ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ՊԱՏՇԱՃ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՆԱՀԱՏԱԿ ՔԱՋՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ԱՃԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած ծանր պայմաններուն ներքեւ, Հայաստանի հանրային կարծիքը ցնցուած է վերջին օրերուն կատարուած բացայայտումով մը։ Այսպէս, լրատուամիջոցները ողողուած են տեսանիւթով մը եւ անոր արձագանգներով։ Համացանցի վրայ յայտնուած են լուսանկարներ, որոնք կը ցոլացնեն Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան «Դատաբժշկական գիտագործնական կեդրոն»ի Աբովեանի մասնաճիւղէն ներս ի պահ դրուած նահատակներու դիեր։ Արցախի երկրորդ պատերազմին ժամանակ զոհուածներու դիերը այնտեղ պահուած են անպատշաճ պայմաններու ներքեւ, ինչ որ հանրային կարծիքին մօտ յառաջացուցած է մեծ վրդովմունք եւ ցասում։ Թէեւ Աբովեանի դիահերձարանի վարիչն ու երկու աշխատակիցները ազատուած են աշխատանքէ, սակայն, հանրութեան մէջ յառաջացած պոռթկումը չէ մեղմացած։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ երէկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը արձագանգեց այս վերջին ցաւալի երեւոյթին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը դատապարտեց զինուորականներու աճիւններուն հանդէպ նման վերաբերմունքը ու տեղեկացուց, որ որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չի կրնար արդարացնել հերոս զաւակներու մասունքներուն դէմ նման անարգալից վերաբերմունքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ մամուլի մէջ լոյս տեսած լուսանկարները եւ տարածուած տեսանիւթը յառաջացուցած են հանրութեան, զոհերու եւ անյայտ կորսուածներու ընտանիքներու արդար վրդովմունքն ու տարակուսանքը։

«Որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն եւ բերուած պատճառաբանութիւն չի կրնար արդարացնել նման անարգալից վերաբերմունքը մեր ժողովուրդի հերոս զաւակներու մասունքներուն դէմ։ Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ մեր ժողովուրդի անվտանգ ու խաղաղ կեանքին համար նահատակուած քաջորդիներու աճիւնները, անկախ անոնց առընչութեամբ իրականացուող գործընթացներէ, պէտք է արժանանան պատշաճ ուշադրութեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստագոյնս կը դատապարտէ կատարուածը։ Այսօրինակ երեւոյթները աւելի կը խորացնեն պատերազմի արհաւիրքը վերապրած մեր ժողովուրդի ցաւն ու տառապանքը եւ անվստահութիւն կը յարուցեն պետական պատկան կառոյցներուն դէմ, որոնք կոչուած են օր առաջ կարգաւորելու առկայ զգայուն խնդիրները», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021