ՍԻՒՆԻՔԻ ՏԱԳՆԱՊԸ

Սիւնիքի շուրջ ստեղծուած մտահոգիչ մթնոլորտը փարատելու ճանապարհին է։ Ի դէպ, սահմանի դէպքերը առանձնակի իմաստ ունեցան, որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւնները առաջին անգամ, անվտանգութեան հարցով դիմեցին ՀԱՊԿ-ին ու արագ եւ յստակ արձագանգ մը ակնկալեցին այդ կառոյցէն։ Միւս կողմէ, տարուեցան ու հաւանաբար դեռ ալ կը տարուին բազմակողմանի շփումներ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի կամ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի հետ։ Այս բոլորին առընթեր բան մը յստակ է, որ ներկայ պահու դրութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական գործողութիւններու սկսելու հեռանկար մը երեւելի չէ։

Այս բոլորը, անշուշտ, անպայման չի նշանակեր, որ Սիւնիքի խնդրի էջը ամբողջապէս փակուեցաւ։ Արդարեւ, պայմանաւորուած յետնոյեմբերեան դրութեամբ, Սիւնիքը յայտնուած է՝ որպէս հատման կէտ մէկ կողմէ Թուրքիա-Ատրպէյճան ճակատին, իսկ միւս կողմէ Իրանի համար։ Եւ սոյն խաչաձեւումին մէջ հիմնական դերակատարը այս երկու երկիրներու նաւթի պաշարն է, որու հիմքով ալ մօտաւոր ապագային կրնան ձեւաւորուիլ աշխարհագրական նոր մարտահրաւէրներ։ Գաղտնիք չէ, թէ հիմնարար կը շարունակէ մնալ Ռուսաստանի «խաղաղարար» դերը, սակայն վերը նշուած ընդհանուր «խաչաձեւում»ներուն վրայ մինչեւ այս պահը ան յստակ դիրքորոշում մը չէ արտայայտած։ Մոսկուայի համար կարեւորը այս պահուն իր ունեցած եւ ձեռք բերած դիրքի ամրապնդումն է, նաեւ այդ դիրքը քաղաքական միաւորի վերածելը, այսպէսով ան աւելիով կրնայ ամրանալ, եթէ վերջնական լուծում մը տրուի Լեռնային Ղարաբաղի առկախ մնացած կարգավիճակին։

Այս բոլորէն անդին, աւելի քան պարզ է, որ ամենէն աւելի խոցելի վիճակի մատնուած է Հայաստանի իշխանութիւնը։ Նորութիւն մը չէ, որ Փաշինեանի վարչախումբը կը շարունակէ աւելիով թուլացնել Հայաստանի ազգային կամքն ու դիմադրելու ոգին։ Քաղաքական սայթաքում կամ ընդդիմադիր կեցուածք պիտի չըլլայ՝ ընդգծել, որ Հայաստանի պաշտպանական համակարգը այսօր մի քանի յայտնի պատճառներով դարձած է խոցելի։ Սա կրնայ արագօրէն ծաւալիլ Հայաստանը վերածելով անպաշտպան երկրի մը, իր ճակատագրին լքուած ժողովուրդով մը հանդերձ։ Պատասխանատուներ փնտռելու պահը, ի հարկէ, սարերու ետին չէ։ Արդարեւ, այն ինչ որ տեղի ունեցաւ, այն ինչ որ «հրամցուեցաւ» եւ այն ինչ որ որոշուեցաւ՝ փակ դռներու ետին էր։ Այդ գործելաոճը այսօր ալ կը շարունակուի՝ հակառակ հայկական կողմի համազգային ու ահռելի կորուստներուն։

Կա՞յ փրկութեան ճանապարհ, կա՞յ ի վերջոյ ելք այս թակարդէն։ Այո՛, կայ եւ այդ ելքը Հայաստանի բանակի հզօրացումով պիտի յստականայ եւ այս ուղղութեամբ պարտադիր է համախմբումը։ Սիւնիքի տագնապը տակաւին չէ վերջացած ու վերջնական խաղաղութեան ժամանակը տակաւին չէ հասած, նաեւ պիտի չհասնի այնքան ատեն, որքան հայկական կողմը շարունակէ մնալ անմիաբան։ Այդ պարագային Ատրպէյճան պիտի փորձէ ամէն գնով, յաչս ամբողջ աշխարհի, «տաշել» եւ իւրացնել Հայաստանի համար աշխարհաքաղաքական բարձր արժէքով՝ Սիւնիքի թոյլ օղակները։ Առկայ տագնապին առարկայ մարզը՝ Սիւնիքը կը համարուի հայոց աշխարհի ողնաշարը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 25, 2021