«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

Յաճախ երբ կ՚աղօթենք, գլխաւոր պատճառը կը դառնանք սատանային դուրս չգալուն բնակուածին մէջէն, որովհետեւ հպարտութեամբ կ՚աղօթենք: Եթէ մեզմէ մէկը մտածեց, ըսելով.

-Աղօթքովս սատանային պիտի հանեմ:

Այդպիսով աստուածային օգնականութիւնը կը վերանայ ու սատանան կը մնայ:

Բնակուածներուն համար պէտք է խոնարհութեամբ եւ սիրով աղօթենք: Սատանայէ բնակուածի մը համար շատ չարչարուեցայ: Խեղճը ընդունած էր վիճակը եւ «այո» ըսած էր սատանային, որով տարիներ շարունակ շա՜տ չարչարուեցաւ: Անոր մարմինը կ՚այրէր. ան իր ամուսինին եւ տասնվեց տարեկան աղջկան հետ վանքէ վանք կ՚երթար: Հսկումներու կը մասնակցէին եւ ամբողջ գիշերը եկեղեցւոյ մէջ կ՚անցընէին: Եթէ այր մարդ ըլլար, ապա կը գրկէի զինք: Սատանան շատ կը չարչարուի երբ սատանաներէն բնակուածները աստուածային սիրով կը գրկենք: Երբ չես հակառակիր սատանային եւ կամ չես գրգռեր զինք, ապա երկար ժամանակով կ՚երթայ: Խոնարհութիւնը, արդարեւ, ամենէն ուժեղ հարուածն է, որով սատանային էութիւնը կը հարուածենք:

Վանքերէն մէկուն մէջ, մինչ ներկաները սուրբ մասունքներուն կ՚երկրպագէին, ներկաներէն մէկը՝ որուն մէջ սատանայ կար, ընթացաւ դէպի վանահայրը ու սկսաւ անոր հետ կոշտ ու թշնամական ոճով խօսիլ.

-Պարտադրութեա՞մբ պէտք է երկրպագենք:

Վանահայրը խոնարհութեամբ եւ արդարութեամբ պատասխանեց.

-Ո՛չ. պարտադրութեամբ չէ, այլ՝ քու ազատ կամքովդ:

Այն ատեն այդ մարդը գոռաց.

-Ես պարտադրութեամբ պիտի երկրպագեմ:

Այդպէս ալ եղաւ: Տեսա՞ր: Այդ սատանան զօրաւոր ճնշում զգաց վանահօր խոնարհութենէն եւ արդարութենէն: Սատանաները կը վախնան այդ խոնարհութենէն:

-Ո՜վ Ռոնտա. սատանայէ բնակուածները սուրբերէն օգնութիւն կը ստանա՞ն, երբ ուխտի կու գան անոնց յիշատակութեան օրերուն:

-Աւելի լաւ է, որ սատանայէ բնակուածները տօնակատարութիւններուն չերթան, կանխարգիլելու համար հաւատացեալներուն մէջ խառնակութիւնն ու շփոթութիւնը: Թող ուրիշ օր մը երթան այցելութեան ու երկրպագութեան:

Սխալ է, որ մարդիկ հաւաքուին երբ լսեն սատանայէ մը բնակուածին գոռումը, որովհետեւ տուեալ մարդը ծաղրի կ՚ենթարկուի. ահաւասիկ նման պարագայի մը գոռոցը.

