ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Սե­ւան եւ Ար­տա­շատ քա­ղաք­նե­րուն մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին օ­ծուե­ցան եւ պաշ­տա­մուն­քի բացուե­ցան նո­րա­կա­ռոյց ե­կե­ղե­ցի­ներ։ Սե­ւան քա­ղա­քի Ս. Հրեշ­տա­կա­պե­տաց եւ Ար­տա­շատ քա­ղա­քի Ս. Յով­հան­նէս Ա­ւե­տա­րա­նիչ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը օ­ծուե­ցան հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի։ Եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն ալ օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։ Եր­կու սրբա­վայ­րերն ալ կա­ռու­ցուած են ճար­տա­րա­պետ Ար­տակ Ղու­լեա­նի նա­խագ­ծին հա­մա­ձայն։

Ար­տա­շա­տի ե­կե­ղե­ցին կա­ռու­ցուած է Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու բա­րե­րա­րու­թեամբ։ Սե­ւա­նի ե­կե­ղե­ցին կա­ռու­ցուած է ֆրան­սա­հայ բա­րե­րար Սար­գիս Պե­տո­յեա­նի նուի­րա­տուու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015