ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԱ.

ԴԱՐՁԵԱԼ [ՏԱԹԵՒԱՑԻԻ] ՀԱՒԱՔՈՒՄԸ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻ ՄԵԿՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՏՈՐԻՆ

Խօսք. «Հիւանդ մէկը կար, Ղազարոս անունով, որ Բեթանիայէն էր» (Յհ 11.1):

Մեկնութիւն. ասիկա ըստ կարգի տասնմէկերորդ գլուխն է եւ առաջինը՝ ըստ հատորի, եւ այս խօսքին մասին վեց բան գիտելի է.

Առաջին. կարգը գիտելի է, որովհետեւ Աւետարանիչը նախ ցոյց տուաւ, որ Քրիստոսի մէջ կենդանարար զօրութիւն կայ, ու զայն ցոյց տուաւ Քրիստոսի խօսքէն, ըստ այնմ, որ ըսաւ. «Ե՛ս եմ դուռը, Հովիւը. որոնք կը լսեն Ինծի, անոնց կեանք կու տամ» (Հմմտ. Յհ 10.9, 11, 27-28). իսկ այստեղ նոյն բանը կը ցուցնէ նշաններու գործով, ինչպէս Ղազարոսին գերեզմանէն յարուցանեց, այդ պատճառով կը ճառէ. «Հիւանդ մէկը կար, Ղազարոս անունով», եւ այլն:

Երկրորդ. գիտելի է, թէ ով գթութեամբ Աստուծոյ կը հաւասարի, Աստուած է, իսկ Քրիստոս գթութեամբ Աստուծոյ կը հաւասարի, հետեւաբար Քրիստոս Աստուած է:

Իսկ Քրիստոսի գթութիւնը չորս կերպով կ՚երեւի. նախ՝ Բեթանիա գալովը Ղազարոսին համար: Երկրորդ՝ Մարթայի եւ Մարիամի խօսքով, որոնք կ՚ըսէին. «Տէ՜ր, եթէ հոս ըլլայիր, եղբայրս չէր մեռներ» (Յհ 11.21): Երրորդ՝ Քրիստոսի արցունքներուն համար, որ Ղազարոսի համար լացաւ (Հմմտ. Յհ 11.35): Չորրորդ՝ մահուան ընդունելութիւնը մարդոց փրկութեան համար Կայափայի մարգարէութեան համաձայն, որ այս գլուխին մէջ կը յիշէ:

Երրորդ. գիտելի է, թէ այստեղ երեք բաներու մասին կը խօսուի. նախ՝ Ղազարոսի անբժշկելի հիւանդութեան մասին: Երկրորդ՝ անոր մահը ստուգուած կը ցուցուի, այնտեղ. «Երբ լսեց, թէ հիւանդացած է» (տե՛ս Յհ 11.6): Երրորդ՝ անոր յարութեան մասին կը խօսուի, այնտեղ՝ «Յիսուս երբ տեսաւ զինք, թէ կու լար» (Յհ 11.33): Դարձեալ՝ առաջին մասը երկուքի կը բաժ-նըւի, որովհետեւ նախ անոր հիւանդութեան մասին կը խօսուի, ինչպէս կ՚ըսէ. «Հիւանդ մէկը կար Ղազարոս անունով» (Յհ 11.1): Երկրորդ՝ անոր հիւանդութեան մասին Քրիստոսի կը պատմուի, այնտեղ. «Ղազարոսի քոյրերը մարդ ղրկեցին Յիսուսի մօտ» (Յհ 11.3):

ԹԷ ՔԱՆԻ՞ «ԵՒ» ԿԱՅ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ՄԷՋ

Չորրորդ. գիտելի է, թէ եւ-ն Սուրբ Գիրքին մէջ երեք տեղ կը դրուի. նախ՝ խօսքին սկիզբը, ըստ այնմ. «Եւ այսպէս պատահեցաւ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը» (Մտ 1.18): Երկրորդ՝ մէջտեղը, ըստ այնմ. «Տէրը բարութիւն կ՚ընէ բարիներուն եւ անոնց որոնք սիրտով ուղիղ են» (Սղ 124.4): Երրորդ՝ վերջաւորութեան, ըստ այնմ. «Տէրը յաւիտեանս յաւիտենից Թագաւոր է, եւ աւելի եւս» (տե՛ս Սղ 9.16), եւ ամէն տեղ երկու դէմք կը նշանակէ, նոյնպէս այս «եւս»ը երկու դէմք կը նշանակէ, այսինքն՝ հիւանդութեան, որ կայ, որ կ՚առողջանայ եւ կայ՝ որ կը մեռնի: Իսկ այս հիւանդութիւնը մէկու մըն էր, այսինքն՝ առանձնակի երկուքէն, որովհետեւ ո՛չ կ՚առողջանայ եւ ո՛չ կը մեռնի, ինչպէս ուրիշները, մինչեւ օրուան աւարտը, այլ՝ երկուքին մէջտեղն է:

