ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԱՐԶ ԵՒ ԱՐՑԱԽ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր հայրապետական այցելութեան ձեռնարկած է դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզը եւ Արցախ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Սիւնիքի մէջ Վեհափառ Հայրապետը Հանրապետական մաղթանքի արարողութեան կը նախագահէ Գորիս քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երդիքին տակ։ Նորին Սրբութիւնը զինուորական պանթէոնի մէջ իր խոնարհումը կը բերէ նահատակներու յիշատակներուն առջեւ եւ կ՚աղօթէ քաջորդիներու հոգւոց հանգստութեան համար։ Նախատեսուած է նաեւ Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը Շուռնուխի համայնքին։ Սիւնիքի մարզը՝ մանաւանդ սահմանակից բնակավայրերը ծայր աստիճան խոցելի վիճակի մը մէջ յայտնուած են Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած առկայ իրավիճակին մէջ։ Սիւնիքի, ինչպէս նաեւ Գեղարքունիքի մարզերու սահմաններէն շուրջ ամիսէ մը ի վեր ներթափանցած են Ատրպէյճանի զօրքերը։ Ներկայ դժուարին իրավիճակին մէջ Վեհափառ Հայրապետին այս այցելութիւնը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։
Ամենայն Հայոց Հայրապետը Սիւնիքէն վերջ պիտի ուղեւորուի դէպի Արցախ։ Այս մասին արդէն միջոց մը առաջ յայտարարուած էր, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի մէջ շփումներ ունենալէ վերջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին վերադարձած էր Վեհափառ Հայրապետը։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ ցարդ Հայաստանէն որեւէ բարձրաստիճան պաշտօնատար Արցախ չէ այցելած։ Վեհափառ Հայրապետը Արցախի թեմ կ՚ուղեւորուի՝ որպէս կրօնապետ, երբ նոյնիսկ մարդասիրական օժանդակութիւններու պարագային հասանելիութեան լուրջ խնդիրներ յառաջացած են եւ Արցախը ամբողջութեամբ Ռուսաստանի խաղաղարար զօրախումբի վերահսկողութեան տակ կը գտնուի։
Եկեղեցական
- 11/29/2024
- 11/29/2024
- 11/29/2024