ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Ղազախիստանի նորանշանակ դեսպան Փոլատ Իմանպայեւը։ Այս առթիւ դեսպանը երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ Ղազախիստանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուող համաշխարհային եւ աւանդական կրօններու առաջնորդներու համագումարի աշխատանքներուն Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ բերուած կարեւոր մասնակցութեան համար։ Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը դեսպանի ուշադրութիւնը հրաւիրեց Հայաստանի սահմաններուն դէմ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած ոտնձգութիւններու մտահոգիչ փաստին վրայ։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց նաեւ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր, մշակութային ժառանգութեան դէմ ցուցաբերուած վայրագ վերաբերմունքը։
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Ղազախիստանի հայ համայնքի կարեւոր դերակատարութեան երկկողմանի յարաբերութիւններու սերտացման ուղղութեամբ։
Եկեղեցական
- 11/29/2024
- 11/29/2024
- 11/29/2024