ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՀԱՒԱՔԷՆ ՎԵՐՋ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ քահանայից տարեկան հաւաք, որուն մասնակցեցան 184 եկեղեցականներ՝ Հայաստանի եւ Արցախի թեմերէն։ Նախ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս Արեւագալի ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ։ Այնուհետեւ, Էջմիածնի «Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆաեան» հայորդեաց տան մէջ սկսաւ ժողովը։ Բացումին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, որ կը գլխաւորէր հաւաքի կարգադիր յանձնախումբը։ Հաւաքի աշխատանքները եզրափակուեցան Վեհափառ Հայրապետի պատգամով, որու մէջ ան ըսաւ.

«Աստուծոյ կամօք հնարաւոր եղաւ կազմակերպել Հայաստանի եւ Արցախի թեմերէն ներս ծառայող քահանաներու ամենամեայ հանդիպումը, թէեւ մարդկութեան պատուհասած համավարակը տակաւին չէ յաղթահարուած։ Նման հաւաքի անհրաժեշտութիւնը առաւել հրամայական է ներկայ պայմաններով, երբ մեր ժողովուրդը եւ հայրենիքը Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով կրեցին ցաւալի կորուստներ եւ պետութեան առջեւ յառնեցան լրջագոյն նոր մարտահրաւէրներ։ Արցախի պատերազմը մեր առջեւ պարզեց շատ ճշմարտութիւններ՝ թէ՛ աշխարհաքաղաքական իրողութիւններու եւ թէ ներքաղաքական, հասարակական կեանքի սխալ ընթացքներու, բացթողումներու եւ թերութիւններու առումով։ Ժամանակի մէջ, վստահ ենք, դեռ ամբողջական գնահատական պիտի տրուի բոլոր երեւոյթներուն», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ նկատելով, որ երէկուան հաւաքը նաեւ պատեհ առիթ մըն էր դժուարին այս իրադրութեան մէջ քննարկելու եւ սահմանելու հովուական, հոգեխնամ եւ ընկերային առաջնահերթութիւնները նաեւ, ըստ հարկի, վերատեսութեան ենթարկելու ներկայ բարդ հանգամանքներու մէջ հովուական առաքելութեան իրականացման կերպերը։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ համավարակին, ապա Արցախի պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, արտաքին մարտահրաւէրներուն։ Ըստ իրեն, մտահոգիչ է այսօր նաեւ Ատրպէյճանի ծաւալապաշտ նկրտումներու հետեւանքով Հայաստանի սահմաններուն ստեղծուած իրավիճակը, Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներու անվտանգութեան հարցը, որ լուրջ անհանգստութիւններ յառաջացուցած է ամբողջ Հայաստանի մէջ։ Ան շարունակեց. «Երէկ տակաւին ցաւով տեղեկացանք, որ Ատրպէյճանի սադրանքի հետեւանքով զոհուած է հայ զինուորական մը։ Խստօրէն դատապարտելով Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու դէմ ոտնձգութիւնները՝ Եկեղեցին իր բոլոր հնարաւոր միջոցներով աշխատանք կը տանի այս ոտնձգութիւններու կանխարգիլման, գերիներու ազատութեան, հոգեւոր մեր սրբութիւններու պաշտպանութեան համար։ Հարիւր տարի անց՝ մեր օրերուն ալ դեռ յառնած է մեր ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան հրամայականը եւ հայրենի մեր երկիրը կանգնած է նոյնական մարտահրաւէրներու առջեւ՝ պայքարելով յանուն մեր ինքնութեան եւ պատմական հայրենիքի այս փոքրիկ հողակտորին մէջ անվտանգ գոյատեւման իրաւունքի»։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Եկեղեցւոյ սրբազան առաքելութիւնն է ոչ միայն մասնակից դառնալ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման աշխատանքներու, այլեւ՝ ըլլալ ցաւի ամոքողը, վիշտերու սփոփողը, մեր ժողովուրդի հոգին պատած անյուսութեան եւ տրտմութեան ցրողը։ Այս կապակցութեամբ ան գնահատանքով անդրադարձաւ պատերազմի ծանր օրերուն եւ յաջորդած ամիսներուն եկեղեցականներու կողմէ իրականացուած աջակցութեան բազմաբնոյթ ծրագրերուն։

