ՏԻՅԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան շա­բա­թա­վեր­ջին ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցուց դէ­պի Թուր­քիոյ հա­րաւա­րե­ւե­լեան շրջա­նի գա­ւառ­նե­րը։ Այս առ­թիւ ան գո­հա­բա­նա­կան Ս. Պա­տա­րագ­ներ մա­տոյց՝ իր նոր պաշ­տօ­նին անց­նե­լէ վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ։ Շա­բաթ, Գե­րա­պայ­ծա­ռը պա­տա­րա­գեց Մար­տի­նի Ս. Յով­սէփ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Իսկ ե­րէկ ան պա­տա­րա­գեց Տիար­պա­քը­րի Ս. Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ե­րէ­կուան Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հա­ւա­նու­թեամբ ու հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ։ Ներ­կայ էին նաեւ Մար­տի­նի ա­սո­րի­նե­րու մետ­րա­պո­լի­տը՝ Մոր Սա­լի­պա Էօզ­մէն, Տ. Աբ­րա­համ Ծ. Վրդ. Ֆը­րա­տեան եւ Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան։ Հոծ թի­ւով ուխ­տա­ւոր­ներ եւս ներ­կայ էին ա­րա­րո­ղու­թեան։

Նախ­քան Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քը Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Տիար­պա­քը­րի ե­կե­ղեց­ւոյ մա­սին ու Գե­րա­պայ­ծա­ռը ներ­կա­յաց­նե­լով ող­ջու­նեց այդ պատ­մա­կան սրբա­վայ­րի եր­դի­քին տակ։ Ա­պա Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան խօ­սե­ցաւ օ­րուան քա­րո­զը։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի սար­քուե­ցաւ նաեւ սի­րոյ սե­ղան մը։ Տիար­պա­քը­րի ծխա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Էր­կիւն Ա­յըք եւ իր ըն­կեր­նե­րը եւս ներ­կայ գտնուե­ցան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։

 

 

 

 

 

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015