ՊԱՏԳԱՄՆԵՐՈՎ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Հայ ազգային քոնկրէսը (ՀԱՔ), որ կը համարուի Հայոց համազգային շարժման (ՀՀՇ) շարունակութիւնը, Հայաստանի բեմահարթակին վրայ կը մնայ գաղափարական ատաղձ ունեցող քաղաքական կարեւոր ուժ։ Կուսակցութեան վերջին համագումարին «քրիթիք» պահուն սրահ մուտք գործեց առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, որու ելոյթի ամբողջական բնագիրը ներկայացուած է ստորեւ։

Նման պարագաներու մէջ, երբ կուսակցութեան մը, քաղաքական թեւի մը հանրութեան ներկայացուցածը միայն գաղափարական երեսակն է, ապա տուեալ ուժը կրնայ բախուիլ մեծ դժուարութիւններու։ Բաց աստի, յստակ էր նաեւ, որ ամէն ինչէ աւելի այս կուսակցութեան շաղախը նոյնինքն Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի անձն էր։ Հակառակ իր աւագ գործիչի կարգավիճակին կամ նոյնիսկ հիւանդութեան (որուն ինքն ալ կ՚ակնարկէր ելոյթին մէջ), ան կը շարունակէր մնալ ուշադրութեան կեդրոն։ Ի՞նչ պիտի խօսէր Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, ի՞նչ ճանապարհ պիտի բանար կամ ընտրական օրակարգի առումով ի՞նչ առաջարկութիւններ պիտի ընէր՝ իր աշխոյժ եւ երիտասարդ կուսակիցներուն, որոնց հետ իր ունեցած կապը թէկուզ գործնականութենէ հեռու էր, նոյնիսկ «եթերային»։ Այս բոլորի կողքին, ինքն էր միակ մեղաւորը՝ իշխանութիւն դարձած, սակայն իշխող կուսակցութեան չվերածուած իր քաղաքական ուժի նահանջին մէջ։ Ինքն է միակ մեղաւորը, որ այս նոյն կուսակցութիւնը մինչեւ հիմա չէ կարողացած ունենալ գործիչներու այնպիսի փաղանգ մը, որու անդամներուն համար Տէր-Պետրոսեանի խօսքը առաւելագոյն պարագային պիտի դառնար միայն ու միայն կարեւոր ճանապարհ անցած եւ մեծ փորձառութիւնով քաղաքական գործիչի մը խորհուրդը։ Բնական է, որ ՀԱՔ-ի այսօրուան վիճակին համար մեղաւորներ փնտռելու պատեհ ժամանակը հիմա չէ։ Այնուամենայնիւ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի Հայաստանի միւս նախկին նախագահներուն հետ կապի մէջ մտնելու եւ նոյնիսկ միացեալ դաշինքով յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցելու միտքը կը յուշէ բան մը. կը յուշէ, որ ան շատ լաւ գիտակցելով Հայաստանի այսօր մատնուած իրավիճակը՝ պիտի չկարողանայ միայն իր կուսակցութեան ներուժին վստահելով «բացառիկ» արդիւնքներու հասնիլ յառաջիկայ 20 յունիսի արտահերթ ընտրութիւններուն։

«Բացառիկ»ութեան խնդիրը կապ ունի երկու առանցքներու հետ։ Նախ՝ Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր իշխանախումբը արագօրէն քաղաքական դաշտէն դուրս «շպրտելու» նպատակը կայ։ Յետոյ՝ քաղաքական կեանքի մէջ «միակ իմաստուն առաջնորդի» դերին կառչած մնալը։ Ու հիմա, երբ բոլոր տեսակի բանակցութիւնները արդէն իսկ տապալած են, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կը դիմէ բոլորը-բոլորին հաւասարեցնելու իր հին-նոր խաղին ու կրակ կը բանայ Ռոպերթ Քոչարեանի վրայ՝ շատ լաւ հասկնալով, որ այսօր Հայաստանի մէջ եթէ կայ քաղաքական դէմք մը, որ պիտի կարողանայ «դէմը առնել» Նիկոլ Փաշինեանի սնամէջ եւ սնահաւատ մօտեցումներուն, այդ ալ Հայաստանի երկրորդ նախագահն է, որ յաջորդած է իրեն։