Խօսելով պատերազմի աղիտալի հետեւանքներու, անոնց պատճառած քաղաքական վերիվայրումներու եւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու մասին՝ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ Եկեղեցւոյ սրբազան պարտքն է ցոյց տալ ծառացած մարտահրաւէրներու իրական վտանգը, ահազանգել հայրենիքէ ներս տեղ գտնող անցանկալի զարգացումներու մասին, հոգ տանիլ ազգային համախմբման համար՝ ի խնդիր անընդունելի իրավիճակներու եւ ատելութեան ու անհանդուրժողութեան մթնոլորտի յաղթահարման։

«Յառաջիկայ ամիսը վճռորոշ պիտի ըլլայ մեր երկրի եւ մեր ժողովուրդի համար։ Պէտք է ջանքեր գործադրենք, որպէսզի նախընտարական այս շրջանին մեր ժողովուրդը չկանգնի նոր պառակտումներու եւ եղբայրատեացութեան դրսեւորումներու առջեւ։ Մեր ժողովուրդի զաւակներուն յորդորենք իրենց ընտրութեան մէջ առաջնորդուիլ ազգի ու հայրենիքի գերագոյն շահով, ըլլալ արդարամիտ եւ անաչառ։ Եկեղեցին քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալու յաւակնութիւն չէ դրսեւորած եւ չի դրսեւորեր, ձեռնարկուած քայլերը պայմանաւորուած են սոսկ ճգնաժամային բարդագոյն իրավիճակով, որու դիմագրաւման հարցին մէջ յապաղումը այլեւս յղի է նոր արհաւիրքներու։ Հայրենի երկրի ապագայի տեսլականէն մղուած պէտք է կատարուի անհրաժեշտը՝ հայրենիքը զօրացնելու եւ մեր ժողովուրդին յոյսի ապրում փոխանցելու համար։ Եկեղեցին ունի կարեւոր առաքելութիւն՝ վերապրած պատերազմի, կրած կորուստներու եւ ապագայի անորոշութեան պատճառով յառաջացած անկումային հոգեվիճակը յաղթահարելու, վաղուայ օրուայ նկատմամբ լաւատեսութիւնը ամրապնդելու, երկրէն արտագաղթը կասեցնելու։ Այս նպատակով խիստ անհրաժեշտ է եւ կարեւոր նաեւ իւրաքանչիւր եկեղեցականի ջանադիր աշխատանքը, նախաձեռնութիւնը եւ անձնական օրինակը», շարունակեց Վեհ. Հայրապետը։

Պատգամի եզրափակիչ փուլին Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ յառաջիկային ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութեամբ ձեւաւորուի հայրենանուէր, ազգասէր եւ արհեստավարժ, ազգային արժէքներով առաջնորդուող իշխանութիւն մը, որ իր նուիրումով եւ աշխատանքով ի վիճակի կ՚ըլլայ դուրս բերել հայրենի երկիրը բարդ իրադրութենէ, երաշխաւորելու հայրենիքի անվտանգութիւնը, հետապնդելու ազգային մեր իրաւուքները եւ ապահովելու արժանապատիւ կեանք ու զարգացում մեր ժողովուրդի համար Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Հայաստանի լուսաւոր ապագայի կերտման ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց նաեւ սփիւռքի դերակատարութիւնը՝ իր հսկայ ներուժով։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը աղօթք բարձրացուց համայն հայ ժողովուրդի բարօրութեան, Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար՝ վերստին պատգամելով հոգեւորականաց դասուն նախանձախնդիր ըլլալ հաւատաւոր ժողովուրդի հոգեւոր խնամքի իրականացման առաքելութեան մէջ։

Քահանայից հաւաքի աւարտին հրապարակուեցաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը։

