«ԵՒ, ԵՒ»Ի ՄՕՏԵՑՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Տնտե­սու­թեան ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­րար Գա­րե­գին Մել­քո­նեան յայ­տա­րա­րեց, որ Եւ­րո­միու­թեան հետ նա­խա­պատ­րաս­տուող նոր փաս­տա­թուղ­թը պի­տի հա­մա­պա­տաս­խա­նէ «եւ, եւ» քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Եւ­րո­միու­թեան հետ նա­խա­պատ­րաս­տուող հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր փաս­տա­թուղ­թին ձե­ւա­չա­փը տա­կա­ւին թէեւ յայտ­նի չէ, սա­կայն ան պի­տի ըլ­լայ երկ­կող­մա­նիօ­րէն բա­նակ­ցուող ու վա­ւե­րա­ցուող փաս­տա­թուղթ մը։ Ռի­կա­յի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Եւ­րո­միու­թիւ­նը ցոյց տուաւ, որ եր­կիր­նե­րու նկատ­մամբ պի­տի գոր­ծեն տար­բե­րա­կուած մօ­տե­ցում­ներ ու ձե­ւա­չա­փեր եւ պի­տի չըլ­լան ընդ­հան­րա­կան մեր­ձե­ցում­ներ։ Փոխ-նա­խա­րար Գա­րե­գին Մել­քո­նեան այս առ­թիւ ը­սաւ. «Հա­յաս­տան բազ­միցս նշած է, որ կողմ­նա­կից է «եւ, եւ» քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ Ար­դիւն­քին ալ մենք ան­ցեալ տա­րի վերսկսանք քննար­կում­նե­րը Եւ­րո­միու­թեան հետ։ Սա­կայն տա­կա­ւին պարզ չէ, թէ վերջ­նա­կան ինչ փաս­տա­թուղթ մը պի­տի ստո­րագ­րուի», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, թէ տա­կա­ւին ո­րո­շուած չէ նաեւ նոր փաս­տա­թուղ­թի ստո­րագր­ման հա­մար ո­րե­ւէ ժամ­կէտ։ Յա­մե­նայն­դէպս, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վը հա­ւա­նու­թիւն տուած է հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման ուղ­ղեալ ա­ռա­ջար­կին Հա­յաս­տա­նի հետ եւ պաշ­տօ­նա­կան հայ­ցա­դի­մում ու­ղար­կած՝ ԵՄ-ի խոր­հուր­դին։ Այս վեր­ջի­նը պի­տի հաս­տա­տէ ի­րա­ւա­սու­թիւ­նը։ Ան յի­շե­ցուց, թէ Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին կա­տա­րուե­ցան քա­նի մը սրբագ­րու­թիւն­ներ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Հա­յաս­տան ան­դա­մակ­ցած է Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան՝ Եւ­րո­միու­թեան հետ կ՚ըն­թա­նան նոր քննար­կում­ներ, որ­պէս­զի յստա­կե­ցուի՝ թէ ի՛նչ ի­րա­ւա­կան ձե­ւա­կեր­պում­ներ պէտք է տրուին նոր փաս­տա­թուղ­թին մէջ։ Մել­քո­նեան շեշ­տեց, որ սոյն քննար­կում­նե­րը պաշ­տօ­նա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ չեն հա­մա­րուիր, կող­մե­րը ո­րե­ւէ փաս­տա­թուղ­թի շուրջ չեն բա­նակ­ցիր, այլ կը փոր­ձեն հասկ­նալ, թէ ինչ­պի­սի նոր փաս­տա­թուղթ մը կրնան ստո­րագ­րել։

Ե­րե­ւա­նի աղ­բիւր­նե­րը կը տե­ղե­կաց­նեն, թէ ան­կախ ԵՄ-ի հետ նա­խա­պատ­րաս­տուող փաս­տա­թուղ­թի ձե­ւա­չա­փէն՝ ող­ջու­նե­լի է հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը եւ­րո­պա­կան կող­մին հետ։ Ներ­կայ պայ­ման­նե­րով, խնդի­րը այն է, թէ տնտե­սա­կան բնա­գա­ւա­ռէ ներս Հա­յաս­տան ար­դեօք կրնա՞յ խո­րաց­նել յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ԵՄ-ի հետ։ Թէեւ ի­րե­րա­յա­ջորդ ձե­ւով կը կա­տա­րուին շատ լա­ւա­տես յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, սա­կայն այս հար­ցին հա­մար պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը տա­կա­ւին չու­նին յստակ, պարզ պա­տաս­խան մը։ Ար­դա­րեւ, գոր­ծա­րար շրջա­նակ­ներն ալ կը մատ­նան­շեն, որ նոյ­նիսկ Հա­յաս­տա­նի հետ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան պա­րա­գա­յին Եւ­րո­պա պի­տի չկա­տա­րէ զիջ­նում­ներ։ Ուղ­ղա­կի, հայ­կա­կան կող­մը պէտք է բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը այն­պի­սի մա­կար­դա­կի մը հասց­նէ, որ հայ գոր­ծա­րար­նե­րը կա­րե­նան հա­մար­կիլ տնտե­սա­կան նոր ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ու չկրեն վնաս­ներ։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Գա­րե­գին Մել­քո­նեա­նի խօս­քե­րով, ԵՄ-ի հետ բա­նակ­ցուե­լիք նոր փաս­տա­թուղ­թին մէջ պէտք է հնա­րա­ւո­րինս ընդգր­կուին այն դրու­թիւն­նե­րը, պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­ներն ու մօ­տե­ցում­նե­րը, ո­րոնք ամ­րագ­րուած էին բա­նակ­ցուած, սա­կայն չստո­րագ­րուած Հա­մարկ­ման հա­մա­ձայ­նագ­րին մէջ։ Ինչ­պէս Հա­յաս­տա­նի, այն­պէս ալ Եւ­րո­միու­թեան տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ գտնել այն ո­լորտ­նե­րը, ուր տա­կա­ւին կրնան հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ կող­մե­րը։ Ներ­կա­յիս կը մա­ղուին ու դուրս կը թո­ղուին այն բնա­գա­ւառ­նե­րը, ուր Եւ­րո­միու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը այ­լեւս ան­կա­րե­լի է։

Նոր ի­րա­վի­ճա­կին մէջ, տա­կա­ւին պաշ­տօ­նա­պէս չեն սկսած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, այ­դու­հան­դերձ Գա­րե­գին Մել­քո­նեան փոր­ձեց թուար­կել այն բնա­գա­ւառ­նե­րը, ո­րոնք կրնան նե­րառ­նուիլ ԵՄ-ի հետ կնքուե­լիք նոր փաս­տա­թուղ­թի տնտե­սա­կան հա­տուա­ծին մէջ։ «Ա­մե­նա­տար­բեր ո­լորտ­նե­րէ ներս մրցակ­ցու­թիւն, թա­փան­ցի­կու­թիւն, ներդ­րում­ներ, ծա­ռա­յու­թիւն­ներ, ա­ռեւ­տուր, նաեւ մաք­սա­յին վար­չա­րա­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ ո­րոշ հար­ցեր, վէ­ճե­րու կար­գա­ւոր­ման դրու­թիւն ե­ւայլն։ Մենք սկզբուն­քօ­րէն ո­րո­շած ենք, որ այդ ո­լորտ­նե­րը պի­տի մնան ստո­րագ­րուե­լիք հա­մա­ձայ­նագ­րին մէջ», ը­սաւ Գա­րե­գին Մել­քո­նեան։

 

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015