Տէր-Պետրոսեան շատ լաւ կը հասկնայ, որ ընտրութիւններու ընդառաջ ներկայ համայնապատկերին վրայ կան քանի մը կարեւոր գործիքներ, որոնց ինքը չի տիրապետեր, նաեւ մեծ հաշուով իրեն հետեւորդ հատուածները նոյնպէս չունին բաւարար ներուժ՝ Հայաստանի ժողովուրդին հաստատակամօրէն ըսելու համար, որ «այսօր ձեզ այս վիճակէն հանելու միակ յարմար եւ ճշմարիտ ուժը մենք ենք»։ Այս բոլորէն անդին, Հայաստանի մէջ այլընտրանքային մօտեցումներով սակաւաթիւ քաղաքական ուժերէն մէկն է ՀԱՔ-ը։ Յամենայնդէպս, անցեալ նոյեմբերէն վերջ ստեղծուած նոր իրավիճակին առընթեր, այդ այլընտրանքային մօտեցումները մեծ հաշուով անուժ են ու անօգուտ։

ՀԱՔ հինէն ի վեր կը մտածէ ու կը խօսի զիջումներու մասին։ Այսօր ահա այդ մեծ զիջումները արիւնով եւ մահով Հայաստանին «հրամցուցած» Նիկոլ Փաշինեան սպառած է զիջում կատարելու բոլոր հնարաւորութիւնները կամ նոյնիսկ բանակցութիւններ վարելու բնական իրաւունքը ոտնատակ ընելով՝ կը շարունակէ մնալ իր ըսելիքով եւ իր խօսքով սպառած վարչապետ մը։ Միւս կողմէ, կայ նաեւ Թուրքիոյ հետ «ընկերանալու» ՀԱՔ-ի հին-նոր թեզը, որ նոյնպէս այսօրուան պայմաններով ցնորային բան մը կը թուի ըլլալ՝ հաշուի առնելով ո՛չ միայն հայկական կողմի խայտառակ պարտութիւնը, այլեւ՝ Թուրքիոյ նոր դերն ու թրքական օրակարգին մէջ մեծ հաշուով «հայկական օրակարգ»ի բացակայութիւնը։ Կար ժամանակ, երբ Ատրպէյճան յենլով Թուրքիոյ մեծ ուժին կ՚ուզէր օրակարգ պարտադրել Հայաստանին։ Այսօր այդ կարիքի բացակայութեան ընդհանուր պայմաններուն մէջ, Պաքու առանձինն կրնայ լուծել Երեւանի վերաբերեալ բոլոր հարցերը։ Ուրեմն ի՞նչ խօսք կրնայ ըլլալ Անգարայի Երեւանի նկատմամբ շահագրգռութեան մասին։

Անշուշտ «հայ-թրքական» մեծ առանցքի հարցը միշտ ալ կենսունակ կրնայ դառնալ։ Ոմանք կը հարցնեն, որ վերջին 10-20 տարիներուն ո՞ւր էր ՀԱՔ-ը։

Եւ հիմա, երբ բարդ ու դժուար ժամանակներ են, նոյն ՀԱՔ-ը հրապարակ գալով պիտի կարողանա՞յ որոշիչ դեր ունենալ այդ առանցքին վերաբերեալ։ Բարդ են ժամանակները ու աւելի բարդ է վիճակը ՀԱՔ-ի համար։ Արդարեւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի այս «յամեցած» վերադարձը կրնայ շատ աւելի ծանր հետեւանքներ ունենալ այս քաղաքական ուժին համար, որ պիտի փորձէ ամէն գնով իրեն համար տեղ մը ապահովել նոր, բայց բոլոր առումներով «խճճուած» ապագայ Ազգային ժողովի երդիքին տակ։

«ՄԵՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ՀԱՇՈՒԻ ՉԵՆ ԱՌՆՈՒԱԾ ԻՐԱՏԵՍ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐԸ՝ ՄԱՆԱՒԱՆԴ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԱՆՇՐՋԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ»

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան Երեւանի մէջ, մայիսի 16-ին տեղի ունեցած Հայ ազգային քոնկրէսի համագումարի ընթացքին հանդէս եկաւ հետեւեալ ելոյթով, զոր կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնի վերածելով։

*

Յարգելի, սիրելի եւ կարօտած ընկերներ,

Կարճ պիտի խօսիմ, որովհետեւ դեռ լիովին չեմ ապաքինած։ Ելոյթիս համար ընտրած եմ ինքնահարցազրոյցի ժանրը, նկատի ունենալով հանրութիւնը յուզող ամենակարեւոր հարցերը։

1- Ո՞րն է Արցախի վերջին պատերազմին մեր կրած պարտութեան պատճառը։

- Մենք պարտուած ենք ո՛չ թէ Ատրպէյճանին, այլ պարտութիւնը մենք իսկ բերած ենք մեր իսկ գլխին, վերջին 23 տարիներու ընթացքին մեր երկրի իշխանութիւններու վարած արկածախնդրական ու անպատասխանատու քաղաքականութեան հետեւանքով։ Պարտութեան հիմքը դրուած է 1998 թուականին, այդ իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած սթաթիւքոյի պահպանման եւ ոչ մի թիզ հող զիջելու հնարաւորութեան սին հաւատամքին վրայ։ Իսկ պարտութեան աւարտը նշանաւորուած է Փաշինեանի՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» սադրիչ յայտարարութեամբ։

