ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԵՂԻԱ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Է­յու­պի Ս. Ե­ղիա ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան առ­թիւ։ Ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 183-րդ տա­րե­դար­ձին ձօ­նուած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Օ­րուան պա­տա­րա­գիչն էր տեղ­ւոյն հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Մի­նաս Քհնյ. Ճի­հան­կիւ­լեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Վահ­րամ Սրկ. Լիւ­լէ­ճեան, Վարդ­գէս Սրկ. Փես­տիլ­ճեան եւ ու­րա­րա­կիր Ար­տա­շէս Տիւյ­մէ­ճեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ներ­դաշ­նա­կօ­րէն կա­տա­րուե­ցան Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ Գող­թան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Յով­սէփ Գու­յում­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Կար­պիս Գը­լը­ճեա­նի։ Ա­ւար­տին կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն ու տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան նոյն­պէս Սրբա­զան Հօր նա­խա­գա­հու­թեամբ եւ Տէր Հօր ներ­կա­յու­թեամբ։ Է­յու­պի Ս. Ե­ղիա ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մի­սաք Կիւլ­լիւք եւ իր ըն­կեր­նե­րը այս առ­թիւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին ա­նուան տօ­նախմբու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը։ Ինչ­պէս միշտ, թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րու կող­քին էր մեր ազ­գա­յին­նե­րէն Գրի­գոր Մըխ­ճեան, որ վա­ղուց զօ­րա­վիգ կը հան­դի­սա­նայ մեր այս գողտ­րիկ սրբա­վայ­րին։ Տա­րե­դար­ձի օ­րով թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուրդն ու հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը, նաեւ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց թա­ղի այժ­մու կա­ցու­թեան շուրջ։

Հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ բո­լոր ներ­կա­նե­րը ի­րենց գնա­հա­տան­քին ու զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձու­ցին թա­ղա­յին խոր­հուր­դը, որ­պէս­զի վառ մնայ Է­յու­պի Ս. Ե­ղիա ե­կե­ղեց­ւոյ կան­թե­ղը։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015