ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՐՑԱԽ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կը պատրաստուի այցելել Արցախ։ Երեւանի «Ժողովուրդ» օրաթերթի այս օրուան թիւին մէջ հաղորդուած է, որ Վեհափառ Հայրապետի ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 3-6 յունիսին։ Ինչպէս ծանօթ է, Նորին Սրբութիւնը վերջերս իրերայաջորդ այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսաստան։ Իր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին վերադառնալէն անմիջապէս վերջ արդէն հրապարակուած են սոյն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց Վեհափառ Հայրապետը կը պատրաստուի Արցախ այցելել։ Ըստ նոյն աղբիւրին, Արցախի մէջ նախատեսուած են Նորին Սրբութեան շարք մը հանդիպումները։ Բաց աստի, ան պիտի նախագահէ Ս. Պատարագի մը, որու ընթացքին աղօթք պիտի բարձրացուի երկու հայկական Հանրապետութիւններու խաղաղութեան, բարեկեցութեան եւ անսասանութեան համար։
44-օրեայ պատերազմէն վերջ առաջին անգամ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը պիտի այցելէ Արցախ։ Այս առումով Նորին Սրբութեան ուղեւորութիւնը կը համարուի աննախադէպ։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ նոյնիսկ Հայաստանի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր ցարդ չեն այցելած Արցախ։ Նորին Սրբութիւնը հոգեւոր առաջնորդի կարգավիճակով արդէն պիտի ուղեւորուի Լեռնային Ղարաբաղ, որու բնակչութիւնը ներկայիս մարդասիրական ծանր տագնապներ կը դիմագրաւէ եւ անոնց յաղթահարման նպաստելու նպատակով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ շարժման անցուցած է իր միջոցները։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Ճաբոնի նորանշանակ դեսպան Ֆուքուսիմա Մասանորին։ Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանին յաջողութեան բարեմաղթութիւններ յղեց իր առաքելութեան համար։ Ան կարեւորեց Հայաստանի եւ Ճաբոնի միջեւ հաստատուած սերտ համագործակցութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ մատնանշեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպանատան միջեւ ալ ձեւաւորուած են համագործակցութեան յարաբերութիւններ։ Սա մասնաւորապէս կ՚ընդգրկէ Մայր Աթոռի եւ թեմերու կողմէ ձեռնարկուած կրթական զանազան ծրագրերուն եւ մշակութային արժէքներու պահպանման ու խնամքին ուղղեալ աշխատանքներուն դեսպանութեան կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան։
Իր հերթին նորանշանակ դեսպանը հաւաստիացուց, թէ առաւելագոյնը պիտի ընէ երկու ժողովուրդներու կապերը աւելի սերտացնելու եւ ամրապնդելու ուղղութեամբ։ Կարեւորելով Երեւան-Թոքիօ յարաբերութիւնները՝ դեսպանը ընդգծեց, որ Ճաբոնի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ մարդասիրական զօրակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանին։ Անդրադառնալով ապագայ ծրագրերուն՝ դեսպան Մասանորի ընդգծեց, որ ջանքեր պիտի գործադրէ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական կապերու զօրացման եւ մշակութային ոլորտէ ներս համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ ան առանձնացուց այն նախագծերը, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ երիտասարդներու միջեւ շփումներու ապահովուիլը։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի կողմէ գործուած յարձակման, պատերազմի աղիտալի հետեւանքներուն եւ առկայ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէ արձագանգի անհրաժեշտութեան։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս կարեւորեց ճշմարտութեան բարձրաձայնումը նմանօրինակ արհաւիրքները կանխելու տեսակէտէ։ Ան ընդգծեց, որ լռութիւնը կրնայ ոճրագործութիւններու կրկնութեան պատճառ դառնալ։ Դեսպանը եւս ցաւ յայտնեց այս կապակցութեամբ՝ նշելով, որ հակամարտութիւններու կարգաւորումը ընդունելի է միայն խաղաղ միջոցներով։
Զրոյցի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը երախտագիտութիւն յայտնեց ներկայ դժուարին շրջանին Ճաբոնի կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։
Վեհարանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման աւարտին փոխանակուեցան գիրքեր։