23 տարի շարունակ մեր իշխանութիւններու կողմէ հաշուի չեն առնուած իրատես քաղաքականութեան երեք կարեւորագոյն գործօնները, որոնք են՝ ուժերու յարաբերակցութիւնը, դաշնակիցներու առկայութեան կամ բացակայութեան հարցերը եւ, ամենագլխաւորը՝ ժամանակի անշրջելիութիւնը։ Այսինքն՝ այն պարզ ճշմարտութիւնը, որ, եթէ բան մը հնարաւոր է այսօր, պարտադիր չէ, որ հնարաւոր ըլլայ վաղը։ Պատկերաւոր ըսուած՝ անոնք դրսեւորած են խաղամոլի վարքագիծ, այսինքն՝ աւելին շահելու ձգտումով նոր խաղադրոյքներ կատարած են, կորսնցնելով նաեւ արդէն շահածը։

Չեմ ցանկանար աւելին մանրամասնել, որովհետեւ մտադիր եմ օրերս հանդէս գալ այդ հարցին նուիրուած ծաւալուն յօդուածով։

2- Եթէ այս ամէնը կը գիտակցէի, ապա ինչո՞ւ չդիմեցի ժողովուրդին եւ նախընտրեցի հրաժարիլ նախագահի պաշտօնէն։

- Նախ եւ առաջ, ժողովուրդին բացէ ի բաց դիմած եմ «Պատերա՞զմ թէ խաղաղութիւն» յօդուածով, իսկ նախագահի պաշտօնէն հրաժարած եմ՝ քաղաքացիական պատերազմէ խուսափելու նպատակով։ Խաղաղութեան իմ ծրագիրը տապալելու ուղղեալ գործողութիւններուն մէջ, իշխանութենէն ներս ձեւաւորուած խմբաւորումը յաջողած էր քայքայել խորհրդարանական մեծամասնութիւնը եւ ինձ զրկել քաղաքական ուժերու աջակցութենէն։ Այս առիթով կ՚ուզեմ գաղտնիք մը բացայայտել։ Անշուշտ, իշխանութենէն ներս բոլոր ուժերը գոհ չէին իրադարձութիւններու նման զարգացումէն։ Շատերու՝ ներառեալ բանակի, ազգային անվտանգութեան, ոստիկանութեան, երկրապահի որոշ շրջանակներու կողմէ ես ստացած եմ աջակցութեան լուրջ առաջարկներ։ Աջակցութեան առաջարկ ստացած եմ նաեւ Ռուսաստանէն՝ յանձինն նախագահ Ելցինի, այդ մասին ան հրապարակաւ հանդէս եկած է իմ հրաժարականի յաջորդ օրը (տեսագրութիւնը կրնաք տեսնել համացանցի վրայ)։ Ես մերժած եմ աջակցութեան այդ բոլոր առաջարկները, կը կրկնեմ՝ բացառապէս քաղաքացիական պատերազմէ խուսափելու համար։

3- Ի՞նչ կը նշանակէր յառաջիկայ ընտրութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութեան երեք նախագահներու «Ազգային համաձայնութեան դաշինք»ով մասնակցելու առաջարկը, այն պարագային, երբ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հետ ես ունեցած եմ, մեղմ ըսուած, ոչ այնքան բարեկամական յարաբերութիւններ։

- Նկատած կ՚ըլլաք, որ սա վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ ամենաշատ քննարկուած հարցն է։ Հրապարակ նետուած են հազարումէկ անհեթեթ մեկնաբանութիւններ, դաւադրապաշտական տեսութիւններ եւ բարոյականութեան տեսակէտէ արտայայտուած տարակուսանքներ։ Սակայն, ըստ էութեան, քիչեր յաջողած են ըմբռնել այդ առաջարկի քաղաքական բովանդակութիւնը։ Եւ սա նոյնիսկ այն պարագային, երբ Ռոպերթ Քոչարեանին եւ Սերժ Սարգսեանին ուղղուած իմ առաջարկի հրապարակած թեքստերուն մէջ ես տուած եմ նաեւ այդ հանելուկի բանալին։ Այն է՝ մէկ կողմէ խափանել Նիկոլ Փաշինեանի ընտրութիւնը, միւս կողմէ՝ բացառել Ռոպերթ Քոչարեանի վերահաստատումը պետութեան ղեկին, ինչ որ կ՚երաշխաւորուէր Հայաստանի Հանրապետութեան երեք նախագահներուն կողմէ պետական որեւէ պաշտօն չզբաղեցնելու իմ առաջարկած պայմանով։