*

Մենք՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններս եւ Հայաստանի ու Արցախի թեմերու սպասաւոր քահանաներս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդութեան գնդերէցներս, բարձր նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, մայիսի 26-ին հաւաքուելով Սուրբ Էջմիածնի մէջ քահանայից ամենամեայ հաւաքի առիթով՝

- Սուրբ Գայիանէ վանքէն ներս միասնաբար աղօթեցինք 103 տարի առաջ՝ մայիսեան հերոսամարտերու ժամանակ, յանուն ազգային մեր ինքնութեան պահպանման եւ մեր ժողովուրդի ազատ ու անկախ կեանքի մարտնչած քաջորդիներու, ինչպէս նաեւ Արցախի երկրորդ պատերազմին նահատակուած հայորդիներու, անյայտ կորսուած, գերի ինկած եւ վիրաւորուած անձերու, տեղահանեալ արցախցի ընտանիքներու համար։ Աղօթելով յիշեցինք նաեւ «վասն հայրենեաց եւ վասն հաւատոյ» իրենց արիւնը հեղած մեր հոգելոյս հոգեւոր եղբայրները։ Հայց բարձրացուցինք առ Աստուած Հայաստան եւ Արցախ աշխարհի անսասանութեան, խաղաղութեան եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի անվրդով կեանքի համար։

- Անդրադառնալով Արցախի պատերազմի հետեւանքով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին եւ առկայ մարտահրաւէրներուն՝ մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք հայրենիքի մէջ տիրող անցանկալի մթնոլորտի եւ խորացող քաղաքական ճգնաժամի առթիւ։ Կարեւոր կը նկատենք ազգային մեր ամբողջ ներուժի համախմբումը՝ ի խնդիր ծառացած արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներու արժանապատիւ յաղթահարման, իրավիճակի կայունացման եւ ներկայ պայմաններուն ներքեւ հայրենիքի տեսլականի եւ ապագայ զարգացման ուղենշման։

- Դատապարտելի կը նկատենք այն փաստը, որ հակառակ նոյեմբերի 10-ի եռակողմանի յայտարարութիւնով ստանձնած պարտաւորութիւններու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշներու, Ատրպէյճան, շարունակելով որեւէ արդարացում չունեցող իր անմարդկային քաղաքականութիւնը, ազատ չ՚արձակեր հայ ռազմագերիները, կ՚ենթարկէ զանոնք խոշտանգումներու եւ նուաստացումներու։

- Կը դատապարտենք Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս Արցախի թեմի տաճարներու եւ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան հարցին մէջ որդեգրուած մերժելի ընթացքը։ Թէ՛ պատերազմի օրերուն, թէ՛ յետպատերազմեան շրջանին արձանագրուեցան հայոց սրբատեղիներու թիրախաւորման, պղծման եւ ոչնչացման փաստեր։ Աւելին՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կեղծ օրակարգ կը ձեւաւորեն հոգեւոր ժառանգութեան շուրջ՝ փորձելով վիճարկել անոր հայկական պատկանելիութիւնը եւ զայն վերագրել ուտիական քրիստոնէական փոքրամասնութեան՝ վերջինս ներկայացնելով որպէս հնագոյն Աղուանքի կրօնամշակութային ժառանգութեան իրաւատէր։

- Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն՝ Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ոտնձգութիւններուն եւ սադրանքներուն, որոնք ուղղակի սպառնալիք են մեր հայրենիքի եւ սահմանամերձ բնակավայրերու անվտանգութեան։ Ցաւօք, երէկ մեր դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած կրակահերթերու հետեւանքով ունեցանք նաեւ զոհ։ Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք սահմանապահ մեր խիզախ եղբայրներուն, կը յորդորենք Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերուն եւ պետական պատկան կառոյցներուն՝ համարժէք քայլեր ձեռնարկել՝ ապահովելու մեր երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան անձեռնմխելիութիւնը։ Կոչ կ՚ուղղենք նաեւ միջազգային հանրութեան միջոցներ գործադրել՝ կանխելու տարածքաշրջանը նոր պատերազմի մը ներքաշել ջանացող Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները։ Խաղաղութեան այլընտրանք չկայ, յանուն այդ խաղաղութեան հեղուած է մեր ժողովուրդի զաւակներու արիւնը։ Սակայն խաղաղութիւնը չի կրնար կայուն իրողութիւն դառնալ արդարութեան ու իրաւունքներու ոտնահարման եւ անտեսման պայմաններու մէջ։

