ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ

Քաղաքականութեան մէջ, միշտ ալ խօսակցութիւններ կ՚ըլլան, թէ Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները լիարժէք կերպով զարգացումի ճամբան չեն բռնած։ Սա խնդիր մըն է, որ մշտապէս տեղ կը զբաղեցնէ հայկական օրակարգին վրայ։ Անշուշտ, յիշեալ վերագրումը ունի զանազան պատճառներ, որոնց ամենակարեւորն է, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները ո՛չ միայն կարեւոր ճիգ տարած են այդ յարաբերութիւններու զարգացումը ապահովելու համար, այլ ընդհակառակն՝ անոնք ունեցած են մեծ բացթողումներ եւ նոյնպէս «նպաստած» այդ յարաբերութիւններու ձեւով մը սառեցման: Ճիշդ է, որ նախագահ Թրամփի շրջանին ԱՄՆ այնքան ալ հետաքրքրութիւն չցուցաբերեց Հայաստանի նկատմամբ։ Բայց եւ այնպէս, իբր թէ արեւմտեան արժեչափերու դաւանող Հայաստանի այժմու իշխանութիւնները ոչինչ ըրին, որպէսզի անցեալի վարչախումբը առնուազն փորձէր նեցուկ կանգնիլ երկրին:

Այս առումով ուշագրաւ էր՝ օրերս Երեւանի մէջ կազմակերպուած Հայ-ամերիկեան քաղաքագիտական առաջին ֆորումը, որուն հետեւելու հնարաւորութիւնը իսկապէս բախտ մըն էր։ Այս ձեռնարկը տեղի ունեցաւ նախաձեռնութեամբ՝ միջազգայնագէտ Սուրէն Սարգսեանի, որ երկար ժամանակէ ի վեր Հայաստանի մէջ կը դասուի այն ուժերու շարքին, որոնք ոչ միայն գիտական մակարդակով կը փորձեն ներկայացնել հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ընդհանուր պատկերը, այլեւ այդ առումով կը ջանան կարեւոր ներդրում մը ունենալ այդ յարաբերութիւններու զարգացման: Յիշեալ ֆորումի քննարկումները բաժնուած էին երկու մասի: Առաջին մասը կը կրէր «Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններ» խորագիրը, իսկ երկրորդ մասը՝ «Կամուրջներ հարեւաններու միջեւ. տեսակէտներ Երեւանէն եւ Անգարայէն»։

Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ընդհանուր տեսածիրը հետաքրքրական երեսակներով բիւրեղացաւ ֆորումի ընթացքին հնչած գաղափարներու լոյսին տակ։ Ձեռնարկի ընթացքին զանազան զեկուցումներով հանդէս եկան «Քառնեկի» միջազգային հիմնարկէն Փոլ Սթրոնսքի եւ Թոմաս տը Վաալ, Լեսթերի համալսարանի դասախօս Էտուարտ Աբրահամեան, Ամերիկեան հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի հիմնադիր Սուրէն Սարգսեան, Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Ռուբէն Մելքոնեան, նոյն ֆաքիւլթէի դասախօսներէն Վարուժան Գեղամեան եւ լրագրող Արիս Նալճը: Ելոյթներու աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ բաց քննարկում։ Այս առթիւ մասնակիցները, որոնց մեծամասնութիւնը ԵՊՀ-ի ուսանողներ էին, կարելիութիւն ունեցան յաւելեալ մեկնաբանութիւններ ստանալու Հայաստան-ԱՄՆ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ հարեւաններուն միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ ներկայիս ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակին շուրջ:

Այս ամբողջին մէջ յատկապէս ուշագրաւ էր Սուրէն Սարգսեանի խօսքը։ Ան ոչ միայն փորձեց ներկայացնել Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու այժմու ընդհանուր վիճակը, այլեւ ջանաց ներկայացնել անոնց կաղացման պատճառները։ Ան հետամուտ էր բացատրել, թէ ի՛նչ հիմքերով կարելի կրնայ ըլլալ յառաջիկային զարգացնել հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները:

