ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԱ.

ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՍ ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹԵՑ

Նախ գիտելի է, թէ Քրիստոսի աղօթելը Աստուածութեան չի՛ պատշաճիր, այլ՝ մարդկութեան, որովհետեւ Աստուածութեամբ Հօր եւ Հոգիին հաւասար է, իսկ մարդկութեամբ՝ մեզի հաւասար է: Դարձեալ՝ Արիոս կ՚ըսէր, թէ Բանը կ՚աղօթէր, որովհետեւ Բանին արարած կ՚ըսէր: Արդ, Քրիստոս մեզի հետ հաւասար կ՚աղօթէ, իսկ Հօր հետ հաւասար աղօթքները կ՚ընդունի, ինչպէս՝ Ի՛նք կը պատարագէ եւ Ի՛նքն է, որ պատարագը կ՚ընդունի, նոյնպէս ալ աղօթքի պարագան իմացիր:

Իսկ այստեղ բազմաթիւ պատճառներով աղօթեց. նախ՝ որպէսզի չկարծուի, թէ ուրիշ աստուծմէ մը ղրկուած է, այլ՝ Հօր Աստուծմէ ղրկուած է: Երկրորդ՝ որպէսզի Հօր Աստուծոյ հակառակ չկարծեն: Երրորդ՝ որպէսզի չըսեն թէ օրէնքներ լուծող է: Չորրորդ՝ որպէսզի հրեաներուն նախանձը շիջուցանէ: Հինգերորդ՝ որպէսզի չկարծեն, թէ Բեղզեբուղիի միջոցով հրաշքներ կը կատարէ: Վեցերորդ՝ որովհետեւ Օրէնքին մէջ մէ՛կ Աստուած գրուած էր (հմմտ. Ելք 20.3), այդ պատճառով կ՚աղօթէ, որպէսզի երկու Աստուած չկարծեն: Եօթներորդ՝ մարմին զգենալու խոնարհութեան համար, ինչպէս Ոսկեբերանը ըսաւ: Ութերորդ՝ որպէսզի մեզի աղօթք ու խոնարհութիւն ունենալ սորվեցնէ: Իններորդ՝ որովհետեւ Հօր Աստուածութիւնը յայտնի էր անոնց մէջ, իսկ այդ ատեն Որդիինը՝ ծածուկ էր: Տասերորդ՝ քանի որ Հօր կամքով էր, որով Հօր հետ միակամութիւնը ցոյց կը տրուի:

Ո՛վ չարափառ, եթէ Ղազարոս այս շունչը [Քրիստոսի] աղօթելէն ստացաւ, իսկ ի՞նչ է այն, որ այրիին որդիին առանց աղօթելու, իշխանութեամբ կը յարուցանէր (հմմտ. Ղկ 7.11-17), եւ քահանայապետին աղջկան (հմմտ. Ղկ 8.40-56), եւ ծովը սաստելը (հմմտ. Մր 4.35-41), եւ միւս բոլոր բժշկութիւնները, որ հրամայելով կը կատարէր եւ ո՛չ՝ աղօթելով: Այլ դուն Քրիստոսէ տե՛ս լուրը եւ իմացիր պատճառը, որովհետեւ կ՚ըսէ. «Շուրջ գտնուող ժողովուրդին համար կ՚ըսեմ, որպէսզի անոնք հաւատան թէ Դուն ղրկեցիր զիս» (Յհ 11.42):

Դարձեալ՝ գիտեմ, Հօր հետ հաւասար գիտութիւնը կը ցուցնէ, ըստ այնմ. «Ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ եւ Ես՝ Հայրը» (Յհ 10.15): Դարձեալ՝ լսեցիր եւ պիտի լսես, կամքը կատարելու մասին կ՚ըսէ, որովհետեւ Հօր եւ Որդիին կամքը մէ՛կ է: Եւ դարձեալ չորրորդ պատճառն ու պիտանի միտք, քանի որ լսեցիր եւ պիտի լսես անցեալն ու ապագան կ՚ըսէ, իսկ հիմա կ՚ըսէ կը կատարեմ, ինքնիշխանութեամբ եւ աստուածաբար:

Ասկէ ետք կը ճառէ հրաշքի ստուգութեան չորրորդ կերպին մասին, որ է Ղազարոսին կանչելը:

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՁԱՅՆԻՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Ասիկա ըսելէ ետք՝ բարձր ձայնով կանչեց [աղաղակեց]» (Յհ 11.43):

Մեկնութիւն. Այստեղ երկու հարցումներ կ՚ըլլան.

