ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ
«Բարեկամութիւն»ը իր իսկական իմաստով, մարդկային ամէն յարաբերութիւններու մէջ գերադաս զգացում մըն է՝ գլխաւորը, անհրաժեշտը եւ լրացուցիչը անոնց։ Մարդկային յարաբերութիւններու գագաթնակէ՛տն է բարեկամութիւնը, քանի որ անոր ազդակները ո՛չ թէ նիւթական կամ մարմնաւոր, այլ բարոյական բարձր արժէքներ են՝ բարին, գեղեցիկը եւ ճշմարիտը։ Զոր օրինակ, երբ «ընկեր» կ՚ըսենք, հոն կայ նիւթական կապ մը՝ միասին ուտելու, կերակուրը բաժնելու շարժառիթ մը, ինչպէս նաեւ երբ «ընտանիք» կ՚ըսենք, հոն ալ կայ նիւթական կամ մարմնական կապ մը՝ արենակցութիւն մը կամ տանիքի տակ ապրողներու, տուն մը բաժնողներու «միութիւն» մը, յարաբերութիւն մը։ Բայց բարեկամութիւնը կազմող կապը «բարոյական բարձր արժէք» մըն է՝ մանաւանդ «բարի»ի կամեցողութիւնը, զգացումը, սիրոյ եւ անկեղծութեան ազդակը եւ գիտակցութիւնը այս բոլորին։
Արդարեւ բարիի գաղափարը երբ կը պակսի որեւէ մարդկային յարաբերութեան մէջ՝ ան որեւէ արժէք չի ներկայացներ, եւ կը մնայ միայն նիւթական մակարդակի վրայ։ Ուստի մարդ կրնայ ընկեր ըլլալ, նոյնիսկ նոյն ընտանիքի անդամ՝ ծնողք, զաւակներ, քոյրեր ու եղբայրներ, բայց կրնայ անոնց մէջ պակսիլ բարիի զգացումը։ Եւ եթէ կը պակսի բարին որեւէ յարաբերութեան մէջ՝ հոն կը պակսի անկեղծութիւնը, նուիրումի զգացումը, զոհելու ու զոհուելու բարձր գաղափարները եւ անշուշտ «միութեան» եւ «մասնակցութեան», «մէ՛կ ըլլալ»ու գիտակցութի՛ւնը։
Գիտակցութիւնը, գիտակցօրէն վարուիլը մարդ էակին ամենամեծ յետկութիւնն է, իր կամքը ազատօրէն գործածող, դատող, որոշող, ընտրող մարդը, ուրեմն պէտք է, պարտաւոր է գիտակցութեամբ շարժի եւ գիտակցօրէն գործէ։ Մէկ խօսքով գիտնայ՝ թէ ի՛նչ կ՚ընէ։ Այս պատճառով, պէտք է հարցնէ յաճախ. «ի՞նչ», «ինչո՞ւ», «ինչպէ՞ս» հարցումները ինքն իրեն եւ խորանայ իրերու ու իրողութիւններու պատճառին, նպատակին եւ մանաւանդ իմաստին։ Իմաստասիրութիւնը բնածին յատկութիւն մըն է մարդուն տրուած, որուն անդրադարձողներ կը յառաջդիմեն կեանքի մէջ՝ հակառակ բոլոր նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու…։
Այս իմաստով՝ արենակից ըլլալ, ընտանիքի անդամ ըլլալ, պարզապէս ընկեր ըլլալ՝ լաւ յարաբերութիւն մը մշակելու համար բաւարար պէտք չէ՛ համարուի, այլ՝ խորանալու է այդ յարաբերութիւններուն, իմաստին մէջ, զոր օրինակ, պէտք է փնտռել բարին անոնց մէջ, բարոյականը, որ պիտի հաստատէ, զօրացնէ եւ ամրացնէ աւելի եւս արենակցական կապը իւրաքանչիւրին մէջ։
Ձեռքս ունիմ Կիկէռոնի «Բարեկամութիւն» գիրքը։ Հոն որքա՜ն գեղեցիկ կը բացատրուի բարեկամութեան էականը։ «Բարեկամութիւն»ը կ՚ըսէ. «Մարդոց, իրենց նմաններուն եւ աստուածայինի հետ ամէն տեսակ յարաբերութիւններու մէջ անկեղծութիւն, հարազատութիւն եւ սիրոյ զգացումներով համաձայնութիւնն է», որ կ՚ենթադրէ առաքինութիւն։ Արդարեւ առաքինութիւնը ամէն յարաբերութիւններու նախապայմանը եւ շարժառի՛թն է։
Կիկէռոն իր «De Amicitia» (=Բարեկամութիւն) գիրքին մէջ կ՚ըսէ նաեւ, թէ՝ բարեկամութիւնը «ստեղծող» եւ «խնամող» առաքինութիւն մըն է։
Արդարեւ, երբ բարեկամութիւն կ՚ըսենք, աւելի շատ կը մատնանշենք հոգեւոր արժէքի մը՝ «բարի» եզրին, ինչպէս՝ «Amicitia»ին մէջ ալ «հոգի» եզրը կը գերադասուի։ Ուրեմն, ինչ որ ալ անուանենք, կոչենք, համարենք յարաբերութիւն մը, եւ ինչպէս հասցէագրենք մեր դիմացինը, եթէ հոն կը պակսի «բարեկամութեան» ոգին եւ գիտակցութիւնը՝ ապա ուրեմն ո՛չինչ պիտի արժէ այդ յարաբերութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 22, 2015, Իսթանպուլ