Սուրէն Սարգսեանի համոզմամբ, սա տեղի կրնայ ունենալ երեք հիմնական առանցքի շուրջ։ Առաջին՝ ԱՄՆ-ի համաշխարհային քաղաքականութիւնը եւ անոր հաւանական ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ։ Երկրորդը՝ տարածքաշրջանային բաղադրիչն է. այսինքն՝ Հարաւային Կովկասի պարագային Ուաշինկթըն ի՛նչ քաղաքականութիւն պիտի որդեգրէ եւ այդ մէկը ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի գործէ Երեւանի վրայ։ Երրորդ բաղադրիչը կը հանդիսանայ երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Այսինքն, Հայաստան ի՞նչ կ՚ակնկալէ ԱՄՆ-էն կամ փոխադարձաբար։

Նկատի ունենալով, որ Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Լին Թրէյսի կը բացակայէր Հայաստանէն՝ տեսաուղերձով մը հանդէս եկաւ ԱՄՆ-ի հաւատարմատարը։ Այս վերջինը ընդգծեց, որ անհրաժեշտ կը համարուին նման հարթակները, որոնք թոյլ կու տան գաղափարներու անկաշկանդ փոխանակման, նոր մօտեցումներու արտայայտման եւ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման շուրջ խորհրդածութեան։ Ան յիշեցուց, որ անցեալ երեք տարիներու ընթացքին ԱՄՆ եւ Հայաստան շատ մը ոլորտներու մէջ համագործակցած են՝ մասնաւորապէս բարեփոխումներու գետնի վրայ:

Իր կարգին, Փոլ Սթրոնսքի մասնաւորապէս մատնանշեց, որ Հարաւային Կովկասի պարագային տարիներու ընթացքին էական փոփոխութիւն մը չէ նկատուած ԱՄՆ-ի տարածքաշրջանային քաղաքականութեան մէջ: Ըստ իրեն, Թրամփի տարիներուն հետաքրքրութիւն մը կար, սակայն այժմ Պայտընի օրով կան ոլորտներ, որոնք աշխոյժ մակարդակի վրայ են. ինչպէս՝ տնտեսական կապերը։ Հաշուի առնելով յարափոխուող աշխարհաքաղաքական միջավայրը՝ Պայտընի վարչակազմը անպայման կ՚արձագանգէ։ Պատերազմէն վերջ տարածքաշրջանի կայունացումը անհրաժեշտութիւն դարձած է։ ԱՄՆ-ի նոր վարչախումբը նաեւ աւելի ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ բարեփոխութիւններու, մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան: Ըստ իրեն, ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւնները կարելի է դրական գնահատել։ Ճիշդ է՝ անոնք պայմանագրային դաշնակիցներ չեն, բայց ունին երկարաժամկէտ համաշխարհային, տարածքաշրջանային համագործակցութեան պատմութիւն: Ան շեշտեց, որ Հայաստան դարձած է տարածքաշրջանի գլխաւոր բարեփոխումներ իրականցնող երկիրներէն մին՝ ո՛չ միայն Հարաւային Կովկասէ, այլեւ՝ ամբողջ արեւելեան Եւրոպայէ ներս։ Սա դրական հանգամանք մըն է։

Էտուարտ Աբրահամեան ցաւ յայտնեց, որ Հայաստան այսօրուայ դրութեամբ գործօն մը չէ տարածքաշրջանին մէջ։ Այս կացութիւնը կրնայ փոխուիլ, եթէ օր մը իշխանութեան գլուխ գան մարդիկ, որոնք ճիգ կը գործադրեն, որպէսզի երկիրը վերստին գործօն մը դառնայ։

