ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԱ.

ԴԱՒԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Տակաւին կեցած էր այնտեղ» (տե՛ս Յհ 11.30):

Մեկնութիւն. Քրիստոս այնտեղ [ուր Մարթան դիմաւորած էր զԻնք] կը մնար Մարիամի եւ Մարթայի հետ. նախ՝ որպէսզի անոնց հետ տեսնէ գերեզմանը: Երկրորդ՝ Ոսկեբերանը կ՚ըսէ. «Այնտեղ մնաց, որովհետեւ չէր ուզեր փառասիրութեան համար հրաշքներ գործել, այլ՝ ուրիշներու աղաչանքներուն համար եւ ուրիշներուն հաւատքի մէջ հաստատելուն համար»: Երրորդ՝ կրնայ ըլլալ նաեւ, թէ ոմանք Իր հետ կը խօսէին, իսկ Մարիամն ու Մարթան շտապեցին ու զԻնք այնտեղ գտան: Սակայն Մեկնիչդ [Նանա] չորս պատճառ կը դնէ այնտեղ մնալուն, եւ գեղեցիկ են:

Խօսք. «Հրեաները, որոնք անոր հետ էին, անոնք եւս հետեւեցան անոր» (տե՛ս Յհ 11.31):

Մեկնութիւն. ասոնք Մարթային Մարիամին ըսածը չէին լսած, այդ պատճառով կարծեցին, թէ գութէն մղուած ուզեց գերեզման երթալ, իսկ անոնք հետեւեցան անոր, որպէսզի մխիթարեն զինք:

Խօսք. «Անոր ոտքերուն ինկաւ» (Յհ 11.32):

Մեկնութիւն. ասոր հաւատքը մեծագոյն է քան Մարթայինը, եւ յայտնի է երեք բանէ. նախ՝ որ հրեաներէն ծածուկ չպահեց:

Երկրորդ՝ որովհետեւ Անոր ոտքերուն ինկաւ:

Երրորդ՝ քանի որ արցունքներով կը խնդրէր, սակայն Մարթայէն աւելի քիչ խօսեցաւ. նախ՝ որովհետեւ արցունքները արգելք կ՚ըլլային իրեն խօսելու: Երկրորդ՝ որովհետեւ Յիսուս երկար պատասխան չտուաւ, ինչպէս Մարթային՝ հրեայ ժողովուրդին մասին, այլ՝ նոյն խօսքը իր քոյրը կրկնեց, քանի որ միասին մտածած էին այդ մասին:

Ասոր կողքին կը դնէ նաեւ Ղազարոսի յարութիւնը, երբ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Յիսուս երբ տեսաւ Մարիամը որ կու լար» (Յհ 11.33):

Մեկնութիւն. այստեղ նախ Ղազարոսի յարութիւնը կը պատմէ: Երկրորդ՝ կը խօսի այդ յարութենէն պատճառուած գործին մասին, այնտեղ. «Հրեաներէն շատեր հոնկէ եկած էին Մարթայի եւ Մարիամի մօտ» (Յհ 11.19): Իսկ առաջին մասը երեք մասունքներու կը բաժնուի, որովհետեւ նախ Ղազարոսի հանդէպ Քրիստոսի սէրը ցոյց կը տրուի՝ նշանով, խօսքով եւ գործով: Երկրորդ՝ հրեաներուն տրտունջքը, այնտեղ. «Հրեաները կ՚ըսէին. տեսէք թէ ո՛րքան կը սիրէր զայն» (Յհ 11.36): Երրորդ՝ Ղազարոսի յարութիւնը, այնտեղ. «Յիսուս դարձեալ ներքնապէս յուզուեցաւ եւ մօտեցաւ գերեզմանին» (Յհ 11.38):

Առաջին մասով Ղազարոսի հանդէպ Քրիստոս սէրը կը ցուցուի՝ երեք կերպով.

