ՓՐՈՖ. ԳԷՈՐԳ ՊԱՐՏԱՔՃԵԱՆ «ՊՈՂԱԶԻՉԻ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԲԱԶՄԱՄՇԱԿՈՅԹ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՕՐԵՐՈՒՆ
«Պողազիչի» համալսարանի երդիքին տակ 24-30 Մայիս թուականներուն կայացաւ Բազմամշակոյթ թատերական օրերու փառատօնը։ Հանդիսականները փառատօնի օրերուն առիթն ունեցան դիտելու նաեւ հայկական մշակոյթէ նմոյշներ։ Այսպէս, Կեդրոնական վարժարանի սաները բեմադրեցին Դանիէլ Վարուժանը ոգեկոչող ներկայացում մը, զոր նախապէս բեմադրած էին «Քենթ» կեդրոնի բեմին վրայ։ «Պողազիչի»ի թատերախումբերն ալ հանդիսականներուն ներկայացուցին «Զապէլ» ու «Երեկոյ մը Բերայի մէջ» թատերախաղերը, որոնք իրենց ներշնչումները կը ստանային առաջինի պարագային Զապէլ Եսայեանի կենսագրութենէն, իսկ երկրորդի պարագային ալ՝ Պարոնեանի ու Օտեանի թատերախաղերէն։ Փառատօնի օրերուն բանախօսութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ Միշիկընի համալսարանէն Փրոֆ․ Տքթ․ Գէորգ Պարտաքճեան։ Բանախօսութիւններէն առաջինը, որ կայացաւ Շաբաթ երեկոյեան, կը վերաբերէր Զապէլ Եսայեանին ու Դանիէլ Վարուժանին։ Իսկ երէկի բանախօսութիւնն ալ նիւթ ունէր ԺԹ․ դարու արեւմտահայ գրականութենէն ներս երգիծանքը՝ Յակոբ Պարոնեանի ու Երուանդ Օտեանի գործերուն ընդմէջէն։ Բանախօսը ունկնդիր հասարակութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց հայ գրականութեան պատմութենէն, ինչպէս նաեւ գնահատեց բեմադիրներուն ու փառատօնի կազմակերպիչներուն կատարած աշխատանքը։
Գէորգ Պարտաքճեան, որ վերջին օրերուն «Շեհիր» եւ «Պողազիչի» համալսարաններուն մէջ ունեցաւ ելոյթներ, շուրջ շաբաթ մը եւս պիտի մնայ քաղաքս։