Հինգերորդ. գիտելի է ըստ այլաբանութեան, մէկը մարդոց բնութիւնը կ՚ըսէ, քանի որ առանձին է իմանալիներուն եւ զգալիներուն միջեւ: Հիւանդ՝ մեղքերուն, Ղազարոս՝ օգնութիւն ստացած, Բեթանիա՝ սուգի տուն, Մարիամ՝ մխիթարել կամ լուսաւորել, Մարթա՝ տէրունի, Յիսուս՝ Փրկիչ: Այս մեկնաբանութեամբ կ՚իմացուի, թէ մարդկային բնութիւնը հիւանդացած էր եւ մեղքերով մեռած աշխարհի սգոյ տան մէջ, Փրկիչը եկաւ ու տէրունական գալուստով փրկեց մեզ, եւ մխիթարեց, եւ լուսաւորեց, ու մահէն փրկեց:

ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Վեցերորդ. գիտելի է, թէ ոմանք յիմարաբար կ՚երկբային, տեսնելով Քրիստոսի սիրելիները փորձութիւններու եւ նեղութիւններու մէջ ինկած, որ հինգ պատճառով կ՚ըլլայ. նախ՝ որպէսզի Քրիստոսի խօսքը կատարուի, որ ըսաւ. «Երանի՜ ձեզի, երբ նախատեն ու հալածեն ձեզ» (տե՛ս Մտ 5.11), եւ թէ «դուք այս աշխարհին չէք պատկանիր» (հմմտ. Յհ 17.16), այդ պատճառով ձեզ չեն սիրեր, եւ այլն: Երկրորդ՝ ինչպէս պատերազմը զօրաւոր դղեակի վրայ կ՚ըլլայ եւ ո՛չ թէ դիւրին դաշտի մը մէջ, այդպէս ալ սատանան միշտ ամենէն զօրաւորներուն դէմ կը պատերազմի, որոնք հաւատքով եւ գործով ամրացած են: Երրորդ՝ եթէ փոշիի նման սխալներով մարդ ըլլայ, անով մաքրուի, ինչպէս արծաթը հնոցին մէջ: Չորրորդ՝ քանի ան որ ուրիշներուն կը քարոզէ աշխարհի հեշտութիւնները ձգել, պէտք է ինքն ալ այդպէս ըլլայ: Հինգերորդ՝ որովհետեւ յոյսը հաստատապէս ունի, թէ ինչպէս Իր սիրելի Ղազարոսին կեանք պարգեւեց, այդպէս ալ մեզի յաւիտենական կեանք պիտի պարգեւէ:

Այսքանը այս մասին:

Բեթանիա վայրը կը յիշէ պատմութեան ստուգութեան համար.

Խօսք. «Մարիամի գիւղէն» (տե՛ս Յհ 11.1):

Մեկնութիւն. երկու պատճառով քոյրերուն գիւղը կ՚ըսէ, նախ՝ ըստ Ոսկեբերանին. «Որովհետեւ անոնք ողջ էին, պատշաճ էր անոնց՝ քան մեռելներունը կոչել», իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ հարսնութեան դրամօժիտ տրուած էր անոնց, այսինքն՝ փեսային բաժինները: Դարձեալ՝ այն կը ցուցնէ, թէ այն գիւղին մէջ կը բնակէին երկու քոյրեր՝ Մարիամ եւ Մարթա, ուր Ղազարոս՝ անոնց եղբայրը հիւանդ էր, եւ հասարակ հիւանդներուն նման չէր, այլ՝ անբուժելի ախտով բռնուած էր:

ՄԱՐԻԱՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՕԾՈՂ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Ասիկա այն Մարիամն էր, որ իւղով օծեց Տիրոջ ոտքերը եւ մազերով սրբեց» (Յհ 11.2):

Մեկնութիւն. բազմաթիւ կիներ Մարիամ կը կոչուէին, այդ պատճառով ասիկա միւսներէն կը զանազանէ, որովհետեւ Աւետարանը վեց Մարիամ կը յիշէ. նախ՝ Աստուածածին Կոյսը: Երկրորդ՝ Կղէոբայի Մարիամը, որ Տիրամօր մօրաքոյրն էր: Երրորդ՝ փոքր Յակոբի եւ Սիմոնի մայր Մարիամը, որ Յովսէփի կինն էր: Չորրորդ՝ Ղազարոսի քոյրը: Հինգերորդ եւ վեցերորդ՝ մագդաղենացի Մարիամները:

Իսկ զՔրիստոս օծելը չորս բան կը ցուցնէ. նախ՝ կատարեալ սէրը որ ունէր Քրիստոսի նկատմամբ: Երկրորդ՝ անհամեմատ երախտիքներուն շնորհակալ կ՚ըլլար: Երրորդ՝ խոնարհութեամբ կ՚երկրպագէր՝ գլուխը գարշապարին վրայ դնելով: Չորրորդ՝ որովհետեւ արտաքին բոլոր հանդերձանքներէն աւելի պատուականագոյն էր գլուխին աճած մազերը:

Սակայն, օծող կիներու պարագան կասկածելի է բոլոր վարդապետներուս համար չորս պատճառով. նախ՝ քանի որ առաջին վարդապետներէն ոմանք կ՚ըսեն, թէ զՔրիստոս օծող կիները երեքն են՝ այլ եւ այլ կիներ. տարբեր Մատթէոսինը եւ տարբեր՝ Մարկոսինը, որովհետեւ անոնք երկու օր առաջ ըսին քան Զատիկը ըլլալը, եւ տարբեր՝ Յովհաննէսինը, քանի որ վեց օր առաջ էր, եւ տարբեր՝ Ղուկասինը, քանի որ ժամանակով առաջ էր եւ կինը պոռնիկ [էր]:

Երկրորդ. ոմանք կ՚ըսեն, ինչպէս Ոսկեբերանը. «Երկուքն են, -կ՚ըսեն-, կիները, իսկ աւետարանիչներունը՝ երեք, Սիմոնի տանը, իսկ միւսը Յովհաննէսինը կ՚ըսէ, քանի որ ասիկա պարկեշտ կին էր, եւ միւսը՝ մեղաւորը»:

Երրորդ. ոմանք, ինչպէս մեր Հայ ազգին Իգնատիոս Վարդապետը, այսպէս կ՚ընդդիմանայ. «Որովհետեւ այն, որ Մատթէոսը, Մարկոսն ու Յովհաննէս կ՚ըսեն, մէ՛կ է, -կ՚ըսէ-, երեքին ժամանակին ու խօսքերուն համար, իսկ Ղուկասը ուրիշի մը մասին կ՚ըսէ չորս պատճառով. նախ՝ քանի որ փարիսեցիի տուն էր, երկրորդ՝ պոռնիկ կին, երրորդ՝ չարչարանքներուն տակաւին մօտիկ չէր, չորրորդ՝ ոմքան, ինչպէս լատինները, “մէկ” է կ՚ըսեն օծողը, որ չորսն ալ կը յիշեն, սակայն երկու անգամ. մէկը այն, որ Ղուկասը կը յիշէ եւ հիմա կ՚ըսեն, թէ Յովհանը ցոյց կու տայ առաջին օծումը, որ մեղքերը ներուեցան եւ երկու անգամ օծեց նոյն Մարիամը՝ Ղազարոսին քոյրը, չարչարանքներուն մօտիկ [ժամանակ] շնորհամատոյց կ՚ըլլար եղբօր յարութեան համար»:

Խօսք. «Անոր քոյրերը մարդ ղրկեցին Յիսուսի մօտ» (տե՛ս Յհ 11.3):

Մեկնութիւն. եւ ինչո՞ւ իրենք չգացին, ինչպէս հարիւրապետն ու թագաւորազնը:

Կ՚ըսենք, թէ երեք պատճառով. նախ՝ ջերմեռանդ ընդունելութեան համար: Երկրորդ՝ որովհետեւ սգաւոր կիներուն համար օրէնք չէր դուրս ելլել, քանի որ թէեւ չէր մեռած, սակայն մահուան մօտեցած էր: Երրորդ՝ որովհետեւ տակաւին կատարեալ հաւատքի չէին հասած, ինչպէս առաքեալներն էին նախքան Սուրբ Հոգիին էջքը:

Խօսք. «Քու սիրելի բարեկամդ հիւանդ է» (Յհ 11.3):

Մեկնութիւն. ինչո՞ւ համար չեն աղաչեր [խնդրեր], որ Քրիստոս գայ:

Կ՚ըսենք, թէ երեք պատճառով. նախ՝ պատիւի մեծութեան համար, պարտադրանքով չեն ըսեր, թէ՝ եկո՛ւր, այլ՝ զգացնել կու տան: Երկրորդ՝ որպէսզի իրենք չըլլան յարութեան պատճառը, այլ՝ Քրիստոսի կամքը: Երրորդ պատճառ՝ որովհետեւ պէտք չէ բարեկամին աղաչել [խնդրել], այլ՝ միայն յիշեցնել: Եւ տե՛ս անոնց իմաստութիւնը, որ Քրիստոսի սիրով Անոր գթութեան կը մղեն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 103

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մայիս 18, 2021