Առաջին հարցում. թէ ի՞նչ է աղաղակը:

Պատասխան. աղաղակը երեք կերպով կը հասկցուի. նախ՝ ամբոխի բազմախուռն ձայնը աղաղակ կը կոչուի: Երկրորդ՝ ձայնը, խօսքը եւ սիրտին բարձր իղձերը խառնուած աղաղակ կը կոչուի: Երրորդ՝ զօրաւոր ձայնը աղաղակ կը կոչուի: Իսկ այստեղ ո՛չ [միայն] առաջինը, այլ՝ երկուքն ալ կը յարմարին, քանի որ ձայնը՝ մարմինէն, իսկ խօսքը՝ միտքէն, եւ աստուածային զօրութիւնը անոնց մէջ խառնուած է: Այլ՝ զօրաւոր ու բարձր ձայնեց, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «Բարձր ձայնով կանչեց»:

Երկրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար ձայնով աղաղակեց, որովհետեւ մեռելը ձայնը չի զգար:

Պատասխան. կ՚ըսենք տասն պատճառի համար. նախ՝ ինչպէս այլ տեղ հրաշքներ կը գործէր կամքով ու խօսքով, կամ ձեռքով, կամ միտքով, կամ թուքով, եւ այլն: Իսկ այստեղ Ղազարոսին ձայնով յարութիւն տուաւ, որովհետեւ Աստուած էր մարմինը եւ Աստուծոյ ձայնն էր, որ մարմինին մէջ էր: Երկրորդ՝ որպէսզի չկարծեն, թէ կախարդութեամբ կ՚ըսէ խօսքը: Երրորդ՝ որպէսզի ամբողջ ժողովուրդը իմանան եւ Իրմէ լսեն յարութիւնը: Չորրորդ՝ որպէսզի ձայնէն ճանչնան Իր աստուածային զօրութիւնը, որովհետեւ ոչ թէ ինչպէս մարգարէները Աստուծոյ անունով, եւ ոչ ալ ինչպէս առաքեալները Քրիստոսի անունով կը յարուցէին: Հինգերորդ՝ որպէսզի վերցնէ այն կարծիքը, որոնք կ՚ըսէին, թէ հոգին գերեզմանին մէջ թաքնուած էր, ցոյց տուաւ, թէ հեռուէն, այսինքն՝ դժոխքէն կը կանչէ զայն, որպէսզի մարմինին դառնայ: Վեցերորդ՝ որպէսզի վերցնէ մոլորութիւնը, որոնք կ՚ըսեն, թէ հոգին մարմինին հետ մեռած էր, ցոյց տուաւ, թէ հոգիները ողջ են եւ զգայութեան մէջ են: Եօթներորդ՝ որովհետեւ Ինքն Իր անձին կը վստահէր, թէ հրաշքը պիտի կատարուէր: Ութերորդ՝ որովհետեւ մեզի ընտելացած սովորութեամբ կը տնօրինէ՝ հեռուէն ձայնելով: Իններորդ՝ քանի որ Յիսուսի զօրաւոր ձայնով գոչումով դժոխքի բարապանները ահաբեկուեցան եւ հոգին բանտարկուած բանտէն ազատ արձակեցին: Տասներորդ՝ ձայնին գոչումը գերեզմանի քարայրին մէջ իջաւ ու ապականեալ մարմինը նորոգելով կենդանացուց, եւ ինչպէս խօսքը ո՛չ թէ մասամբ, այլ՝ ամբողջութեամբ կը բաժնուի բոլորին սիրտերուն, նոյնպէս Քրիստոսի ձայնը ամբողջական էր Ղազարոսի հոգիին ու մարմինին՝ գերեզմանին մէջ եւ բոլորին ականջներուն:

