«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՀԻՆՏՈՒԻԶՄԸ ՄԵԾ ՎՆԱՍ ՊԱՏՃԱՌԵՑ

Ուղղափառութեան մէջ արդարութիւնը մարդու սէրէն զեղում մըն է Աստուծոյ եւ իր նմանին նկատմամբ: Իսկ բոլոր արդարութիւնները, որոնք փառասէրներուն ու մոլորեցնողներուն կողմէ կը կատարուին, ապա ատոնց մէջ քրիստոնէական հոգեւորութիւն չկայ, այլ՝ մարդկային լա՛ւ գործօն կայ: Քրիստոնեան, որ ուղղափառութեան կեանքը ճիշդ կերպով կ՚ապրի, խոնարհ է, սիրող, զոհաբերող եւ ինքզինք կու տայ իր նմանին համար: Կը ճգնի, պահք կը պահէ, հսկումներ կ՚ընէ՝ իր Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած սէրէն դրդուած եւ ո՛չ թէ այլ նպատակով:

Յիսուս աշխարհ եկաւ ու խաչուեցաւ՝ Իր աշխարհի հանդէպ ունեցած սէրէն մղուած: Խաչուեցաւ եւ յարութիւն առաւ ու բոլորը ուրախութեամբ լեցուց: Ճղճիմութիւն է, որ մարդ Յիսուսի ուրախութեանէն դուրս այլ հոգեւոր ուրախութիւններ փնտռէ: Աստուած մարդուն առիթ կու տայ ճաշակելու երկնային քաղցրութիւնը եւ զայն փոխանցէ իր ամբողջ շրջապատին, մինչ ուրիշները զբաղած կ՚ըլլան հինտուիական եւ եոկայի փիլիսոփայութիւններով՝ հոգեւոր որոշ մակարդակի մը հասնելու համար -որ կրնայ կեղծ ըլլալ-, նոյնիսկ ցնծութիւն զգալ, միւսները անդրանցնիլ առանց անոնց ուշադրութիւն դարձնելու:

Ենթադրենք, որ հինտու մը կեդրոնանալու արուեստը կը գործադրէ ծովեզերքին վրայ, եւ միեւնոյն ժամանակ մէկը ջուրին մէջ կ՚իյնայ ու կը սկսի խեղդուիլ: Այդ հինտուն պիտի չշարժուի եւ պիտի շարունակէ իր կեդրոնացումը՝ առանց ուշադրութիւն դարձելու շրջապատին, որպէսզի չզրկուի այն ցնծութենէն՝ որ այդ պահուն կ՚ապրի: Իսկ եթէ նոյն վայրին մէջ ուղղափառ վանական մը Յիսուսի աղօթքը կ՚ըսէ եւ աղօթքի քաղցրութիւնը մեղրի նման կը զգայ, եւ պատահի նոյն դէպքը, ապա ան իր վարդառանը կը ձգէ եւ ինքզինք ջուրին մէջ կը նետէ՝ որպէսզի խեղդուողին օգնէ:

ՄԱՐԴՈՑ ՄՈԼՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

-Եառոնտա. եթէ Եղիա եւ Ենովք մարգարէները գան՝ զղջում քարոզելու, ապա աշխարհը իր հունին պիտի վերադառնա՞յ:

-Դրական յատկութիւններ ունեցողները կը գիտակցին այդ բանին, սակայն այդ յատկութիւնները չունեցողները պիտի չհասկնան, թէ ինչ կը կատարուի ու պիտի մոլորին: Յիսուս նախապէս զգուշացուց մեզ ուշադիր ըլլալու, որովհետեւ՝ «սուտ քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի յայտնուին եւ նշաններ ու հրաշքներ կատարելով՝ պիտի մոլորեցնեն, եթէ կարենան, նոյնիսկ Աստուծոյ ընտրեալները» (Մր 13.22):

Ոմանք կան, որոնք մոլորեցնողները մարգարէներ կը կարծեն: Մի քանի տարի առաջ բողոքական մը, որ կը բռնէր կաշի պայուսակ մը, որու վրայ գրուած էր՝ «Ես Եղիա Մարգարէն եմ», ու մարդոց մէջ կը շրջէր: Առանց օձիկի վերնաշապիկ կը հագուէր ու անգլերէնով Սուրբ Գիրք մը ունէր, որ կ՚ըսէր, թէ՝ «երկինքէն իջած է»: Երբ օր մը հարցուեցաւ իր հաւատքի մասին եւ թէ ի՞նչ կրօնքի կը պատկանի, պատասխանեց.

-Այդ բաները փուճ ու մոլորեցնող բաներ են: Այն ատեն կրօնքներ չկային:  Բոլոր խմբաւորումները՝ կաթոլիներ, բողոքականներ, յիսունականներ, հեռետիկոսներ, նոյնն էին:

Զանազան նամակներ ղրկեց, որոնցմէ որոշներուն մէջ գրած էր Սուրբ Գիրքէն հատուածներ, որոնք բոլոր բողոքականեան մտածողութեամբ լեցուն էին: Կարգ մը մարդիկ հաւատացին անոր եւ ուզեցին յայտարարել անոր մասին. «Եղիա Մարգարէն եկաւ»:

-Դուք լա՞ւ էք, -հարցուցի անոնց-: Աշխարհը խեղճ է ու գլխապտոյտով կը տառապի…

Մարդ կը սխալի եթէ միայն այդ մոլորեցնողներուն ըսածները լսէ: Ոմանք կ՚ըսեն. եթէ հաւատաս, թէ բան մը պիտի պատահի, ապա կը պատահի: Այս հաւատալիքին ետին սատանան է, որ պահուըտած է: Իրենք զիրենք աստուածներ ըրած են ու մերկացած՝ Աստուծոյ շնորհքէն: Անոնց միակ մտադրութիւնը աշխարհը խաբելն է այդ հաւատալիքներով:

Յիսուն տարեկան մարդ մը հաւատացնել կու տար, թէ ինք Խալկի կաճառի [Տօտեկանէս] շրջանաւարտներէն է եւ միաժամանակ հինտուիական փիլիսոփայութիւններ կ՚արտաբերէր: Զգուշացուցի զինք ըսելով, թէ ինքզինք եւ ուրիշներուն կրնայ վնասել, եթէ ան այդ հնդկական անհեթեթութիւնները շարունակէ արտաբերել, եւ վերջաւորութեան սատանայական ազդեցութեամբ ալ կը հարուածուի:

-Եառոնտա. ինչո՞ւ համար Յունաստանի մէջ որոշ հոգեւոր միաւորներ իրենք զիրենք որպէս հաստատութիւններ ցոյց կու տան, եւ ո՛չ՝ կրօններ:

-Այդ բանը կ՚ընեն մոլորեցնելու համար: Այն ժամանակ երբ Սուրբ Կոստանդինը վերացուց կռապաշտութիւնը եւ քրիստոնէութիւնը պաշտօնական կրօնք դարձուց Կայսրութենէն ներս, կը նկատենք, որ այդ միաւորներէն ոմանք փորձեր կատարած են կրկին անգամ կռապաշտութիւնը տարածելու: Մզկիթներ կառուցել կ՚արտօնեն, ազատութեամբ դասախօսութիւններ կը կարդան, իրենց յարողներուն համար կեդրոններ կը հիմնեն, մասոնականներուն եւ Եհովայի վկաներու կը թոյլատրեն, որպէսզի ազատութեամբ իրենց միջոցառումները կատարեն, կրակ կը բանան ուղղափառութեան վրայ: Սակայն, այդ բոլորը պիտի կործանին, չքանան ու պիտի չհաստատուի: Իսկ խեղճ ու պարզ մարդիկը թակարդին մէջ կ՚իյնան, Աստուծմէ հեռանալուն եւ խաւարին մէջ թաթախուելուն պատճառով:

Բողոքական մը ուզեց ուղղափառ դառնալ: Խրատեցի, որպէսզի չմկրտեն զինք, որովհետեւ տակաւին պատրաստ չէր մկրտութեան:  Չուզեցին լսել զիս. կրկնեցի ըսածս զգուշացնելով զանոնք, դարձեալ չարձագանգեցին, զինք ծով տարին եւ այնտեղ մկրտեցին: Մի քանի օր յետոյ այդ մարդը եկաւ քովս ու ըսաւ.

-Մկրտուեցայ, սակայն Մկրտութիւնը չօգնեց ինծի՝ հոգեկան խնդիրներէս ձերբազատուելու համար:

Պատասխանեցի.

-Մկրտուեցար, որպէսզի հոգեկան խնդիրներէ՞դ ազատուիս: Մկրտութիւնը շատ աւելի վսեմ է այդ բանէն: Եթէ զգացիր անոր անհրաժեշտութիւնը եւ հասկցար անոր արժէքը, ապա ինչ խնդիրներէ որ կը տառապիս՝ ինքնաբերաբար կ՚ոչնչանան: Իսկ եթէ Մկրտութեան կը փափաքիս, որպէսզի ձերբազատուիս հոգեկան խնդիրներէդ, ապա զուր տեղ կը փորձես:

Հրաշքը կախարդութեամբ կը պղտորեն: Չեն կրնար ոսկին պղինձէն զանազանել: Կրնայ ըլլալ որ բողոքականը Ուղղափառ եկեղեցւոյ մը մէջ մկրտուի, ապա կաթոլիկ կը դառնայ, եւ երբ հանգիստ չի զգար իրեն, կը վերադառնայ բողոքականութեան կամ ուղղափառութեան: Կաթոլիկ մը Ուղղափառ եկեղեցւոյ մը մէջ մկրտուած է, վանական դարձած ու ինն տարի վանքերէն մէկուն մէջ ապրած է: Ի վերջոյ, խուցս եկաւ տեղեկացնելու համար ինծի, թէ կ՚ուզէ աշխարհ երթալ, ամուսնանալ եւ փորձել աշխարհիկ կեանքը որպէս ուղղափառ մարդ: Կը լսե՞ս այս խօսակցութիւնը: Կը հասկնա՞ս ըսուածը: Ես չեմ կրնար հասկնալ այդ բանը:

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՈՒՂՂԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ

Այսօր աշխարհը ճիշդ բաներէն կը փախչի՝ նետուելու համար տարօրինակ բաներու մէջ, ուր հանգիստ կը գտնէ: Մարդիկ Հնդկաստան կ՚երթան, որովհետեւ կախարդութիւնը՝ որ այդ երկրին մէջ կը կատարեն, կը քաշէ զիրենք, մինչ անոնք կ՚անգիտանան իրենց մօտ գտնուող Սուրբ Լերան մասին, ուր կը կայանայ ճշմարիտ գաղտնիքը քրիստոնէական կեանքին:

Աշակերտներէն մէկը Հնդկաստան գնաց եւ երեքուկէս տարի այդ երկրին մէջ ապրեցաւ, կրօններու մասին ճշմարտութիւնը փնտռելով: Հնդիկներէն մէկը ըսաւ անոր.

-Ճշմարտութի՞ւնը կ՚ուզես: Այստեղ չէ. ուղղափառութեան մէջ է, անոր մէջ լոյս կայ: Սուրբ Լեռ վերադարձիր ու այնտեղ պիտի գտնես փնտռածդ: Այդպիսով Յունաստան վերադարձաւ եւ Սուրբ Լեռ եկաւ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 41

1 յունիս 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021