4- Այդ պարագային ո՞վ պիտի զբաղեցնէր վարչապետի պաշտօնը։

- Իմ կարծիքով, անհրաժեշտ էր ձեւաւորել հիմնականին մէջ թեքնոքրատներէ կազմուած ճգնաժամային կառավարութիւն՝ լուրջ փորձառութեամբ եւ կառավարչական հմտութիւններով օժտուած վարչապետի մը գլխաւորութեամբ։

5- Ինչո՞ւ, այնուամենայնիւ, Ռոպերթ Քոչարեան, նոյնիսկ առանց քննարկման, կտրականապէս մերժեց իմ առաջարկը։

- Քոչարեանի կողմէ իմ առաջարկի մերժումը կը նշանակէ, որ ան կ՚առաջնորդուի ո՛չ թէ պետական շահու գիտակցութեամբ, այլ բացառապէս Նիկոլ Փաշինեանէն վրէժ լուծելու մոլուցքով։ Սերժ Սարգսեանի պարագան այլ է՝ ան իշխանութեան վերադառնալու նպատակ չի հետապնդեր, եւ, մասնակցելով ընտրութիւններուն, պարզապէս կ՚ուզէ իր պարտքը կատարել սեփական կուսակցութեան նկատմամբ եւ հանրապետականներու թէկուզ փոքրիկ խումբի մը ներկայութիւնը տեսնել Ազգային ժողովի մէջ։ Սա, թէեւ մարդկային տեսակէտէ գնահատելի քայլ մըն է, այնուամենայնիւ, նոյնպէս որեւէ կերպով կապ չունի պետական շահու գիտակցութեան հետ։

6- Իսկ ինչպէ՞ս բացատրել հանրութեան անկեղծօրէն, իսկ քաղաքական շրջանակներու կողմէ՝ չարամտօրէն արտայայտուած այն տարակուսանքը, թէ ես դաշինքի առաջարկով դիմած եմ Քոչարեանին եւ Սարգսեանին, որոնց հետ ունեցած եմ ո՛չ միայն տարակարծութիւններ եւ հակասութիւններ, այլեւ՝ կոշտ հակամարտութիւն։

- Ազգային համաձայնութեան դաշինքները կամ կառավարութիւնները որպէս կանոն, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ կը ձեւաւորուին այն իսկ ուժերուն միջեւ, որոնք լրջագոյն հակասութիւններ ունեցած են իրարու հետ եւ նոյնիսկ իրարու դէմ մարտնչած քաղաքացիական պատերազմներու մէջ։ Եթէ այս հանգամանքը չըլլար, ազգային համաձայնութեան կառավարութիւններու կամ դաշինքներու ձեւաւորման կարիք չէր ըլլար։ Նման կարիք կը յառաջանայ այն պայմաններուն մէջ, երբ հակամարտ ուժերը կը գիտակցին, որ երկիրը յայտնուած է կործանման եզրին եւ յանուն պետականութեան, անոնք նոյնիսկ արտակարգ քայլերու կը դիմեն։ Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւններու առաջին գործը շատ դէպքերու մէջ կ՚ըլլայ ընդհանուր համաներման յայտարարումը. բան մը, որու իմաստը այն է, որ գիծ կը քաշուի անցեալի ու ներկայի միջեւ, այդպէսով ազդարարելով պետութեան կայունացման եւ զարգացման նոր հանգրուանի սկիզբը։

Գուցէ զարմանալի թուի, եթէ ըսեմ, որ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ձեւաւորման աւանդոյթը կիրառուած է նաեւ Հայաստանի մէջ։ Իրականութեան մէջ այդպիսին էին Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Վազգէն Մանուկեանի, Գագիկ Յարութիւնեանի, Խոսրով Յարութիւնեանի, Հրանդ Բագրատեանի գլխաւորած կառավարութիւնները, որոնց անդամներու մեծագոյն մասը համայնավարներ էին, նախկին պետական պաշտօնեաներ։ Խորհրդային համայնավարական իշխանութիւններու եւ Ղարաբաղեան ու Հայոց համազգային շարժման հակասութիւններն ու հակամարտութիւնները շատ աւելի դաժան էին, քան Հայաստանի Հանրապետութեան երեք նախագահներուն միջեւ։ Ի տարբերութիւն նախկին Խորհրդային շարք մը այլ երկիրներու, որոնց մէջ համայնավարական նախկին իշխանութիւններու դէմ վրէժխնդրութիւն կիրառուեցաւ, Հայաստանի մէջ այդ բանը տեղի չունեցաւ։ Սա ապահովեց Հայաստանի մէջ լուրջ քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումներու իրականացման, երկրի կայունացման եւ Ղարաբաղի առաջին պատերազմին մէջ տարուած յաղթանակի հիմքը։

