլ՝ կը համբերենք: Անգամ մը սատանան տիրեց վրան, որով սկսաւ հաւի նման բարձր ձայներ հանել: Ըսի անոր.

-Ի՞նչ պատահեցաւ քեզի:

Այն ատեն երբ միտքիս մէջէն կ՚աղօթէի՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով դուրս ե՛լ պիղծ ոգի Աստուծոյ այս արարածէն: Այն ատեն սատանան գոռաց.

-Ես կ՚ուզեմ ելլել, որովհետեւ այս մարդը կը չարչարէ զիս իր յարատեւ աղօթքներով: Կ՚ուզեմ Պակիստան երթալ՝ հանգիստ փնտռելով:

-Ո՜վ Ռոնտա. սատանան ինչո՞ւ դուրս չէր ելած, հակառակ պատանիին բազմաթիւ աղօթքներուն:

-Կրնայ ըլլալ, որ պատանին կարգ մը իրաւունքներ տուած է սատանային:

-Ո՜վ Ռոնտա. ի՞նչ աղօթք պէտք է ըսուի սատանայէ բնակուածի մը վրայ:

-Նախեւառաջ պէտք է զԱստուած փառաւորես. «Շնորհակալութիւն, Աստուած իմ, որովհետեւ կ՚օգնես ինծի, այլապէս կրնար պատահիլ, որ անոր տեղ ես ըլլայի ու իմ մէջս բազմաթիւ սատանաներ բնակէին. կ՚աղաչեմ  քեզի, որ շատ չարչար-ւած արարածիդ օգնես»: Սկիզբը սիրտէն բխած աղօթք կը բարձրացուի եւ ապա կը շարունակուի աղօթքը.

-Ո՜վ Տէր Յիսուս Քրիստոս, ողորմէ ծառայիդ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 33

15 ապրիլ 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021