ՅԱՊԱՂԵԱԼ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄ

Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար եւ ա­ւագ բա­նագ­նաց Վոլ­քան Պոզ­քըր շա­բա­թա­վեր­ջին Իս­թան­պու­լի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի Թուր­քիոյ գծով զե­կու­ցող Քե­թի Փի­րին։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Վոլ­քան Պոզ­քըր նա­խա­րա­րու­թեան Օր­թա­գիւ­ղի մաս­նա­շէն­քին մէջ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ այս տե­սակ­ցու­թեան բո­վան­դա­կու­թեան շուրջ։ Ի շա­րու­նա­կու­թիւն վեր­ջին օ­րե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն՝ այս առ­թիւ Վոլ­քան Պոզ­քըր դի­տել տուաւ, թէ ե­թէ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի Թուր­քիոյ վե­րա­բե­րեալ տա­րե­կան զար­գաց­ման տե­ղե­կագ­րին մէջ ակ­նար­կու­թիւն մը կա­տա­րուի 1915-ի դէպ­քե­րուն, ա­պա այդ փաս­տա­թուղ­թը չե­ղեալ պի­տի հա­մա­րուի Ան­գա­րա­յի կող­մէ։ Նա­խա­րա­րը յի­շե­ցուց, որ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի կող­մէ ա­մէն տա­րի պատ­րաս­տուող տե­ղե­կագ­րին հրա­պա­րա­կու­մը այս տա­րի յա­պա­ղած է։ Իր կան­խա­տե­սում­նե­րով, կա՛մ Յու­նի­սի 9-ի եւ կամ Յու­լի­սի 9-ի շաբ­թուան մէջ այդ տե­ղե­կա­գի­րը պի­տի հրա­պա­րա­կուի։ Ըստ Պոզ­քը­րի, Փի­րիի հետ տե­սակ­ցած են այն ե­րեք նիւ­թե­րուն շուրջ, ո­րոնց տե­ղե­կագ­րին մէջ տեղ գտնե­լուն կողմ­նա­կից չէ Թուր­քիա։

Թուր­քիոյ կար­միր գի­ծե­րու շար­քին դա­սուած այդ ե­րեք նիւ­թե­րուն գլխա­ւորն է հայ­կա­կան հար­ցը։ Վոլ­քան Պոզ­քը­րի խօս­քե­րով, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րուն շուրջ ըն­դու­նած է Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ ա­նար­դար ո­րո­շում մը, որ զուրկ է պատ­մա­կան հիմ­քե­րէ եւ վե­րո­յի­շեալ դէպ­քե­րը կը բնո­րո­շէ որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ «Թուր­քիա պաշ­տօ­նա­պէս տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ այդ ո­րո­շու­մը չե­ղեալ կը հա­մա­րէ։ Երբ այդ ո­րո­շու­մը փո­խան­ցուած է Պրիւք­սէ­լի մեր մշտա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան, ա­պա պա­հա­րա­նը ետ յանձ­նուած է ա­ռանց բա­ցուե­լու։ Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ սա ան­զօր ո­րո­շում մըն է։ Զե­կու­ցո­ղին բա­ցատ­րե­ցինք, թէ տե­ղե­կագ­րին մէջ ո­րե­ւէ ակ­նար­կու­թիւն պէտք չէ ըլ­լայ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի այդ ո­րոշ­ման։ Ե­թէ այս տե­ղե­կագ­րին մէջ նման ակ­նար­կու­թիւն մը կա­տա­րուի, ա­պա տե­ղե­կա­գիրն ալ չե­ղեալ պի­տի հա­մա­րուի Թուր­քիոյ կող­մէ եւ Եւ­րո­խորհ­րդա­րա­նի կող­մէ պատ­րաս­տուած զար­գաց­ման տե­ղե­կա­գիր մը ա­ռա­ջին ան­գամ Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ պի­տի ըլ­լայ ա­նըն­դու­նե­լի եւ ան­վա­ւեր», ը­սաւ Վոլ­քան Պոզ­քըր։

Միւս հարցերէն մին է ՓՔՔ-ի ԵՄ-ի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ մնալը։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015