«ԿՈՄԻՏԱՍ»Ի 80-ԱՄԵԱԿԸ

Ու­րու­կուա­յի «Կո­մի­տաս» հայ­կա­կան ռա­տիօ­ժա­մի հիմ­նադ­րու­թեան 80-ա­մեա­կին առ­թիւ վեր­ջին օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ­ներ։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ «Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րը։

Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան այս առ­թիւ կա­րե­ւո­րեց աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն ներս գոր­ծող հայ­կա­կան ռա­տիօ­ժա­մե­րուն դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ յատ­կա­պէս հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն։ Այս ծի­րին մէջ ա­ռա­ջին­նե­րէն մին ե­ղած էր Ու­րու­կուա­յի «Կո­մի­տաս» ռա­տիօ­ժա­մը՝ դառ­նա­լով հա­յոց լե­զուի, հայ ինք­նու­թեան, ազ­գա­յին ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան փա­րոս մը։ Այս ռա­տիօ­ժա­մի բա­ցա­ռիկ ա­ռա­քե­լու­թեան մաս կազ­մած է նաեւ՝ Հա­յաս­տա­նի հա­զա­րա­ւոր քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ միշտ լսե­լի դարձ­նել ա­նոր ձայ­նը, աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան ձայ­նը, շա­րու­նակ ար­ծար­ծե­լով լեզուի եւ ինք­նու­թեան պահ­պան­ման խնդիր­նե­րը։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նշեց, թէ Ու­րու­կուա­յի մէջ ռա­տիօ­ժա­մին դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հա­ւա­սա­րա­զօր ե­ղած է դպրո­ցին եւ ե­կե­ղե­ցիին։

Յո­բե­լեա­նին առ­թիւ ար­տա­յայ­տուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին ռա­տիո­յի տնօ­րէն Ար­մէն Ա­մի­րեան, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ար­մէն Ռուս­տա­մեան, Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան պիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հրանդ Մար­գա­րեան։ «Կո­մի­տաս» ռա­տիօ­ժա­մի պա­տաս­խա­նա­տու Կա­րօ Հէ­քի­մեանն ալ այս առ­թիւ ար­տա­սա­նեց իր սրտի խօս­քը։

80-ա­մեա­կի առ­թիւ Ու­րու­կուա­յի «Կո­մի­տաս» ռա­տիօ­ժա­մը պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­նուն մե­տայ­լով։ 

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015