ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹ

Միջ­միու­թե­նա­կան ար­տա­սա­նու­թեան մրցոյ­թը ե­րէկ երեկոյեան կա­յա­ցաւ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան սա­նուց միու­թեան եր­դի­քին տակ։ Մեծ ե­ղեռ­նի նա­հա­տակ գրա­գէտ­նե­րուն ձօ­նուած մրցոյ­թի դափ­նե­կի­րը հան­դի­սա­ցաւ Սա­հա­կեան սա­նուց միու­թե­նէն Մա­րիամ Քե­շի­շօղ­լու։

Ա­մե­նա­մեայ այս մրցոյ­թին տան­տի­րու­թիւ­նը այս տա­րի վի­ճա­կած էր Տա­տեան սա­նուց միու­թեան, ո­րու վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը, գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Աս­լին Ուս­թաա­րա­մօղ­լուին, ջերմ ու մտեր­միկ հիւ­րա­սի­րու­թիւն մը ցու­ցա­բե­րե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րուն, ո­րոնց կար­գին էին նաեւ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ եւ բազ­մա­մեայ կրթա­կան մշակ Հեր­մի­նէ Պեն­լիօղ­լու։ Դա­տա­կազ­մին ան­դամ­ներն էին Ա­րամ Կոս­տա­նեան, Գա­րե­գին Պար­սա­մեան, Ա­նի Քա­լայ­լը եւ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան։ Հան­դի­սա­վարն էր Թա­րա Քը­լը­չիւս­թէր։

Մրցոյ­թին մաս­նա­կից­նե­րուն որ­պէս պար­տա­դիր ար­տա­սա­նու­թիւն յանձ­նա­րա­րուած էր Ռու­բէն Սե­ւա­կի «Ե­կուր» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, որ­մէ զատ իւ­րա­քան­չիւր մաս­նա­կից ար­տա­սա­նեց նաեւ իր կող­մէ ընտրուած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն մը։

Մրցոյ­թի ա­ւար­տին ա­ռա­ջին հռչա­կուե­ցաւ Մա­րիամ Քե­շի­շօղ­լու։ Երկ­րորդ կար­գին վրայ տեղ գրա­ւե­ցին Պէզ­ճեան սա­նուց միու­թե­նէն Տիա­նա Չի­լին­կի­րեան ու Լե­ւոն-Վար­դու­հեան սա­նուց միու­թե­նէն Մե­լի­սա Թաշ­ճեան, իսկ եր­րորդ հան­դի­սա­ցան Տա­տեան սա­նուց միու­թե­նէն Աս­լին Թու­րունչ եւ Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թե­նէն Մի­րել­լա Կիւ­լէր։

Դափ­նե­կիր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն ու դա­տա­կազ­մի ան­դամ­նե­րուն յանձ­նուե­ցան նուէր­նե­ր։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015