ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ՆԱՏԻԱ ԹԵՔԻՐՕՂԼՈՒԻՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Ա­թա­գիւ­ղի «Իս­փիր­թօ­հա­նէ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ ե­րէկ մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ վաս­տա­կա­ւոր ու­սուց­չու­հի Նա­տիա Թե­քի­րօղ­լուի ի պա­տիւ։ 45 տա­րի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի մէջ ծա­ռա­յե­լէ վերջ հանգս­տեան կո­չուած Նա­տիա Թե­քի­րօղ­լուին տե­սա­կէ­տէ իս­կա­կան ա­նակն­կալ մըն էր այս ձեռ­նար­կը, որ կազ­մա­կերպուած էր իր սա­նե­րու ինք­նա­բուխ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ իր մայ­րա­կան գուր­գու­րան­քին ա­ռար­կայ դար­ձած ա­շա­կերտ­նե­րը այս­պէ­սով փա­փա­քած էին ե­րախ­տա­գի­տա­կան տուրք մը մա­տու­ցել վաս­տա­կա­ւոր կրթա­կան մշա­կին նկատ­մամբ։

Յայ­տագ­րի ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ սա­նե­րու կող­մէ պատ­րաս­տուած պար­քո­վի­զիո­նի ցու­ցադ­րու­թիւն մը։ Մե­ծա­րեա­լի մա­սին ար­տա­յայ­տուե­ցան կրթա­կան մշակ­ներ Լեռ­նա Գա­րա­գիւ­թիւք եւ Ժպտուն Զուռ­նա­ճը։ Ի­րեն հա­մար բազ­մա­թիւ սա­նե­րուն կող­մէ պատ­րաս­տուած էին յու­շա­նուէր­ներ, ո­րոնք մա­տու­ցուե­ցան յու­զում­նա­խառն մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Նա­տիա Թե­քի­րօղ­լուն ալ հան­դէս ե­կաւ սրտի խօս­քով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ան­կեղ­ծօ­րէն շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լո­րին։

Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին սար­քուե­ցաւ նաեւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին մե­ծա­րեա­լը հա­տեց ի­րեն ի պա­տիւ պատ­րաս­տուած կար­կան­դա­կը։

 

 

 

 

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015