- Հայոց Եկեղեցին, իբրեւ մեր ազգի կեանքէն ներս իր բազմադարեայ ներկայութեամբ եւ պատմական փորձառութեամբ նուիրականացած հոգեւոր հաստատութիւն, կը շարունակէ պատասխանատուութիւն կրել Աստուծոյ կողմէ իրեն յանձնուած հայ ժողովուրդի եւ այս վերջնոյն կողմէ դարերով փայփայուած ազատ ու անկախ հայրենիքի համար։ Այս պատասխանատուութիւնը մեզ կ՚օժտէ՝ իբրեւ հոգեւոր դաս ամենայն նախանձախնդրութեամբ հետամուտ ըլլալու հայրենիքի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներու լուծման, անցանկալի երեւոյթներու վերհանման եւ յաղթահարման։

Պատերազմի մէջ պարտութեան, հասարակութեան մէջ տիրող անվստահութեան տրամադրութիւններու յաղթահարման ի խնդիր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հրաժարականով պայմանաւորուած հայրենի երկրին մէջ տեղի պիտի ունենան նոր խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Այս պայմաններու ներքեւ մեր սրբազան պարտքն է առաւել քան երբեւէ զօրացնել մեզ մօտ հոգեւոր եւ ազգային արժէքները, որպէսզի քաղաքական այս ընտրապայքարին մէջ տեղ չգտնեն քրիստոնեայ ժողովուրդի անյարիր եւ անընդունելի իրավիճակներ՝ յանգեցնելով մեր ազգային կեանքէն ներս նոր ցնցումներու եւ ձախողումներու, պառակտումներու ու պարտութիւններու։ Անմիաբանութիւնը մայրն է բոլոր չարիքներու։

Վեր մնալով բոլոր տեսակի հատուածական շահերէ՝ կը յորդորենք մեր ժողովուրդին՝ հեռու վանել եղբայրատեացութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը, թշնամանքն ու վրէժխնդրութիւնը, չտարուիլ կեղծիքի ու անարդարութեան ազդեցութիւններէն, փոխարէնը՝ զգեստաւորուած արդարամտութեամբ, ողջախոհութեամբ եւ ապագայի նկատմամբ անձնական պատասխանատուութեան զգացումով՝ խղճի մտօք մասնակցիլ ընտրութիւններուն։ Հայոց պատմութեան այս օրհասական հանգրուանին, երբ կը փորձուի մեր ժողովուրդի հաստատակամութիւնն ու ազատ կեանքի գիտակցութիւնը, իրաւունք չունինք մեղանչելու անտարբերութեամբ մեր հայրենիքին, որով եւ մեր համայն ազգի վաղուայ օրուան դէմ։

Կ՚աղօթենք, որպէսզի Ամենազօր Աստուած իր ողորմութեամբ ազգս համախումբ պահէ եւ իմաստութիւն պարգեւէ, որպէսզի, Ամենայն Հայոց Հայրապետի մաղթանքին համաձայն, յառաջիկային մեր ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութեամբ ձեւաւորուի հայրենանուէր, ազգասէր եւ արհեստավարժ, ազգային արժէքներու առաջնորդուող իշխանութիւն մը, որ իր նուիրումով եւ աշխատանքով ի վիճակի կ՚ըլլայ դուրս բերելու հայրենի մեր երկիրը բարդ իրադրութենէն, երաշխաւորելու հայրենիքի անվտանգութիւնը, հետապնդելու ազգային մեր իրաւունքները եւ ապահովելու արժանապատիւ կեանք ու զարգացում մեր ժողովուրդի համար Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։

Հինգշաբթի, Մայիս 27, 2021