ՏԱՐԱՆՋԱՏՈՒԱԾ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ...

Հայ ազատական միութեան «Ազատ Կարծիք» պաշտօնաթերթի 1922 ապրիլի առաջին թիւին մէջ Արշակ Մահտէսեան «Ատելութեան առջեւէն կործանում կ՚երթայ» յօդուածին մէջ կը գրէ.-

«Կը սպառեն իրենց ուժն ու կորովը զիրար տապալելու (…)»:

Ու երբ այսօր կը դիտեմ «ղեկավար»ներու նախընտրական շրջանի ձաբռտուքները (որոնք հեռու են քաղաքական եւ մարդկային բոլոր արժէքներէ), ակամայ մտքիս մէջ կ՚արդարանայ Խորենացիի բառերը... «Ողբամ զքեզ, Հայոց աշխարհ, ողբամ զքեզ...»: Անուանապէս «քարոզարշաւ», սակայն էութեամբ ցեխարձակում ու վարկաբեկութիւն: Երկրի ղեկավար մը փոխանակ խօսելու ռազմավարական, տնտեսական ու քաղաքական յառաջիկայ ծրագիրներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին, բեմերէ հարցականի տակ կը դնէ այս կամ այն ղեկավարի տղայութիւնն ու «ինչ»ութիւնը...-

«Ռոբի՛կ, դու տղայ չե՛ս, դու տղամարդ չե՛ս... Ռոբի՛կ, դու ոչ մի բան ես: Ոչնչութիւն ե՛ս...»։

Եւ «քաղաքական» այս խօսքերուն դիմաց հարիւրաւորներ կը ծափահարեն, որովհետեւ մեր ժողովուրդը մահաբեր քունի մէջ է. վստահ եղէք, քաղաքական գործիչ մը թող յայտարարէ մածունին ճերմակ ըլլալը, եւ պիտի տեսնէ՛ք, թէ հարիւրաւորներ կրնան զարմանալ եւ այդ մէկը որպէս մեծ ու անմեկնելի փիլիսոփայութիւն ընկալել: Կ՚անգիտանան, որ նման յայտարարութիւններ ու վարկաբեկումներ հայ ազգէն աւելի կը հետաքրքրէ օտարները՝ մանաւանդ հակառակորդին, որոնք կը հետեւին մեր բոլոր քայլերուն, յայտարարութիւններուն եւ որոշումներուն: Ու մենք ինքներս ծիծաղի առարկայ կը դարձնենք մեր ինքնութիւնն ու ազգութիւնը:

Այսօրուան «քարոզարշաւ»ները ո՛չ թէ միայն օգուտ չունին մեր միասնակամութեան, այլ մեզ իրարու դէմ կը գրգռեն ու կը թշնամացնեն՝ մի՛ միայն ի օգուտ այս կամ այն կազմակերպութեան կամ կուսակցութեան: Նման ելոյթներ անհաւատութիւն եւ երկմտութիւն կը սերմանեն մեր մէջ, մինչ մենք պէտք է իրարու յենարան ըլլայինք՝ ազգային միասնակամութեամբ՝ ամէն բանի պատրաստ:

Իրապէս ողբալի վիճակի մէջ ենք, որովհետեւ տարիներ շարունակ երբ մենք իրարու «միս» կ՚ուտէինք՝ թշնամին կը զօրանար: Երբ մենք իրարու մազ կը փետէինք՝ թշնամին մեր ոճիրը կը ծրագրէր: Երբ մենք մեր դասագիրքերուն մէջէն կրօնագիտութիւնն ու Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը դուրս դնելով զբաղուած էինք, թշնամին կը զօրանար: Միասեռականութեամբ կամ սեռափոխութեամբ զբաղուած ժամանակ թշնամին կը զօրանար: Երբ «աչք ներկելու» համար այս կամ այն անձնաւորութիւնը դատելով կը զբաղէինք՝ թշնամին կը զօրանար: Եւ աւելին՝ կը զօրանար ակներեւ կերպով եւ ո՛չ թաքուն: Իսկ մե՞նք... Ա. Մահտէսեանի գրածէն 99 տարիներ ետք դարձեալ նստած մեր ուժերը կը սպառենք իրար տապալելու:

Հայ ժողովուրդը, դժբախտաբար, տակաւին չկրցաւ հասկնալ, որ Հայաստանի փրկութիւնը պայմանաւորուած չէ՛ Իմ Քայլականով, Դաշնակցութեամբ, Քոչարեանականութեամբ կամ այլ ճիւղաւորումներով: Ազգին փրկութիւնը երբե՛ք պայմանաւորուած չէ՛ անձերով, այլ՝ ժողովուրդով. միասնականութեամբ, որովհետեւ այդ մէկը ո՛չ իմ եւ ո՛չ ալ քու փրկութիւնդ է՝ այլ ՄԵՐ փրկութիւնն է: Միասնականութեան պակասը այսօր մեր մէջ ամէ՛ն տեղ է:

Ուրբաթ, 9 նոյեմբեր 2018-ին պոլսահայ  երիտասարդ   պատմաբան   Կոմիտաս Օտապաշօղլուն հարցազրոյց մը կ՚ունենայ «Արեւելք»ի հետ: «Ի՞նչ  են  այսօր Թուրքիոյ հայութեան գլխաւոր  խնդիրները» հարցին  երիտասարդին առաջին պատասխանը կ՚ըլլայ. «Թուրքիոյ հայութեան հիմնական խնդիրը  միասնականութեան  պակասն է։ Մենք  այլոց,  յատկապէս հրեաներուն նման չենք, մէկը միւսին չ՚օգներ: Պատճառը անձնական է, ամէն  ոք իր  անձին մասին  կը խորհի...»: Վստահ եղէ՛ք, այս երեւոյթը միայն պոլսահայութեան համար չէ, այլ պատկերն է աշխարհի երեսին գտնուող բոլո՛ր հայ գաղութներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանին:

Մեր փողոցները կը կոչենք մեր մեծերու անուններով, մեր դրամներուն վրայ կը հրատարակենք անոնց լուսանկարն ու անունները, սակայն այդ բոլորը կը մնան երեւոյթ: Մեր թուականէն 88 տարիներ առաջ՝ 1933-ին, երբ արգիլուած էր Ազգ, Հայրենասիրութիւն եւ ազատամտութիւն քարոզել, բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց իր կեանքը վտանգելով մայիս 9-ին գրեց «Պատգամ» գաղտնագիր բանաստեղծութիւնը, որուն իւրաքանչիւր տողի ուղղահայեաց երկրորդ գիրերը կարդալով, հետեւեալ նախադասութիւնը կը ստանանք. «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:

Մարդոց գործերն են, որ իրենց մասին կը վկայեն եւ իրենց գործերուն հիման վրայ է, որ մարդ կը դառնայ բանաստեղծ, քաղաքական կամ ազգային գործիչ, սակայն մենք լո՛կ անունները կը պատուենք եւ ո՛չ գործերը: Աւելի քան կէս դար առաջ բանաստեղծը փրկութեան միա՛կ լուծումը միասնութեան մէջ ըլլալը մատնանշած է, սակայն մենք ծափահարած ենք Չարենցը լոկ անուան համար:

Եւ միայն Չարենց չէ՛ որ այս միասնական դառնալու անհրաժեշտութեան մասին խօսած է. 1830-1892 թուականներուն ապրած բանաստեղծ Ռաֆայէլ Պատկանեան աւելի քան դար մը առաջ նոր տարուան մաղթանք որպէս կը խնդրէր.-

«Երնե՜կ, թէ այս Նոր տարին

Հայ ազգ ի մի գումարուէր...»

Սակայն ըստ երեւոյթին այդ «նոր տարի» երբեք չեկաւ: Բանաստեղծին բառերով պէտք է Հայ ազգ ի մի գումարուէր, որպէսզի «ոտքի կանգնէր Հայաստան»: Նալպանտեան ուժեղ ու միացեալ Հայաստանի մը կերտման իրագործումը կը տեսնէ միա՛յն երբ սկսինք հանդուրժել զիրար եւ տեսնել որպէս ազգակից եւ ո՛չ մրցակից.-

«Հայե՛ր, երբեք չերկմըտենք,

Կը կատարուի այդ ամէն,

Եթէ ի սպառ մենք հանենք

Փոքրոգութիւն մեր սըրտէն...»

Ու հակառակ երկրին անկայուն վիճակին, Սիւնիքի սպառնացող վտանգներուն, ունեցած հազարաւոր կորուստներուն ու բարոյական պարտութեան ազգովին ցեխաթաթախ՝ կը փորձենք ընել մեր ամենէն լաւ գիտցած բանը՝ ցեխարձակել...: Ու միշտ կը մտաբերեմ. Եթէ դար մը առաջ նման խօսքեր, միտքեր ու երեւոյթներ յայտնած են մեր բանաստեղծներն ու գրականութեան հսկաները, ի՞նչ պիտի գրէին կամ ըսէին այսօր-ւայ երեւոյթներուն դիմաց՝ որ հազարապատիկ աւելի վատթարացած է համեմատած անցեալին:

Ցաւօք, ականատես կ՚ըլլանք Հայ Ազգի ամենէն դաժան ու ամօթալի պատմութեան, ու այս ընթացքով չենք գիտեր արդեօք մի քանի դար ետք Հայաստան պիտի մնա՞յ, թէ ոչ պատմութեան էջերուն մէջ միայն պիտի յիշուի: Պէտք է սթափիլ ու խորապէս մտածել, այլապէս պիտի շարունակենք Գէորգ Էմինի բառերով մնալ...

«Ամէն մի հայ մի Հայաստան,

Բաժան-բաժան,Անմիաբան...»    

Ու բաժան բաժան եղած երկիր մը դիւրութեամբ ի վիճակի է կորուստի:

Պառակտուած հայերով կարելի չէ՛ ստեղծել միասնական Հայաստան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 19, 2021