ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ Կիլիկեան Աթոռի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ զրոյցի ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի եւ Լիբանանի ներքին կացութեան վերաբերեալ հարցեր։

Ինչպէս ծանօթ է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի դեսպանը պարբերաբար կ՚ունենան տեսակցութիւններ։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան տարեդարձը մայիսի 28-ին նշուեցաւ նաեւ Անթիլիասի մէջ։ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Հանրապետական մաղթանք, որուն ներկայ գտնուեցան Կիլիկեան Աթոռի բազմաթիւ միաբաններ եւ հաւատացեալներ։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին կանգ առաւ Հայաստանի շուրջ համախումբ գտնուելու կարեւորութեան վրայ։

Անթիլիասի մէջ կազմակերպուած Հանրապետական մաղթանքին ալ մասնակցութիւն բերած էր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 1, 2021