Յայտնի վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալն ալ մատնանշեց, որ ԱՄՆ նուազ ներգրաւուած է Հարաւային Կովկասին. օրինակ՝ այլեւս մեծ դեր մը չունի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գծով: Ըստ իրեն, Հայաստան- ԱՄՆ յարաբերութենէն մեծ բեռ մը պակսեցաւ ցեղասպանութեան ճանաչումով։ Այժմ ԱՄՆ կրնայ կեդրոնանալ Հայաստանի կարիքներուն վրայ, որոնք ստեղծուեցան յետպատերազմական շրջանին. օրինակ՝ տնտեսական կամ քաղաքական կայունութեան անհրաժեշտութիւնը եւ այլն: Տը Վաալ անդրադարձաւ գերիներու խնդրին, նաեւ առկայ սահմանային հարցերուն։ Ան առաջարկեց, թէ ԱՄՆ նախաձեռնէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութիւնը։

Ի շարունակութիւն, Սուրէն Սարգսեան նշեց, որ այսօր հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները կը գտնուին պատմականօրէն ամենէն դժուար ու ամենէն ցած մակարդակին վրայ: «Եթէ ուսումնասիրենք անցեալի փորձառութիւնը, ապա կը տեսնենք, որ վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւնները բաւական աշխոյժ եղած են, միշտ եղած են բարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ՝ երեք նախկին նախագահներու օրօք։ Եղած է առաջին նախագահին պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Ուաշինկթըն։ Երկրորդ եւ երրորդ նախագահներն ալ հանդիպումներ ունեցած են ԱՄՆ-ի նախագահներուն հետ: Այս պահու դրութեամբ կարելի է ըսել, որ վերջին երեք տարիներու կտրուածքով բարձր մակարդակի հանդիպում մը ընդհանրապէս չէ եղած։ Այսինքն Հայաստանի վարչապետը որեւէ հանդիպում չէ ունցած ԱՄՆ-ի նախագահին կամ փոխ-նախագահին հետ», դիտել տուաւ Սարգսեան, ըստ որու, սա կը նշանակէ, թէ գոյութիւն չունին օրակարգային այնպիսի հարցեր, որոնց շուրջ երկու երկիրներու ղեկավարները կրնան հանդիպումներ ունենալ։

Սարգսեան ֆորումի ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ երկուքուկէս տարի առաջ տեղի ունեցած նախաձեռնութեան մը, որով հայկական կողմը խնդրած էր խումբ մը քոնկրէսականներէ՝ միջնորդել հանդիպում մը կազմակերպելու Թրամփի հետ: Սակայն այդ հանդիպումը կարելի չէր եղած։ Արդարեւ, գործարարի իր մտածելակերպով Թրամփ տեսած էր, թէ աշխարհի 193 երկիրներու շարքին՝ Հայաստան ԱՄՆ-ի 165-րդ գործընկերն է՝ երկկողմանի առեւտուրի ծաւալի առումով։ Սա կը նշանակէ, որ կարելի է աշխատանք տանիլ գոնէ առեւտրական կապերը զարգացնելու համար։ «Տնտեսական յարաբերութիւնները չափազանց կարեւոր են, որովհետեւ եթէ քաղաքական յարաբերութիւններ չես կրնար կառուցել, բայց կրնաս կառուցել տնտեսական յարաբերութիւններ։ Տնտեսութիւնը անպայման քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակ մը կը բերէ, ինչ որ չափազանց կարեւոր է: Թէեւ Հայաստան փոքր երկիր մըն է, փոքր շուկայ մը ունի, բայց կարեւոր գործընկեր մը կրնայ ըլլալ ԱՄՆ-ի համար», համոզուած է Սարգսեան, որ ընդգծեց, թէ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ Ուաշինկթընի հետաքրքրութիւնը ակնյայտ է։ Ամերիկեան կողմը հետաքրքրուած է Իրանով։ Սա իր ամենէն կարեւոր արտաքին մարտահրաւէրներէն մին է։ Իրան Հայաստանի հարեւանն է։ Հայաստանի հարեւանն է նաեւ Թուրքիան, որ ԱՄՆ-ի հիմնական ռազմավարական դաշնակիցներէն մին է, բայց անոնց յարաբերութիւնները ներկայիս չեն գտնուիր նախկին մակարդակին վրայ։ Բայց, ԱՄՆ-ի կողմէ՝ մանաւանդ գիտական շրջանակներէ ներս, կայ ընկալում մը, թէ Թուրքիան իւրայատուկ «անառակ որդի» մըն է։ Ան թէեւ հեռացած է, բայց անպայման պիտի վերադառնայ: Հիմա Անգարայի եւ Ուաշինկթընի շահերը ոչ թէ չեն համընկնիր, այլ ուղղակի հակասութեան մէջ են զանազան ուղղութիւններով՝ սկսեալ Սուրիայէն, մինչեւ Միջերկրական կամ Սեւ ծով: Հիմա այնպէս մը ստացուած է, որ ռազմավարական դաշնակիցներու յարաբերութիւնները բացարձակապէս ռազմավարական բնոյթ մը չունին։ Սա քանի մը կարեւոր հետեւանք կրնայ ունենալ: «Թուրքիոյ վրայ ճնշումներ գործադրելու ցանկութիւն մը կայ ԱՄՆ-ի մէջ։ Սա պայմանաւորուած չէ միայն Անգարայի արտաքին քաղաքականութեամբ։ Այլ հանգամանքներ ալ կան։ Նախքան ընտրուիլը Պայտըն կ՚ըսէր, որ աւելի պէտք է աշխատին Թուրքիոյ ընդդիմութեան հետ։ Սա կը նշանակէ, որ ԱՄՆ աւելի մեծ ուշադրութիւն պիտի ցուցաբերէ Թուրքիոյ քաղաքական գործընթացներուն եւ ընտրութիւններուն նկատմամբ», շարունակեց ան։

