ՅԵՏԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ
Յայտնի սպասողականութիւնը արդէն մեր ետին է։ Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան սկզբնական արդիւնքներով՝ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ապահովածը ինչ-որ տեղ, գոնէ առժամաբար հանգեցուց լարուածութեան վառօդի տակառի պատրոյգը։
Հայաստանի մէջ ստեղծուեցաւ նոր իրավիճակ մը, որու հիմնական պարունակը մարմին կը ստանայ նաեւ այն պատճառով, որ Փաշինեան ապահոված է կառավարութիւն կազմելու համար պիտանի քուէները։ Այսպէսով հանդարտութիւն մը կը յառաջանար քաղաքական դաշտին մէջ։ Նոյնիսկ եթէ այսօր Երեւանի մէջ ստեղծուած հանդարտութիւնը առժամեայ բնոյթ մը ունի, ապա աւելի քան յստակ է, որ արմատական ընդդիմութեան համար խմորումներու նոր փուլ մը արդէն բացուած է։ Սա պիտի շարունակուի նոր խորհրդարանի նոր մթնոլորտով։ Յստակ է նաեւ, որ «խաղ»էն դուրս մնացած հիմնական խմբաւորումները ձեւով մը նպատակ ունին իրենց «քաղաքական ճակատագիր»ը յանձնել Նիկոլ Փաշինեանին, մինչ խորհրդարանի երկու հիմնական ընդդիմադիր ուժերը ունին բաւական մեծ տարակարծութիւններ ո՛չ միայն Փաշինեանի «յաղթանակած» ըլլալու փաստը շեշտադրելու առումով, այլեւ՝ մօտաւոր ապագային իրենց որդեգրելիք ռազմավարութեան տեսակէտէ։ Նոր խորհրդարանական ընդդիմութեան ղեկին կը գտնուին նախկին նախագահներ՝ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան, թէեւ այս վերջինը պատգամաւոր չէ ընտրուած։ Քոչարեանն ալ առիթով մը յայտնած է, որ ինքզինք չի պատկերացներ օրէնսդիր մարմնի կազմին մէջ։ Ի դէպ, այս առումով կիզակէտը Սերժ Սարգսեանի «Նիկոլ Փաշինեանը յաղթած է» խօսքը չէ միայն, այլեւ կան խորքային եւ տարողունակ տարակարծութիւններ, որոնք ջուրի երես կրնան ելլել յառաջիկայ օրերուն։ Սերժ Սարգսեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը, խորքին մէջ, նաեւ այլ բան մը չէ՝ եթէ ոչ իր կողմիններուն համար քաղաքական ապագայ գործողութիւններու «ճանապարհային քարտէս» մը։ Առանց աւելի խորանալու, կամաց-կամաց սկսած է յստակ դառնալ, որ Սարգսեանի համար Փաշինեանի ընտրուած ըլլալը արդէն ընդունելի է, հետեւաբար յառաջիկայ օրերուն ալ նոր խորհրդարանին մէջ նօսր դերակատարութիւն մը ունենալը «ընդունուած» ճակատագիր։ Սերժ Սարգսեան այս կեցուածքը որդեգրելով ամբողջական ապահարզան կը յայտարարէ, նաեւ կը հեռանայ ու իր կողմնակիցները կը հեռացնէ «փողոցի պայքար»է՝ մինչ Ռոպերթ Քոչարեան, իր բնաւորութեան բնորոշ գիծով՝ հաստատակամութեամբ վճռած է պայքարը շարունակել բոլոր գետիններու վրայ։
Այս բոլորէն անդին, յատկապէս վերջին օրերուն յստակօրէն սկսած է բարձրանալ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի աշխուժութեան ջերմաչափը։ Սա պայմանաւորուած է ո՛չ թէ ներքին, նօսր, փոքր հաշուարկներով, այլ ունի տարածքաշրջանային եւ նոյնիսկ միջազգային հովանաւորութիւն մը։
Բոլորին ծանօթ է, որ Արմէն Սարգսեան ի՛նչ մակարդակի կապեր ունի Անգլիոյ քաղաքական վերնախաւին հետ ու այդ առանցքին շնորհիւ կամ յանուն այդ առանցքին ան պատրաստ է առկայ գերլարուած դրութեան մէջ հանդէս գալ որոշակիօրէն բարդ դերով մը։ Արմէն Սարգսեանի համար շատ մեծ արժէք չեն ներկայացներ ներքին ճակատի վրայ ժողովրդականութիւն ունենալը կամ ընդունուած ու սիրուած գործիչ մը ըլլալը։ Ան շատ համարձակ կերպով կը շփուի իրարու հետ կապ չունեցող եւ նոյնիսկ իրարու դէմ թշնամացած կողմերու ներկայացուցիչներու հետ։ Նախագահը ստանձնած է համակարգողի դեր մը, որ յառաջիկայ ամիսներուն կրնայ աւելիով հունաւորուիլ։