Առաջին՝ սէրը նշանով կը ցուցուի, ինչպէս Աւետարանիչը կ՚ըսէ. «Յիսուս երբ տեսաւ Մարիամը որ կու լար, ինչպէս նաեւ անոր հետ եկող հրեաները որոնք կու լային» (Յհ 11.33):

Խօսք. «Խռովեցաւ Իր հոգին երբ յուզուեցաւ» (տե՛ս Յհ 11.33):

Մեկնութիւն. Հոգի Ապողինարին ընդդէմ է, որ ըսաւ թէ Բանը միայն մարմին առաւ՝ առանց հոգիի: Իսկ յուզուիլը ցասումէն է. արդ, յուզուեցաւ Յիսուս ընդդէմ սատանային, որու փորձութիւնով մահը աշխարհ մտաւ, իսկ Քրիստոս արդէն մօտիկ էր ընկճելու համար զայն: Իսկ խռովիլ կ՚ըսուի, այսինքն՝ տրտմած՝ գութին համար, որ Ղազարոսի եւ անոր քոյրերուն նկատմամբ էր: Իսկ խռովեցաւ ըսելը իբրեւ թէ տրտմութիւն ըսաւ, որովհետեւ առած բնութիւնը մերինին նման՝ ակամայ կերպով կիրքերու տակ չէր, այլ՝ ազատ էր կիրքերէն եւ [Իր] կամքով կը կրէր ամէն ինչ, ինչպէս յայտնի է Մեկնիչէդ [Նանա]: Տակաւին, կիրքերուն համար գիտելի է, թէ բարկութիւն եւ տրտմութիւն եւ այլ նման բաները Քրիստոսի համար մեղք չեն ըսուիր, այլ՝ իբրեւ առաքինութիւններ: Իսկ մեր մէջ անոնք այն պատճառով մեղք են, որովհետեւ նախքան միտքին ընտրութիւնը կ՚ըլլան եւ մեր բնաւորութիւնը կը խափանեն, իսկ Քրիստոսի մօտ այս կիրքերը միտքին ընտրութեամբ եւ գիտութեամբ կ՚ըլլային, եւ չէր կրնար բնական մասը խափանել, որ Բանն Աստուծոյ միացած էր, այդ պատճառով ատոնք Քրիստոսի մօտ առաքինութիւններ են:

Դարձեալ գիտելի է, թէ մեր մէջ կան հոգեւոր մասունքներ ալ, որոնք միտքին կը հնազանդին, ինչպէս ցասումն ու ցանկութիւնը, եւ կան, որոնք անհնազանդ են, ինչպէս բնականները, այսինքն՝ անօթութիւնը, ծարաւը, եւ այլն: Արդ, այս բոլորը Քրիստոսի մօտ հնազանդ են բանական մասին, եւ Ան Տէր է ասոնց վրայ, այդ պատճառով Քրիստոս ինչ որ կը կրէր՝ անօթութիւն, ծարաւ, տրտմութիւն, եւ այլն, կամաքով ու իշխանութեամբ կը կրէր:

Իսկ Քրիստոս այստեղ կրկնակի պատճառով տրտմեցաւ. նախ՝ որպէսզի ճանչնան ճշմարիտ մարդանալը: Երկրորդ՝ որպէսզի անոնք եւս տեսնելով զԻնք տրտմին ու լան, որպէսզի արժանի ըլլան ուրախութեան, որ Ղազարոսի յարութեամբ էր:

Ասիկա Ղազարոսի առաջին սէրն է, որ նշանով է:

Երկրորդ սէրը ցոյց կը տրուի խօսքով, երբ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ո՞ւր թաղեցիք զինք:

Անոնք ըսին.

-Տէ՜ր, եկո՛ւր եւ տես» (Յհ 11.34):

Մեկնութիւն. ասիկա Քրիստոսի մօտ տգիտութիւն չէր, երկու պատճառով. նախ՝ որովհետեւ Հայրն ալ կը հարցնէր. «Ո՞ւր ես, Ադա՛մ» (տե՛ս Ծն 3.9), եւ Կայէնին՝ «ո՞ւր է եղբայրդ» (տե՛ս Ծն 4.9)՝ անոնց խօսելու պատճառ տալով: Երկրորդ՝ որովհետեւ հեռու ըլլալով մահը գիտէր, ինչպէ՞ս գիւղ գալով՝ գերեզմանին տեղը կ՚անգիտանար:

Իսկ այստեղ չորս պատճառով կը հարցնէր. նախ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ ճշմարիտ մարդ եղաւ: Երկրորդ՝ որպէսզի չկարծեն, թէ նախապէս գերեզման գացած ըլլայ եւ այնտեղ ողջ մարդ պահած է: Երրորդ՝ որպէսզի հանդարտ եւ հաստատ կատարէ հրաշքը: Չորրորդ՝ որպէսզի իրենք վկայ ու քարոզ ըլլան [Ղազարոսի] յարութեան:

Այս խօսքով սէրը:

Երրորդ՝ Քրիստոս սէրը Ղազարոսի հանդէպ գործով ցոյց կը տրուի, երբ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Յիսուս լացաւ» (Յհ 11.35):

Մեկնութիւն. գութէն մղուելով լացաւ, երբ գերեզմանը տեսաւ: Վերը ըսուեցաւ, թէ գթութեամբը կը ցուցուի, թէ Քրիստոս Աստուած է, եւ ասիկա երրորդ գթութիւնն է, որով Ղազարոսի վրայ լացաւ:

Յիսուս վեց պատճառով լացաւ. նախ՝ որպէսզի ցոյց տայ, թէ եզական սիրով կը սիրէ Ղազարոսը, այդ պատճառով սիրոյ յատուկ նշան կը ցուցնէ: Երկրորդ՝ որպէսզի հաւաստի կերպով ցոյց տայ ճշմարիտ մարդեղութիւնը, որովհետեւ ինչպէս վնաս է ուրանալ [Քրիստոսի] Աստուածութիւնը, նոյնպէս ալ վնաս է ուրանալ [Անոր] մարդկութիւնը: Երրորդ՝ քանի որ չափ ու սահման դրաւ լալուն, [անոնց] որոնք մեռելներու յարութեան կը հաւատան: Չորրորդ՝ որովհետեւ օրինակ տուաւ մեզի իւրաքանչիւր մարդու մեռելը տեսնել դիակ եղած, ողբալ մեր մեղքը, որ մահաբեր երկիրը ժառանգեց մեզի: Հինգերորդ՝ հրեայ ժողովուրդին վրայ լացաւ, որովհետեւ անհաւատութեամբ յաւիտենական մահով պիտի մեռնէին: Իսկ վեցերորդ՝ Յիսուս լացաւ, որպէսզի այդպիսով յայտնէ անոնց մտածումը, թէ չի՛ կրնար յարութիւն տալ անոր, ինչպէս ըսին:

Ապա կը ճառէ հրեաներուն տրտունջքի մասին, որովհետեւ երբ Քրիստոսին այդպիսի կիրքի [լալու] մէջ տեսան, այն կը հաւաքաբանէին, թէ Ղազարոսի մահը Քրիստոսի կամքին հակառակ էր, որովհետեւ տրտմութիւնը ախտ է, որ անախորժ կիրքէ կ՚ըլլայ՝ առանց կամենալու, այդ պատճառով կ՚ըսեն.

Խօսք. «Տեսէք թէ ո՛րքան կը սիրէր զայն» (Յհ 11.36):

Մեկնութիւն. քանի որ Քրիստոսի լալը՝ սիրոյ նշան է, եւ եթէ կարողութիւն ունէր, շատ սիրելուն պատճառով կը փրկէր զայն մահէն, իսկ որովհետեւ չի՛ կրնար, այդ պատճառով կու լայ: Ասով անոնք նաեւ կ՚ուզէին ի ծնէ կոյրին բժշկութիւնն ալ ի դերեւ հանէին:

Խօսք. «Այս մարդը որ կոյրին աչքը բացաւ, չէ՞ր կրնար այնպէս մը ընել՝ որ Ղազարոսը չմեռնէր» (Յհ 11.37):

Մեկնութիւն. իբրեւ թէ ըսել, թէ այս բանը չի՛ կրնար [ընել, Ղազարոսին յարութիւն տալ], ապա յայտնի է, որ այն ալ չըրաւ [կոյրին աչքերը բանալը], այս երկուքը կ՚ուրանային, իբրեւ թէ ո՛ր կոյրը լուսաւորեց եւ ո՛չ ալ զայն [Ղազարոսին] կրնայ առողջացնել, ասոնք ժամանակին մէջ չմնացին, այլ՝ նախքան ժամանակը կը դատէին, որովհետեւ առաւել է մեռեալին յարուցանելը, քան հիւանդին առողջացնելը: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 108

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 22, 2021