7- Ի՞նչ խնդիրներու լուծման ակնկալիքներ ունիմ յառաջիկայ ընտրութիւններէն։

- Առաջին՝ նախ եւ առաջ թոյլ չտալ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան վերարտադրութիւնը, ինչ որ, ի դէպ, հարիւր տոկոսով լուծելի էր երեք նախագահներու դաշինքի կայացման պարագային։ Երկրորդ՝ բացառել Ռոպերթ Քոչարեանի յաղթանակը, ինչը եւս կը լուծուէր նոյն պարագային։ Ի դէպ, վերջինիս կողմէ իմ առաջարկի մերժումէն յետոյ, ես իրեն անկեղծօրէն ըսած եմ, որ ստիպուած կ՚ըլլամ պայքարիլ ո՛չ միայն Փաշինեանի, այլեւ իր դէմ։

Պարտութեան պատճառով մենք արժանացանք շատ երկիրներու կարեկցանքին ու խղճահարութեան։ Փաշինեանի կամ Քոչարեանի յաղթանակի պարագային՝ կ՚արժանանանք ամբողջ աշխարհի ծաղր ու ծանակին։

8- Իսկ ինչո՞վ վտանգաւոր է թէ՛ Փաշինեանի, թէ՛ Քոչարեանի յաղթանակը։

- Վտանգաւոր է, որովհետեւ երկուքէն ոեւէ մէկուն յաղթանակի պարագային ալ ներքին քաղաքական հակամարտութիւնը ո՛չ միայն պիտի չդադրի, այլեւ աւելի պիտի սաստկանայ եւ իշխանութիւնը հնարաւորութիւն պիտի չունենայ զբաղիլ, առաջին հերթին, անվտանգութեան հետ կապուած, ինչպէս նաեւ երկրի առջեւ կանգնած քաղաքական, տնտեսական, ընկերային հրատապ լուծում պահանջող բազմաթիւ այլ խնդիրներով։ Նոյնքան վտանգաւոր է նաեւ երրորդ տարբերակը, այն է՝ քանի մը կուսակցութիւններէ կազմուած տկար համախոհական «քոալիսիոն» կառավարութեան ձեւաւորումը։ Այս ամէնը կը նշանակէ, որ մեզ այսօր արդէն սարսափեցնող ապակայունութիւնը ընտրութիւններէն յետոյ աւելի պիտի խորանայ եւ մենք պիտի յայտնուինք շատ աւելի վտանգաւոր եւ տեւական ցնցումներու մէջ, որոնք պիտի յանգեցնեն արտագաղթի սոսկալի ծաւալներու։ Այս մտավախութիւնը խիստ այժմէական կը դարձնէ կառավարման խորհրդարանական համակարգէ կրկին կիսանախագահական համակարգին վերադառնալու գաղափարը, ինչ որ, ի դէպ, մշտապէս եղած է Հայ ազգային քոնկրէսի սկզբունքային դիրքորոշումը։ Համաշխարհային փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ կառավարման խորհրդարանական համակարգը արդիւնաւէտ եւ կենսունակ է միայն երկու-երեք խոշոր կուսակցութիւններ ունեցող կայացած ժողովրդավարութիւններուն մէջ։ Սա կը հաստատուի նաեւ մեր երկրի վերջին երեք տարիներու սեփական փորձառութեամբ։ Մինչդեռ մեր նման երկիրներուն մէջ այդ մէկը, որպէս կանոն, կը դառնայ մշտական ցնցումներու եւ կառավարման ճգնաժամերու պատճառ։ Նշուած նկատառումներով հանդերձ, կառավարման կիսանախագահական համակարգին վերադառնալու հարցին մէջ շտապողականութիւնը խիստ վտանգաւոր, հետեւաբար, անթոյլատրելի է։ Այս բանին պէտք է անդրադառնալ մէկ-երկու տարի վերջ, երկրի կայունութեան ապահովումէն եւ ժողովուրդի հոգեկան հաւասակաշռութեան վերականգնումէն յետոյ։