Արմէն Սարգսեանի «շրջանային կարողականութեան» վերոյիշեալ ակնարկի լոյսին տակ պիտի ծագի հարց մը. արդեօք Ռոպերթ Քոչարեան պիտի ընդունի՞ նախագահի այս «միջնորդութիւն»ը, որ բաւականին խորհրդաւոր անցքերով պիտի ընթանայ՝ հաշուի առնելով Արցախի պատերազմէն վերջ ստեղծուած պայմանները, Թուրքիա-Ռուսաստան մերձեցումը, նաեւ քանի մը կարեւոր պարունակներ, որոնց յենլով Երեւան ու Պաքու պիտի փորձեն միասին դիավարել ու միասին նոր ճանապարհներ կառուցել։ Անտարակոյս Ռուսաստան մեծ ջատագով է, որպէսզի Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակը մնայ այս հունով, Ատրպէյճան ունենայ իր ուզածները, Թուրքիան դառնայ կամք թելադրող կողմ, իսկ Հայաստան ստանայ իր գերեվարուած զինուորները, նաեւ ամրացնէ իր սահմաններու անվտանգութիւնը։
Այս համայնապատկերին վրայ հաւանական կը դառնայ, որ Սիւնիքի իրադարձութիւնները ձեւով մը ընթացք տան ամերիկա-անգլիական ու նոյնիսկ ֆրանսական որոշ միջամտութեան, որ կրնայ կեանքի կոչուիլ Արմէն Սարգսեանի ձեռամբ։ Այստեղ հեռահար նպատակն է ճանապարհ բանալ դէպի Իրանի կազը։
Հոս է նաեւ, որ մեծ բեկում մը կրնայ յառաջանալ կապուած՝ մանաւանդ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան, որու տնօրինման համար Փաշինեան կրնայ եւ արդէն իսկ դիմած է՝ իրեն համար ոչ այնքան սիրելի Արմէն Սարգսեանին։ Եթէ այս ընդհանուր պարունակը մօտենայ գործնական կարեւոր փուլի, ապա այդ կէտին վրայ կրնայ հասնիլ բուն բեկումի ժամանակը։ Փաշինեան, որ արտաքնապէս ընտրած է Ռուսաստանի գիծը, շատ լաւ կը հասկնայ, թէ առանց այդ գիծին անհնար է պահպանել այսօրուան Արցախի ու Հայաստանի սահմանները։ Միւս կողմէ, ան գիտէ նաեւ, որ Արեւմուտքէն «բան մը փրցնել»ու համար կարիքն ունի Արմէն Սարգսեանի անմիջական նեցուկին։
Կա՞յ այս բոլորին մէջ տրամաբանական շղթայ մը. անշուշտ որ կայ։ Ասոր փոխարէն կայ Հայաստանի հասարակութեան պատկառելի մէկ տոկոսի «բորբոքուած» եւ վիրաւոր սիրտը, որ հիմնական պատճառը դարձաւ արտահերթ ընտրութիւններու ձեռնարկելու եւ ի վերջոյ իմանալու համար, թէ ինչքան է Փաշինեանի նկատմամբ այժմու նեցուկին կշիռը։ Արտահերթ ընտրութիւնը, բնոյթով ու «ժամկէտ»ով կը հետապնդէր հիմնական նպատակ մը. ապահովել Հայաստանի քաղաքական ճգնաժամի ամբողջական հանգուցալուծումը։
Այսօր Սերժ Սարգսեան եւ Արմէն Սարգսեան լծուած են այդ գործին։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր առաջնահերթութիւնը եւ իր ներկայութիւնը։ Անոնցմէ անդին, սակայն, կան Նիկոլ Փաշինեանն ու Ռոպերթ Քոչարեանը, որոնց յարաբերութիւնները անդառնալիօրէն (գէթ այս փուլին) «փճացած» են։ Յամենայնդէպս, այդ երկու գործիչներու անհատական յատկանիշները՝ տեղի չտալու կամ յարմարուելու առումով բոլորին ծանօթ են։
Երկու առաջնորդները պատրաստ չեն իրարու ձեռք սեղմելու եւ երկուքն ալ իրենց տեսակէտէն դիտուած, «իրաւունք» մը ունին։ Այժմ հարցումը հետեւեալն է. արդեօք առկայ լարումը կը հանգի՞ եւ արդեօք Արմէն Սարգսեան կը յաջողի՞ իր «խորհրդաւոր» առաքելութեան մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան