ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԳԱՐԻՆ ԷՕՃԱԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նին մէջ այս ա­ռա­ւօտ յատ­կան­շա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն մը ապ­րուե­ցաւ։ Շա­բաթ­ա­մու­տի դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ամ­բողջ դպրո­ցը ող­ջու­նեց Գա­րին Էօ­ճա­լի կող­մէ ար­ձա­նագ­րուած բա­ցա­ռիկ նուա­ճու­մը։ Ար­դա­րեւ, Է­սաեա­նի 11-րդ դա­սա­րա­նի շնոր­հա­լի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րէն Գա­րին Էօ­ճալ մարմ­նա­մար­զի կա­լուա­ծէն ներս հա­սած էր բա­ցա­ռիկ ար­դիւն­քի մը։ Ան վեր­ջերս Կե­սա­րիոյ մէջ կազ­մա­կերպուած միջ­վար­ժա­րա­նա­յին մրցա­շար­քի մը ար­դիւն­քին դար­ձած է հաշ­ման­դամ­նե­րու գծով լո­ղի ե­րի­տա­սար­դաց ա­ռաջ­նու­թեան ա­խո­յեան։ Գա­րին Էօ­ճալ, որ նա­խա­պէս ալ Իս­թան­պու­լի ա­խո­յեան դար­ձած է, ամ­բողջ Թուր­քիոյ մա­կար­դա­կին վրայ տե­ւա­կա­նա­ցու­ցած է իր յա­ջո­ղու­թիւ­նը եւ ար­դիւն­քին գա­գաթ­նա­յին նուա­ճու­մի մը հաս­նե­լով հպար­տու­թիւն պար­գե­ւած է Է­սաեա­նի ըն­տա­նի­քին։ Բնա­կա­նա­բար, ան­հա­տա­կան մար­զա­ձե­ւի մը մէջ իր հա­սած այս ար­դիւն­քը նախ եւ ա­ռաջ սե­փա­կան ան­կոտ­րուն կամ­քի դրսե­ւում մը կը նկա­տուի, սա­կայն քա­նի որ իր բո­լոր դա­սըն­կեր­նե­րուն բա­րե­մաղ­թանքն ու բա­րո­յա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ե­ղած էր ի­րեն հետ՝ Գա­րին Էօ­ճա­լի այս յա­ջո­ղու­թիւ­նը տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւն ստեղ­ծած է Է­սաեան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ։ Հարկ է նշել, որ դպրո­ցի մար­զան­քի ու­սուց­չու­հի Ան­ժէլ Ե­լէ­կէնն ալ խրա­խու­սած է Գա­րին Էօ­ճա­լը, որ ան­պայ­ման մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րէ մրցա­շար­քին։

Է­սաեա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը այս ա­ռա­ւօտ ջերմ ծա­փե­րով ող­ջու­նեց Գա­րին Էօ­ճա­լը եւ ու­րա­խա­կից ե­ղաւ ի­րեն, մինչ ա­խո­յեա­նը շնոր­հա­ւո­րե­ցին լի­սէի տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշան, նա­խակր­թա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Առ­լին Ե­շիլ­թէ­փէ եւ Ան­ժէլ Ե­լէ­կէն։ Միւս կրթա­կան մշակ­ներն ալ միա­ցան այս շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, մինչ Սա­թե­նիկ Նշան հա­կիրճ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նով մը բարձր գնա­հա­տեց Գա­րին Էօ­ճա­լին ձեռք­բե­րու­մը եւ ի­րեն նո­րա­նոր նուա­ճում­ներ մաղ­թեց կեան­քի մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015