Ֆորումի ընթացքին Սուրէն Սարգսեան բացատրեց նաեւ, որ ԱՄՆ-ի հայեացքով տարածքաշրջանէ ներս կարեւոր գործընկեր մըն է Վրաստան։ Այս վերջինը իւրայատուկ այլընտրանք մըն է, որպէսզի Թուրքիոյ միջոցով չլուծուելիք հարցերը ԱՄՆ փորձէ անոր միջոցաւ լուծել: Կայ նաեւ Ատրպէյճանը, որ բացի իր ուժանիւթի միջոցներէն, ԱՄՆ-ը կը հետաքրքրէ նաեւ ռազմավարական տեսակէտէ Աֆղանիստանի պարագային։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի վրայով կը տեղափոխուին ամերիկեան զինամթերքն ու մատակարարումները: Պայտըն յայտարարած է, թէ ամերիկեան զօրքերը դուրս պիտի բերէ Աֆղանիստանէն։ Սա Ատրպէյճանի կարեւորութիւնը կրնայ նուազեցնել եւ հայկական դիւանագիտութեան համար կրնայ ստեղծել նոր հնարաւորութիւններ: Բնականաբար, Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը կը գտնուի ԱՄՆ-ի ուշադրութեան կեդրոնին։ Ուաշինկթըն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներէն մին է։ Բաց աստի, Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանը ԱՄՆ-ի անմիջական ուշադրութեան առարկայ է։ Ամերիկեան կողմը այս տարածքաշրջանը կը դիտէ շատ աւելի ընդհանուր ձեւով՝ հաշուի առնելով առկայ բոլոր մարտահրաւէրներն ու խնդիրները:

Սուրէն Սարգսեան ֆորումի ընթացքին կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ ինչպէս երէկ, այնպէս ալ այսօր ԱՄՆ-ի տեսակէտէ կարեւոր կը մնան հայ-թրքական յարաբերութիւնները։ «Պէտք է ըսել, որ ԱՄՆ-ի անխտիր բոլոր վարչակազմերը առաջնահերթութիւն նկատած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Աշխոյժ միջնորդական ջանքեր գործադրուած են 90-ականներէն ի վեր։ Կան հարիւրաւոր գաղտնազերծուած փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն, թէ ԱՄՆ-ի իրերայաջորդ ղեկավարութիւնները՝ սկսեալ Ճորճ Պուշ աւագի նախագահութեան տարիներէն, փորձած են խթանել հայ-թրքական յարաբերութիւններու զարգացումը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 31, 2021