-Ինչո՞ւ չորս կողմս հաւաքուեցաք՝ կարծէք ծովաճայի չորս կողմը հաւաքուած ըլլաք: Հեռացէ՛ք, կրկէսի մէջ չէք:

-Ո՜վ Ռոնտա. Սուրբ Հաղորդութիւնը սատանաներէն բնակուածներուն կ՚օգնէ՞:

-Մնայուն կերպով Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալը բուժիչ դեղ է անոնց, որոնք այդպէս ծնած են, նկատի ունենալով որ յանցաւոր չեն: Այդպիսներուն վարձատրութիւնը մեծ է, մանաւանդ երբ չեն տրտնջար մինչեւ Աստուծոյ շնորհքով ազատագրուին: Անոնք նահատակներ են՝ եթէ համբերեն, այդ պատճառով պէտք է մնայուն կերպով Սուրբ Հաղորդութիւն ստանան:

Իսկ ան որ սատանայէ բնակուած է անուշադրութեան պատճառով. ապա պէտք է զղջայ, խոստովանի եւ պայքարի բուժուելու համար: Իսկ հաղորդուիլը հոգեւոր հօր որոշումով կը կատարուի: Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալը առանց զղջումի եւ խոստովանութեան կը նպաստէ այդ վիճակին վատթարացումը:

Անգամ մը սատանայէ բնակուած մը բերին, որպէսզի հաղորդուի, իսկ ան թքաւ Յիսուսի մարմինն ու արիւնը՝ մերժելով ստանալ Յիսուսի արիւնն ու մարմինը, որովհետեւ սատանան օգնութիւն չ՚ընդունիր:

-Ո՜վ Ռոնտա. կարելի՞ է սատանայէ բնակ-ւածներուն անունները յիշել Պատարագի ընթացքին:

-Անշուշտ, որովհետեւ սատանաներէն բնակուածները օգնութիւն կը ստանան, երբ քահանաները Սուրբ Պատարագի ընթացքին ցաւով կը յիշեն անոնց անունները:

-Ո՜վ Ռոնտա. ինչպէ՞ս կը բացատրես սատանայական ազդեցութեան մնալը խոստովանած ու հաղորդուած բնակեցուածին մէջ:

-Ազդեցութիւնը կը մնայ, քանի որ վիճակը տակաւին չէ կայացած: Եթէ Աստուած ուղղակիօրէն օգնէ բնակեցուածին ու ազատագրէ զինք սատանայական ազդեցութենէն, ապա ան [հեշտութեամբ] կրկին անգամ սատանայի հաճոյքներուն մէջ կը սահի: Այս պատճառով, Աստուած -Իր անսահման սիրոյ պատճառով- կ՚արտօնէ որ չարութիւնը կամաց-կամաց կը սահմանափակուի: Այսպիսով մարդ իր պարտքը կը վճարէ եւ անոր հոգեկան վիճակը կը կայունանայ: Եւ ինչքանով հոգեկան վիճակը կայունանայ, այդքանով չարիքը տակաւ առ տակաւ կը սահմանափակուի:

Օր մը հայր մը, որու որդին սատանայէ բնակուած էր, հարցուց ինծի.

-Զաւակս ե՞րբ կ՚ապաքինի:

Պատասխանեցի անոր.

-Երբ հոգեկան վիճակդ կայունանայ, ապա որդիդ օգնութիւն կը ստանայ:

Խեղճ զաւակը հոգեւոր կեանքով կ՚ապրէր, սակայն հայրը ստիպած է անոր փոխել իր կեանքին ընթացքը՝ վախնալով թէ իր զաւակը կը խենթանայ: Հայրը սկսած է իր որդին իր հետ տանիլ պոռնկանոցներ եւ հաճոյքի կեդրոններ, մինչեւ որ իր զաւակը սատանայէն բնակուած է: Մայրը ստիպուած է փախչելու, որպէսզի ազատուի անոր սխալ վերաբերմունքէն:

Հայրը զղջաց եւ փորձեց հոգեւոր կեանքով ապրիլ, սակայն զաւակը չապաքինեցաւ: Զաւակին վիճակը սկսաւ լաւանալ, երբ հայրը հոգեւոր սրբավայրեր այցելեց ու ծանօթացաւ սուրբերու վարքաբանութեան, որով իր հոգեւոր վիճակը կայունացաւ:

[ՍԱՏԱՆԱՆ] ՎՌՆՏԵԼՈՒ ԱՂՕԹՔՆԵՐԸ

-Ո՜վ Ռոնտա. այսօր սատանայէ բնակուած կին մը բերին եւ խնդրեցին, որպէսզի քահանան կանչենք՝ սատանան վռնտելու աղօթքները ընլու համար: Այսպիսի պարագայի մը ի՞նչ պէտք է ընենք:

-Նման պարագայի լաւ պիտի ըլլայ այդ մարդոց հասկցնել, թէ լաւագոյն միջոցը իր հոգեւոր հօր հետ գործակցիլն է: Արդարեւ, անոր մէջ սատանայի առկայութիւնը անպայմանօրէն հետեւանք է վտանագաւոր մեղքի մը մէջ իյնալուն կամ անոր ծնողները սատանային իրաւունքներ տուած են: Մեղքը սատանան կը բերէ. իսկ մեղքը տակաւին առկայ է: Սատանան [մարդուն մէջէն] միայն զղջումով եւ խոստովանութեամբ դուրս կ՚ելլէ:

Կրնայ ըլլալ նաեւ, որ Աստուած կ՚արտօէ սատանայէ բնակուիլ այլ պատճառներու համար:

-Ո՜վ Ռոնտա. սատանան վռնտելու աղօթքները սատանաներէն բնակուածներուն կ՚օգնե՞ն:

-Նայած վիճակին: Երբ սատանան վռնտելու աղօթքները կ՚ըսուին սատանայէ բնակուած տղու մը վրայ՝ որ սատանային իրաւունքներ չէ տուած ու ոչինչ գիտէ խոստովանութեան մասին, կամ երբ ծերունիի մը վրայ կ՚ըսուին [այդ աղօթքները], որ իր գիտակցութիւնը կորսնցուցած է եւ ի զօրու չէ խոստովանելու, ապա այս աղօթքները կրնան օգտակար ըլլալ:

Իսկ եթէ մարդ գիտակից վիճակի մէջ է, նախ եւ առաջ պէտք է խոստովանի ու զղջայ՝ գիտնալու համար սատանայէ բնակուելուն պատճառը, ապա անոր վրայ կը կարդացուին սատանան վռնտելու աղօթքները՝ եթէ անհրաժեշտութիւն կայ, որովհետեւ կրնայ ըլլալ որ սատանան դուրս գայ «մեղքերը լուծելու» աղօթքներով միայն:

Կարգ մը քահանաներ սատանայէ բնակուածներն ու այլ հիւանդութիւններէ տառապողները կը հաւաքեն ու անոնց վրայ սատանան վռնտելու աղօթքները կ՚ըսեն: Պատկերացուր, փարքինսոնի [անդամալուծութիւն] հիւանդութիւն ունեցողի մը վրայ սա-տանան վռնտելու աղօթք կը կարդացուի:

Այսօր ալ, ծերունի մը բերին ու ըսին, թէ անոր մէջ սատանայ կայ: Անոր ձախ ձեռքը աջ ու ձախ կը շարժէր եւ նոպաներ կ՚ունենար: Հարցուցի անոր.

-Ինչքա՞ն ժամանակ է, որ այս վիճակին մէջ ես:

Պատասխանեց.

-Փոքր տարիքէս:

Խառնուեցայ…: Աւելի ուշ ուշադրութիւնս գրաւեց ան, որ ձախ կողմէն գլուխին վրայ հետք մը կար, կը նշանակէ, թէ ծնունդի ժամանակ այդ մարդուն բան մը պատահած էր, որու հետեւանքով խնդիրներ ունեցած էր: Պատկերացուր, որ այդ մարդուն վրայ սատանան վռնտելու աղօթքները ըսուին… ծաղրանքի առարկայ չի՞ դառնար մարդոց մէջ: Քանինե՜ր մեղադրուած են սատանայէ բնակուած ըլլալուն մէջ, մինչ անոնք այդպիսին չեն եղած:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 34

19 ապրիլ 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 20, 2021