ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՋԵՐՄՈՒԿ
Երէկ, Հայաստանի տարածքէն ներս հաստատուած երկրորդ «Հայաթ Փլէյս» պանդոկի պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ջերմուկի մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի մասնակցութեամբ։ Ծանօթ է, որ «Հայաթ Փլէյս» առաջին պանդոկը բացուած էր Երեւանի մէջ, իսկ այս անգամ ահա երկրորդը հաստատուած է մայրաքաղաքէ դուրս՝ Ջերմուկ քաղաքին մէջ, որ կը գտնուի երկրի հարաւին եւ համբաւ ունի իր բնական գեղեցկութիւններով։ Վերջին տարիներուն Հայաստանի ղեկավարութիւնը թափ տուած է Ջերմուկի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն եւ այդ ճանապարհին վրայ «Հայաթ Փլէյս»ի նման միջազգային յառաջատար ցանցի մը պանդոկին այնտեղ բացուիլը ունի մեծ նշանակութիւն։
Վայոցձորի մարզ կատարած այցելութեան շրջագծով Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ երէկուան բացման արարողութեան։ Հարկ է նշել, որ Ջերմուկի մէջ բացուածը ամբողջ Եւրոպայի տարածքի թիւով երրորդ «Հայաթ Փլէյս» պանդոկն է։ Շուրջ 12 միլիառ հայկական դրամի ներդրումով կառուցուած համալիրը կ՚ընդգրկէ ժամանցի եւ հանգիստի գօտի, SPA կեդրոն եւ ջրաբուժարան՝ Ջերմուկի հանքային ջուրով բուժական լոգարաններով, մարզադահլիճ, լողաւազան, շոգեբաղնիք, մանկական սենեակ, գործարար կեդրոն, ճաշարան, ժողովասրահներ եւ դահլիճներ։ Համալիրը կը բաղկանայ երեք շէնքերէ։ Կեդրոնական հատուածին առընթեր կառուցուած են հարաւային եւ հիւսիսային մասնաշէնքերը։ Շրջակայքի ընդարձակ մակերեսով տարածքն ալ բարեկարգուած է՝ որպէս հանրային օգտագործման կանաչ գօտի։ 12 հազար քառակուսի մեթր տարածքի վրայ կառուցուած համալիրը պիտի նպաստէ, որպէսզի Ջերմուկ քաղաքը դառնայ միջազգային չափանիշներու համապատասխան, առողջ ու աշխոյժ կենսակերպի, պատմամշակութային զբօսաշրջութեան կեդրոն մը։
Ինչպէս ծանօթ է, «Հայաթ» պանդոկներու կեդրոնական ղեկավարութեան մէջ յառաջատար դիրք կը զբաղեցնէ ամերիկահայ յայտնի անուն մը՝ Հոփլամազեան, որ կը վարէ ընդհանուր գործադիր տնօրէնի պաշտօնը։