ԳԻՏԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Շաբաթավերջին Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ գիտական խրախճանք մը։ Այս տարի 11-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ այս միջվարժարանային ձեռնարկը, որու բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ հիւրընկալ դպրոցի տնօրէնուհի Եղիսաբէթ Չաթանասլան։
Օրուան ծրագրին շրջագծով վարժարանի դասարաններուն մէջ ներկայացուեցան իւրաքանչիւր դպրոցը ներկայացնող խումբին կողմէ տարուած աշխատանքին արդիւնքները, որոնց զուգահեռ կատարուեցան փորձեր։
Գիտական խրախճանքի աւարտին, դատակազմի արժեւորումներու լոյսին տակ, դափնեկիրները պարգեւատրուեցան, մինչ յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ վարժարաններու գիտութեան ուսուցիչներուն, որոնց հսկողութեան ներքեւ պատրաստուած էին տղաքը։