9- Հայ ազգային քոնկրէսը արդեօք պիտի մասնակցի՞ յառաջիկայ ընտրութիւններուն։

- (…) Ինքնաբերաբար հասկնալի է, որ քոնկրէսի ցուցակը պիտի գլխաւորեմ ես։ Քոնկրէսի ներկայութիւնը խորհրդարանի մէջ անհրաժեշտ է թէկուզ միայն այն պատճառով, որպէսզի համատարած քաքաֆոնիի մը մթնոլորտին մէջ, ինչպէս անգամ մը արդէն ըսած եմ, ողջախոհութեան ճրագը մեր երկրին մէջ չմարի։

Շնորհակալութիւն ուշադրութեան համար։

ԼԵՒՈՆ ԶՈՒՐԱԲԵԱՆ. «ՊԷՏՔ Է ՎԵՐՋ ՏԱԼ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԹՇՆԱՄՈՒԹԵԱՆ ՄՕՏԵՑՄԱՆ»

Հայ ազգային քոնկրէսի համագումարին ժամանակ առիթն ունեցանք զրուցելու կուսակցութեան փոխ-նախագահ Լեւոն Զուրաբեանի հետ, որ անցեալի մէջ եղած է երեսփոխան։ Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի իշխանութեան գլուխ գտնուած տարիներուն ան միջոց մը եղած է նաեւ նախագահական աշխատակազմի ղեկավար։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր զրոյցի սղագրութիւնը։

*

-Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ելոյթէն վերջ ի՞նչ կրնաք ըսել ընդհանուր մթնոլորտի մասին։

-Ընտրութիւններուն մասնակցելու ընդհանուր տրամադրութիւնը եւ մթնոլորտը հիմնականօրէն արտացոլուած են մեր ելոյթներուն մէջ: Մենք կ՚ըսենք, որ մեր յաղթանակներու հիմքը միշտ եղած է իրատեսութիւնը, չափաւորութիւնը, թէկուզ հարեւաններու հետ հակամարտութիւնները կարգաւորելու ցանկութիւնը։ Մենք միշտ լաւ չափած ու հասկցած ենք, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ ի՛նչ պահանջներ հնարաւոր է դնել եւ ինչ պահանջներ ուղղակի ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունին իրականացման եւ կը բերեն միայն հակառակ ազդեցութիւն:

Մենք, իսկապէս, Արցախի առաջին պատերազմին հասած էինք մեծագոյն ռազմական յաղթանակի եւ կը մնար այդ ռազմական յաղթանակը ամրագրել դիւանագիտական խաղաղութեան պայմանագրով։ Բայց, ցաւօք սրտի, մեր «ոչ մէկ թիզականներ»ը ուզեցին աւելին եւ սա էր, որ բերաւ դառն կորուստներու, զորս մենք ունեցանք, երբ «թքելով» աշխարհաքաղաքական իրադրութիւններուն վրայ, անտեսելով ռազմական փոփոխութիւնները, անտեսելով եւ արհամարհելով տարրական դիւանագիտական սկզբունքները, մենք զբաղած էինք մեր կամքը աշխարհին պարտադրելու գործով։ Պատկերացուցէք, որ որոշած էինք փոքր, շրջափակուած Հայաստանի կամքը պարտադրել աշխարհին: Ուստի, մեր հարցերու մօտեցման սկզբունքներն են՝ իրատեսութիւն, չափաւորութիւն, հաւասարակշռութիւն, մեր պահանջներու համահունչ ըլլալը՝ աշխարհի համակարգին, բայց նաեւ վճռականօրէն ազգային շահը հետապնդելը:

-Բոլորս մօտէն կը հետեւինք Սիւնիքի իրադարձութիւններուն։ Այդ առումով ներքին շահագործման վտանգներ կա՞ն։ Դէպքերը շարժառիթ կրնա՞ն դառնալ, որ արտահերթ ընտրութիւնները ջնջուին։

-Ամէն ինչ հնարաւոր է, որովհետեւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած զարհուրելի քաղաքական վերնախաւի միակ նպատակն է իշխանութեան համար կռիւը եւ լրիւ մոռացութեան ենթարկուած է պետական շահը, ինչ որ լաւ բանի չ՚առաջնորդեր։ Իշխանութիւնը երբեք չի մտածեր արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու մասին՝ Հայաստանի քաղաքական, պետական, իշխանական խաւը փոխելու համար, այլ կը մտածէ ինչպէս պահել իշխանութիւնը: Իսկ անոնք, որոնք եկած են պայքարելու Նիկոլի դէմ (Քոչարեանը եւ միւսները), իրենք ալ նոյնպէս չեն հետապնդեր պետական շահը, այլ իրենց կը հետաքրքրէ Նիկոլը պատժելու, անկէ վրէժ լուծելու շահը, ինչպէս նաեւ իրենց կուտակած ապօրինի հարստութիւնը իշխանութեան գալով պահպանելու նպատակը։ Եւ այս իրավիճակին մէջ, բնականաբար, քաղաքական ուժերը ամէն ինչ պիտի շահագործեն իրենց շահը պաշտպանելու համար: Հնարաւոր է, որ Սիւնիքի դէպքերը եւս օգտագործուին այս նպատակներով, որովհետեւ ոչ ոք կը մտածէ պետական շահու մասին: Բայց եթէ յետադարձ հայեացք մը նետենք, ապա պիտի նկատենք, որ մենք (նկատի ունի ՀԱՔ-ը) միշտ ծանր պահերուն, երբ պետականութեան վտանգ եղած է, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կոչ ուղղած է համախմբուելու Ռոպերթ Քոչարեանի շուրջ, համախմբուելու Սերժ Սարգսեանի շուրջ, նոյն բանը եղաւ պատերազմի ժամանակ, բայց սա, ցաւօք սրտի, օրինակ չի դառնար։

