ԼԵՌՆԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՆՈՐ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ. ՍԻՒՆԻՔԻ ՀԱՐՑԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՆԹԱԽՈՐՔԸ

Սիւնիքի մէջ լարուած, սակայն կայուն իրավիճակը տակաւին չէ փարատած։ Ատրպէյճան ինչ-ինչ «անհիմն» պատճառներով ու անտեսելով մինչ այդ առկայ «լռելեայն համաձայնութիւններ»ը՝ Հայաստան ներթափանցած է Սիւնիքի Իշխանասար բլուրի կողմէն ու դիրքաւորուած՝ «Սեւ լիճ» յայտնի աւազանին մօտ, որ այդ շրջանի հիմնական, անհրաժեշտ ջրային պաշարն է։

Անկախ ամէն ինչէ, այսօր առհասարակ ամբողջ հայութեան համար հիմնարար օրակարգ կը շարունակէ մնալ Հայաստանի, նաեւ Արցախի անվտանգութեան խնդիրը։ Սա, անշուշտ, փոխկապակցուած է Արցախի 44-օրեայ պատերազմի աւարտին հայկական կողմի կրած ծանր պարտութեան, ենթարկուած վնասներուն, հողային ու եկեղացական-քաղաքացիական կառոյցներու կորուստներուն հետ։ Այս բոլորը Հայաստանը դարձուցին աւելի խոցելի ու տեղ մըն ալ՝ այդ խոցելիութիւնը բացաւ նոր եւ խորքային հարցադրումներով Փանտորայի անյատակ տուփին առաջին շերտը։ Հայութեան համար գերխնդիր դարձաւ անվտանգութեան օրակարգը ու այդ պատճառով է նաեւ, որ անցնող 9 նոյեմբերին ստորագրուած եւ ձեւով մը «պարտադրեալ» համաձայնութեան երկրորդ օրէն իսկ շրջանառութեան մէջ մտաւ Սիւնիք աշխարհի եւ ռազմավարական առումով կարեւոր յենասիւն համարուող՝ անոր շրջակայքի անվտանգութիւնը։

Այստեղ կարեւոր է՝ Ռուսաստանի հովանաւորութեամբ պատրաստուած եւ հայկական կողմին տեսակէտէ անձնատուութեան համազօր նոյեմբերեան փաստաթուղթը, որու վերաբերեալ գործընթացներուն կարեւոր մասնակցութիւն ունեցաւ ու տակաւին պիտի ունենայ Թուրքիան։ Այդ փաստաթուղթը կը պարունակէր հիմնարար կէտեր՝ կապուած տարածքաշրջանէ ներս «ապաշրջափակում»ներու։ Այս դրոյթը բոլոր առումներով պիտի ծառայէ ո՛չ միայն ձեռք բերուած խաղաղութեան ամրացման, այլ նաեւ տեղ մը աւելիով պիտի խորացնէ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու ընդհանուր պատկերը։ Ճիշդ է, որ այդ ապաշրջափակման առընթեր կարեւոր առնելիք պիտի ունենայ Ատրպէյճան, որ օգնութեամբ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի «օրհնութեամբ»՝ պիտի կարողանայ ցամաքային ճանապարհ մը ունենալ դէպի Նախիջեւան։ Միւս կողմէ ալ այսպէսով ան պիտի ապահովէ իր կազամուղներու անվտանգ երկարումը՝ մինչեւ Վրաստանի ծովափերը։

Այստեղ կրնայ պատահիլ, որ տարբեր առումներով տեղի ունենան չնախատեսուած կամ հաշուի չառնուած փոփոխութիւններ, սակայն, ընդհանուր առմամբ, «Նոր Կովկաս» հասկացութեան հիմքը կը համարուին նաւթային եւ նոյնիսկ ջրային տեղաշարժերը։ Ու այս բոլորի լոյսին տակ միշտ ցաւալի է, որ Հայաստան պատրաստ չէ որեւէ նմանօրինակ ծրագրի ընկալման՝ իր անճարակ եւ ապաշնորհ իշխանութեան ու ենթարկուած հարուածներուն հետեւանքով։ Պատրաստ չէ ո՛չ միայն Նիկոլ Փաշինեանի անհեռատես, անձնակեդրոն եւ հիմնովին ապաշնորհ կառավարման պատճառով, այլ նաեւ՝ անոր համար, որ անցեալ տասն-քսան տարիներուն Հայաստանի քաղաքական հանրութեան ներքին խոհանոցներուն մէջ պատրաստուած միակ դեղատոմսը «Մենք յաղթած ենք» հռետորաբանութեան հետ կապուած է։ Այսօր սա ո՛չ միայն վիրաւոր վիճակ մը ունի, այլեւ բոլոր առումներով տապալած է։

Վերադառնալով Սիւնիքի վերջին իրադարձութիւններուն ու փորձելով ամփոփել առկայ ընդհանուր իրավիճակը՝ հարկ է նշել, որ Ատրպէյճանի ուժերը ո՛չ միայն կը շարունակեն մնալ իրենց «ձեռք բերած» շրջաններուն մէջ, այլեւ փորձած են աւելիով ամրացնել իրենց դիրքերը։ Քաղաքական եւ մանաւանդ անվտանգութեան շեշտադրումներով Փաշինեան դիմած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին, նաեւ ՀԱՊԿ-ին (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն)։ Այս դիմումները ցարդ կը մնան անպատասխան։

Երկրի ընդդիմութիւնը, որ Սիւնիքի խնդրով ալ աւելի վաղ հանդէս եկած էր եւ զգուշացուցած՝ որ Փաշինեանի իշխանութեան գլուխ մնալուն հետեւանքով Հայաստան կրնայ եւս տարածքներ կորսնցնել, կը մեղադրէ իշխանութիւնները ո՛չ միայն անգործութիւնով, այլ նաեւ սահմանները չպաշտպանելու անհասկնալի կեցուածքով։ Այս պատկերը հասկնալէ յետոյ աւելի քան պարզ կը դառնայ, որ Սիւնիքի հարցը միայն տեղայնական, քանի մը քիլօմեթր առջեւ երթալու-չերթալու բնոյթ մը չունի։ Այստեղ կան քաղաքական ենթաթեքստեր, որոնք տարբեր առումներով ալ աւելի յստակ կերպով կրնան ընդգծուիլ յառաջիկայ ժամանակներուն։ Կրնան ընդգծուիլ, որովհետեւ այդ դէպքերուն մէջ հիմնական խօսք ունի ըսելիք Մոսկուան, որ իր խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատովի գլխաւորութեամբ «կը վարէ» Սիւնիքի իրադարձութիւններուն շուրջ սկսած փակ բանակցութիւնները։

Ամէն պարագայի յառաջիկայ օրերը, աւելի ճիշդը՝ նոյնիսկ ժամերը աւելի յստակ պիտի դարձնեն ընդհանուր պատկերը։ Չի բացառուիր, որ նոյնիսկ ռազմական գործողութիւններ սկիզբ առնեն եւ այդ հիմնաւորումով ալ երկրին մէջ յայտարարուի «ռազմական դրութիւն»։ Այսպէսով բոլորին համար յուսալի արտահերթ ընտրութիւններու նիւթը ժամանակաւորապէս կամ ընդհանրապէս դուրս կրնայ մնալ շրջանառութենէ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 17, 2021