Խօսք. «Ղազարո՛ս, դո՛ւրս եկուր [Ղազարէ՛, արի՛, եկ արտաքս]» (Յհ 11.43):

Մեկնութիւն. չորս բառ է. մէկը՝ անուն, իսկ երեքը՝ հրամայական բայ:

Ղազարէ՝ Ղազարոս, ինչպէս Ստեփանէ՝ Ստեփաննոս: Եւ վեց կամ եօթ գիր է, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս վեց եւ եօթ գիրով կը դրոշմուի: Իսկ որ կ՚ըսէ՝ ոտքի՛ կանգնիր [արի՛], մարմինին կ՚ըսէ, որ մահուամբ ինկած էր, եկուր հոգին [որ] հեռացած էր, դո՛ւրս՝ մարմինը գերեզմանէն եւ հոգին՝ դժոխքէն: Եւ տե՛ս, չըսաւ, թէ Հայր յարուցանէ՛ ասոր, կամ՝ Հօր անունով ոտքի՛ կանգնիր, այլ՝ Ինք իշխանաբար կը հրամայէ մեռելին՝ իբրեւ կենդանի խօսելով:

Իսկ այստեղ երկու հարցումներ կ՚ըլլան.

Առաջին. ինչո՞ւ համար ձայնած ատեն միայն Ղազարոսը դուրս եկաւ, որովհետեւ բազմաթիւ Ղազարոսներ կային այնտեղ:

Պատասխան. նախ՝ որովհետեւ եզակի ձայնեց. Ղազարոս, դո՛ւրս եկուր, եւ ոչ թէ յոգնակի՝ Ղա՛զարոսներ, դո՛ւրս եկէք: Երկրորդ՝ որովհետեւ աստուածային ակնարկութիւնը մէկ հոգիի եղաւ եւ ոչ թէ շատերու:

Երկրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար Ղազարոսը կենդանացուց եւ ոչ՝ միւսները:

Պատասխան. որովհետեւ մեծահարուստը խնդրեց Ղազարոսը մեռելներէն յարուցանէ, որպէսզի եղբայրները հաւատան (հմմտ. Ղկ 16.19-31), այդ պատճառով աղքատ Ղազարոսին փոխարէն սիրելի Ղազարոսը յարուցանեց, իսկ անոնք չհաւատացին:

Ասկէ ետք հրաշքին հինգերորդ ստուգութիւնը կը դնէ:

Խօսք. «Ու Ղազարոս դուրս ելաւ [վաղվաղակի]՝ ոտքերը եւ ձեռքերը պատանքով փաթթուած եւ երեսը վարշամակով ծածկուած» (Յհ 11.44):

Հրեայ ազգին պատանքները չորսն էին, այսինքն՝ գլուխին վարշամակը, եւ ձեռքերուն, ոտքերուն ու ամբողջ մարմինինը, այդպէս ալ Քրիստոսը պատանքեցին ըստ հրեաներու օրէնքին, այդպէս ալ մեր մօտ մէկ պատանքը չորս մասերը կը պատանքէ: Իսկ ըսելը՝ փաթթուած, այն է, որ կտաւէ կապերով պատուած էր, որովհետեւ ստուգաբանութեամբ կ՚ըսէ. ինչո՞ւ կապած էին զինք, կամ՝ ուրիշ կապերով: Երկու բան կը նշանակէ. նախ՝ որովհետեւ մեռելը զգայութիւններու բոլոր գործերէն կապուած է: Երկրորդ՝ քանի որ մեր նախահայրը ոտքերով գնաց ծառին եւ ձեռքերով կտրեց պտուղը ու բերանով կերաւ, այդ պատճառով այդ մասերը ակնածանքով կը կապենք:

Այստեղ երկու հարցումներ կ՚ըլլան:

Առաջին. մեռելին պատանքը ի՞նչ կը նշանակէ:

Պատասխան. պատանք կը կոչուի, որովհետեւ պատած ու կապած է բոլոր զգայարանքները եւ ոչինչ կրնայ գործել՝ ո՛չ չար եւ ո՛չ ալ բարի, եւ որովհետեւ կտաւը երկրէն է եւ արուեստով գործուած, կը ցուցնէ, թէ երկրի վրայ մարդ ինչ որ գործէ, նոյնը կը հագուի ու կը զարդարուի: Իսկ մեռելին միւս արարողութիւնը գտիր Հարցմանցի տասներորդ գլուխի չորրորդ համարին մէջ:

Երկրորդ հարցում. Փրկիչը ինչո՞ւ համար առանց պատանքներու յարութիւն առաւ, իսկ Ղազարոս՝ պատանքներով:

Պատասխան. նախ՝ երկուքին ստոյգ յարութեան համար, որովհետեւ Փրկիչին պատանքը կը ցուցնէր, թէ ստուգապէս յարութիւն առած է եւ ո՛չ թէ գողցուած, իսկ Ղազարոսին պատանքը կը ցուցնէ, թէ ստուգապէս Ղազարոսն է եւ ոչ թէ իրեն նմանող մէկը, ինչպէս Մեկնիչդ [Նանա] կ՚ըսէ:

Դարձեալ՝ խորհրդաւոր է, որովհետեւ Քրիստոս անմահ կեանքին յարութիւն առաւ, Անոր պատանք պէտք չէր, ինչպէս նաեւ մեզի՝ հանդերձեալին, իսկ Ղազարոս՝ ժամանակաւոր կեանքին, ու պէտք էր իրեն պատանք ունենալ որպէս մարմինի ծածկոյթ: Բարւոք կ՚ըսէ. «Անմիջապէս [վաղվաղակի]», քանի որ Աստուծոյ զօրութիւնը նոյն վայրկեանին ու րոպէին կը ներգործէ հրաշքը:

Այստեղ երեք հրաշքներ միասին եղան. նախ՝ որովհետեւ ձայնին գոչումով՝ յարութիւն առաւ: Երկրորդ՝ նոյն մարմինով, որ գերեզման դրուեցաւ՝ յարութիւն առաւ: Երրորդ՝ կապուած ոտքերով ու երեսով Քրիստոսի մօտ եկաւ, այդ պատճառով հրամայեց.

Խօսք. «Քակեցէ՛ք պատանքը եւ ձգեցէք որ երթայ» (Յհ 11.44):

Մեկնութիւն. երկու բան կը ցուցնէ. նախ՝ ըստ Ոսկեբերանին, որպէսզի պատանքները քակելով ու շօշափելով ճանչնան, թէ ան է, որ մեռաւ ու յարութիւն առաւ: Դարձեալ՝ Քրիստոս ասիկա հրամայեց զԻնք պաշտողին պատուելու համար:

Իսկ թէ Քրիստոս հրամայեց արտօնել անոր երթալ, երեք պատճառի համար. առաջինը՝ ըստ Ոսկեբերանին է՝ խոնարհութեան համար, որովհետեւ չի՛ հրամայեր Իր հետ շրջիլ ու Քրիստոսի փառքը յայտնել: Երկրորդ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ ճշմարտապէս յարութիւն առած է եւ ո՛չ թէ առ աչօք: Իսկ ասիկա կենդանական գործէն յայտնի է, որ էր շրջիլն ու գործելը, եւ ինչպէս այս Աւետարանին մէջ կ՚ըսէ, թէ՝ «Ղազարոսն ալ սեղանակիցներէն մէկն էր» (տե՛ս Յհ 12.2): Եւ դարձեալ ասով ցոյց տուաւ, թէ ո՛չ միայն կենդանութեան յարութիւն առած էր, այլ՝ մարմինի կատարեալ զօրութեան: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 110

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յուլիս 6, 2021