-Հարեւաններու հետ լեզու գտնելու կամ պատերազմներէ խուսափելու ձեր թեզը, չէ՞ք կարծեր, թէ զէնք մըն է, որով կը կրակէք դուք ձեր վրայ՝ ժողովուրդին առջեւ: Այսինքն, այլ խօսքով, քուէ բերող զէնք մը չէ:

-Մեր գլխաւոր զէնքը ճշմարտութիւնն է։ Ինչքան ալ դառն ըլլայ ան, մենք մեր ժողովուրդին պիտի ըսենք եւ մենք այլ կերպ յաղթանակներ տանիլ չենք գիտեր: Մենք 90-ականներուն վաստակեցանք Հայաստանի անկախութիւնը Սովետական Միութեան դէմ պայքարի մէջ, յետոյ յաղթեցինք Ատրպէյճանին եւ այդ բոլորի ընթացքին մենք օգտագործած ենք միայն ճշմարտութեան զէնքը։ Ուրիշ զէնք չենք գիտեր։ Մենք ճշմարտութիւնը պիտի ըսենք ժողովուրդին, որովհետեւ որեւէ յաղթանակ հիմնուած կրնայ ըլլալ միայն քու միջոցներուդ վրայ։ Երբ ներուժիդ ներածէն աւելի մեծ նպատակներ կը դնես՝ կը պարտուիս, կը ջախջախուիս, ինչպէս որ եղաւ վերջին պատերազմի ժամանակ: Մենք երբեք ժողովուրդը չենք տանիր հեքիաթներու ճանապարհով, ինչքան ալ ժողովուրդը սիրէ այդ մէկը, մենք ժողովուրդը միշտ պիտի տանինք դէպի սթափութիւն, ճշմարտութիւն, հաշուարկ, եթէ կ՚ուզէք՝ ռէէլփոլիթիքի, ռէալիզմի ճանապարհով:

-Ի՞նչ կ՚ուզէք ըսել սփիւռքին։

-Դժուար ժամանակներ են բոլորիս համար։ Կը պատկերացնեմ նաեւ մեր սփիւռքահայերու զգացումները։ Ընդհանրապէս, պոլսահայութիւնը միշտ գտնուած է աւելի բարդ վիճակի մը մէջ՝ քան որեւէ մէկ այլ համայնք, որովհետեւ պոլսահայութիւնը կ՚ապրի երկրի մը մէջ, ուր ցեղասպանութիւնը չի ճանչցուիր: Բայց միեւնոյնն է, մենք պէտք է հասկնանք, որ մեր նպատակը պէտք է ըլլայ յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Չի կրնար ըլլալ յաւերժական թշնամութիւն, յաւերժական թշնամութենէն ոչ ոք կը շահի, առաջին հերթին կը տուժենք մենք։

Ի վերջոյ պէտք է նպատակ ունենալ դադրեցնել այդ յաւերժական թշնամանքը, ստեղծել բնականոն, բարիդրացիական յարաբերութիւններ մեր հարեւան երկիրներուն հետ։ Կը կարծեմ, թէ սա պոլսահայութեան համար ալ շատ կարեւոր է, որովհետեւ միայն այդ վիճակին մէջ պոլսահայութիւնը ինքզինք պիտի զգայ ապահով:

ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՍԿԵՒԻՉԵԱՆ. «ՈՐԵՒԷ ՈՒԺ ՊԻՏԻ ՉՈՒՆԵՆԱՅ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆ»

Հայ ազգային քոնկրէսի (ՀԱՔ) համագումարին առթիւ, Հայաստանի առկայ քաղաքական կացութեան շուրջ կարճ զրոյց մը ունեցանք կուսակցութեան յառաջատար դէմքերէն Տիգրան Պասկեւիչեանի հետ։

*

-ՀԱՔ-ի տեսակէտէ բաւական ժամանակ պէտք եղաւ ընտրութիւններուն մասնակցելու հարցը յստակեցնելու համար։ Ի՞նչ են խորքային պատճառները եւ ինչո՞ւ այս ուշացումը։

-Հայաստանի մէջ յառաջիկայ ընտրութիւնները արտասովոր են եւ կը կարծեմ, որ այդ պատճառով պէտք է մանրամասնօրէն քննարկել ու կշռադատել Հայ ազգային քոնկրէսի մասնակցութեան հարցը։ Բացի այդ, կարեւոր էր մասնակցութեան ձեւաչափը, որու կազմաւորման ուղղութեամբ լուրջ առաջարկներ ըրաւ քոնկրէսի առաջնորդ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան։

-Յառաջիկայ ընտրութիւնները պիտի կարողանա՞ն Հայաստանը դուրս բերել ներքին քաղաքական ճգնաժամէ՝ մանաւանդ, որ մինչեւ այս պահը հասարակութեան մեծ տոկոսը կարծես թէ խանդավառ չէ։

-Կը կարծեմ, թէ ոեւէ մէկը չի կասկածիր, որ արտահերթ ընտրութիւնները անհրաժեշտ են եւ անխուսափելի։ Պատերազմէն եւ նուաստացուցիչ պարտութենէն յետոյ, անշուշտ, վերամեկնարկի կարիք կայ։ Դուրս կու գա՞յ արդեօք Հայաստան այս վիճակէն, թէ՝ ոչ։ Դժուար է գնահատական տալ, որովհետեւ 2015-ի Սահմանադրութեամբ հաստատուած խորհրդարանական համակարգը ձեւուած էր մէկ կուսակցութեան (ՀՀԿ) եւ մէկ անհատի (Սերժ Սարգսեան) չափերով։ Յետոյ յեղափոխութեան ալիքի վրայ եկաւ Փաշինեանի «Իմ քայլը» եւ յաջողութեամբ տեղաւորուեցաւ այդ մոտելին մէջ։ Ութսունէ աւելի տոկոս ստացած ուժը ինքզինք կը զգար այնպէս, ինչպէս ձուկը ջուրին մէջ։ Հիմա յաւակնորդներու դասաւորումը այլ է եւ համակարգը գուցէ չկարողանայ սպասարկել հասարակական եւ քաղաքական նոր պահանջքը։

-Ընտրութիւններէն ետք շատ հաւանական է, որ Հայաստանը ունենայ բաւական «խճճուած» պատկերով խորհրդարան մը։ Այս առումով ի՞նչ կը խորհիք։

-Եթէ երեք, չորս, հինգ «յաղթողներ» ունենանք, չեմ գիտեր՝ թէ ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ եւ արդեօք հնարաւոր կ՚ըլլա՞յ ձեւաւորել կառավարութիւն։ Մէկ բան յստակ է, որ որեւէ կուսակցութիւն պիտի չունենայ համոզիչ մեծամասնութիւն։ Սա կրնայ տանիլ դէպի նոր արտահերթ ընտրութեան եւ աւելին՝ իրերայաջորդ արտահերթ ընտրութիւնները կրնան դառնալ մեր երկրի ողբերգական կենսակերպը։ Աստուած տայ, որ սխալ ըլլամ։

-Վերջին օրերուն Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ յղացուած առաջարկը (ուղղուած երկու նախկին նախագահներուն) տարբեր մեկնաբանութիւններու դուռ բացաւ։ Դուք որպէս ՀԱՔ-ի ներքին խոհանոցին քաջածանօթ անձ՝ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այդ առաջարկը եւ անոր մերժումը։

-Լեւոն Տէր-Պետրոսեան շատ պարզ բան մը առաջարկած էր։ Ան ըսած էր, որ եկէք միահամուռ ուժերով հեռացնենք երկիրը պարտութեան եւ նուաստութեան հասցուցած այսօրուայ իշխանութիւնները եւ մենք՝ նախկին երեք նախագահներս, հեռանանք ասպարէզէն։ Ես այսպէս հասկցած եմ։ Ոչ իբրեւ ՀԱՔ-ի համակիր, այլ որպէս սովորական քաղաքացի՝ այս առաջարկին մէջ ես երկիրը առողջացնելու միտում կը տեսնեմ։ Դժբախտաբար, Տէր-Պետրոսեանի եւ անոր յաջորդներու (Քոչարեանի, Սարգսեանի) մօտեցումները բարոյական հարթութեան վրայ չհատուեցան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 22, 2021