ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԱՌԸՆԹԵՐ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ԱՆՅՍՏԱԿ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները բացի պաշտօնական յայտարարութիւններէն (որոնց վերջինը ԱՄՆ-ի վարչակազմին կողմէ Հայաստանի արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքները ողջունելու համար էր), առհասարակ, լռութիւն կը պահեն Հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ։ Անոնք այս կեցուածքը կը պահեն, որովհետեւ ո՛չ թէ մինչեւ այս պահը ԱՄՆ-ի թարմ ղեկավարութիւնը յստակ որոշում մը ցարդ չէ կայացուցած, այլեւ ամերիկացիք ինչպէս երէկ, այսօր ալ կը հաւատան, որ տարածքաշրջանի գլխաւոր «խաղացող»ը կը շարունակէ մնալ Ռուսաստանը։

Իբր այդ, այս բոլորին ու յատկապէս ամերիկեան կողմի վերջին կեցուածքներուն մասին աւելի յստակ պատկերացում մը ունենալու համար իմ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ ԱՄՆ-ի նախկին դեսպան Ճոն Էվընսի «թերթ.ամ» կայքէջին տուած հարցազրոյցը։

*

-Աւելի քան երկու հարիւր տարիէ ի վեր ընդունուած է ԱՄՆ-ի Անկախութեան հռչակագիրը: Ըստ անոր՝ բոլոր մարդիկ ստեղծուած են հաւասար եւ կան որոշակի անքակտելի իրաւունքներ, զորս կառավարութիւնները երբեք պէտք չէ խախտեն. անոնք են՝ կեանքի իրաւունքը, ազատութիւնը եւ երջանկութեան իրագործումը։ Երբ կառավարութիւն մը չի կարողանար պաշտպանել այդ իրաւունքները, զայն տապալելը ոչ միայն իրաւունք է, այլեւ ժողովուրդի պարտականութիւնն է: Մեզի միշտ կը թուի, որ բոլոր ամերիկացիները հետեւողական են իրենց իրաւունքները պաշտպանելու հարցով, իսկ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնները հնարաւորութիւն չունին չպաշտպանելու զանոնք: Հետաքրքրական է՝ արդեօք մեր այդ պատկերացումները ճի՞շդ են: Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք այսօրուայ Ամերիկան:

-Անկախութեան հռչակագիրը եւ Սահմանադրութիւնը, ի հարկէ, մեր ամերիկեան ժողովրդավարութեան հիմնարար փաստաթուղթերէն են, որոնք գրուած են տարբեր ժամանակներուն՝ տարբեր նպատակներու համար: 1776 թուականի 4 յուլիսի հռչակագիրը մեր ծանուցումն էր բրիտանական միապետութեան եւ աշխարհին, որ մենք կը ցանկանք որոնել մեր անկախութիւնը եւ ցուցակը մեր բողոքներու, որոնք մեզ դրդած էին այդ ընել: Յատկապէս ուշագրաւ է այնտեղ եղած պնդումը, որ «բոլոր մարդիկ հաւասար ստեղծուած են»։ Ան համարձակ բան մըն է՝ ըսուած 1776-ին եւ մարտահրաւէր, որ այդ ժամանակէն ի վեր կը ցնցէ պատմութիւնը։ Միւս կողմէ՝ Սահմանադրութիւնը գրուած է այն մարդոց կողմէ, որոնք հաւաքուած էին տասներեք սկզբնական գաղութներէ՝ Բրիտանիայէն մեր անկախութիւնը ստանալէն ետք, կոչուած էր ապահովելու այն կանոնները, որոնցմով պէտք է ապրի ժողովրդավարական հանրապետութիւնը: Ի հարկէ, այդ կատարեալ չէր եւ արագօրէն փոխուեցաւ տասը անգամ («Իրաւունքի նախագիծ»): Պէտք է նշել, որ Սահմանադրութիւն մշակողները, ինչպէս Հռչակագիրը ստորագրողները, անգլիական ծագում ունեցող տղամարդիկ էին՝ ոչ թէ կանայք, ստրուկ ափրիկեցիներ եւ ոչ ալ բնիկ ամերիկացիներ։ Յայտնի է, որ ԱՄՆ-ի Սահմանադրութիւնը «պայքարի հրաւէր է», քանի որ անիկա կը բաժնէ իշխանութիւնը օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու միջեւ, իսկ Գերագոյն դատարանը կը գործէ որպէս մրցավար: Մեծ պատմաբան՝ Առնոլտ Թոյնպին նոյնիսկ գրած է ամբողջ աշխարհի մէջ «Ամերիկեան յեղափոխութեան շարունակական ազդեցութեան» մասին: Յայտարարուած ժողովրդավարական արժէքներու եւ առկայ իրողութիւններու միջեւ եղած անդունդը կը շարունակէ խթանել այն քաղաքական գործընթացը, որ կարելի է դիտարկել այսօր Ամերիկայի մէջ եւ այլուր: Ստրկութեան շարունակական գոյութիւնն էր, որ յանգեցուց մեր՝ 1861-1865 թուականներու քաղաքացիական պատերազմին, որու հետեւանքներու դէմ մենք դեռ այսօր ալ կը պայքարինք: Հասարակութեան մէջ անհատի իրաւունքներու եւ հասարակական բարեկեցութեան միջեւ հաւասարակշռութեան հասնիլը շարունակական մարտահրաւէր է:

-Հաշուի առնելով ամերիկեան փորձը՝ որո՞նք կը նշէք որպէս հիմնական սկզբունքներ եւ արժէքներ երկիրներու կայունութեան, զարգացման եւ բարեկեցութեան հասնելու ճանապարհին:

-Ես միշտ հաւատացած եմ, որ ամերիկեան փորձը կրնայ օգտակար ըլլալ այլ երկիրներու համար, բայց, ի վերջոյ, իւրաքանչիւր հասարակութիւն պէտք է ինքնուրոյն որոշէ, թէ ինչպէս կը կազմակերպէ իր գործերը եւ կ՚իրականացնէ իր նպատակները: Ամերիկեան «ձեւաչափը» նպատակայարմար չէ բոլոր երկիրներուն համար, որովհետեւ իւրաքանչիւր երկիր ունի իր սեփական պատմութիւնը եւ մարտահրաւէրներու ամբողջութիւնը:

-Արդէն երեսուն տարիէ ի վեր Հայաստան եւ ԱՄՆ ունին դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Դուք 2004-2006 թուականներուն եղած էք Հայաստանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան: Կը փափաքինք իմանալ ձեր կարծիքը երկու երկիրներու յարաբերութիւններու եղափոխութեան մասին: Հիմա ձեր գնահատմամբ՝ ինչպիսի՞ն են այդ յարաբերութիւնները։

-Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Միացեալ Նահանգները առաջիններէն էր, որ ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը: Ամերիկեան քաղաքականութիւնը առաջնային կը համարէ՝ աջակցիլ տնտեսական զարգացման, տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ ժողովրդավարական հիմնարկներու աճին: Որքանով յաջողած է մեր քաղաքականութիւնը, ազատօրէն կարելի է հարցնել, բայց հաստատ դրականները աւելի շատ պիտի ըլլան, քան բացասականները: Միջազգային յարաբերութիւնները տեւական հոսքի մէջ են, քանի որ կեանքը միշտ նոր եւ տարբեր մարտահրաւէրներ կը բերէ: Այնպէս որ, ես չեմ կանխատեսեր Հարաւային Կովկասի պետութիւններու նկատմամբ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան լուրջ փոփոխութիւններ:

-Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը յայտարարէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծուած է եւ Հայաստան պէտք չէ որեւէ պահանջ ունենայ: Ի՞նչ կարծիք ունիք յետպատերազմեան իրավիճակին մասին եւ ի՞նչ վերաբերմունք ունի նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը:

-Միացեալ Նահանգները՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի երեք համանախագահներէն մին, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի հետ միասին, միշտ հանդէս եկած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման օգտին: Շուրջ քսանվեց տարի միջնորդները կը փորձէին աջակցիլ կողմերուն արդար եւ տեւական լուծման հասնելու հարցով, քանի մը անգամ բաւական մօտենալով հարցի լուծման, ինչպէս Քի Ուեստի մէջ 2001 թուականին։ Բայց դիւանագիտութիւնը, քաղաքականութեան պէս, հնարաւորութեան արուեստ է, մենք անցեալ աշնան տեսանք, թէ ինչ կրնայ պատահիլ: Ատրպէյճանի կողմէ սկսուած պատերազմի ընթացքին բռնութիւնն ու ոչնչացումը մեծ ցաւ ու տառապանք բերած են Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան եւ, ցաւօք, աւելի բարդացուցած է խաղաղ եւ կայուն լուծման հասնելու մարտահրաւէրը: Անշուշտ, համանախագահները հասանելի են կողմերուն՝ օգնելու համար, բայց ի վերջոյ կողմերն են, որ պատասխանատու եղած են բազմաթիւ խնդիրները լուծելու հարցով։

-Պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի մէջ հայ գերիները պատանդ կը մնան քաղաքական սակարկութիւններու եւ առեւտուրի համար: Ձեր կարծիքով՝ ինչպէ՞ս կարելի է լուծել հարցը: Հնարաւորութիւն կը տեսնէ՞ք, որ ԱՄՆ կրնայ օգնել Հայաստանին` խնդրի լուծման եւ գերիները Հայաստան վերադարձնելու հարցով:

-Դժբախտաբար, որոշ պետութիւններու եւ ոչ-պետական դերակատարներու կողմէ պատանդները կը կիրառուին փրկագինի կամ քաղաքական սակարկութիւններու համար: ԱՄՆ-ի կողմէ մղուած առաջին պատերազմը, Հիւսիսային Ափրիկէի Պարպարիի ափի ծովահէններուն դէմն էր, որոնք նոյն գործելակերպը ունէին: Յուսադրող էր տեսնել անօրինական ձեւով կալանաւորուած հայերու մէկ մասի վերադարձը, իսկ Պաքուի դատարանի կողմէ մեղադրանքները ընդդէմ միւսներուն, առանց իրական գործողութիւններու ներկայացման, ալ չխօսինք դաժանութեան եւ վայրագութեան գործողութիւններուն մասին, զորս տեսած ենք որոշ տեսանիւթերով, դէմ են հաստատուած միջազգային չափանիշներուն եւ մարդկային սկզբունքներուն: Անոնք պէտք է դատապարտուին:

-Շուրջ երկու ամիսէ ի վեր Ատրպէյճանի զօրքերը տեղակայուած են Հայաստանի տարածքներէն, Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերէն ներս եւ մտադիր չեն ետ երթալ: Նիկոլ Փաշինեան առաջարկած է հայելային սկզբունքով զօրքերը դուրս հանել հայ-ատրպէյճանական սահմանէն եւ տեղակայել միջազգային դիտորդներ: Ձեր կարծիքով, ի՞նչ է ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը այս հարցով:

-Ես այլեւս ԱՄՆ-ի դիւանագիտական ծառայութեան մէջ չեմ եւ հետեւաբար, ի վիճակի չեմ ըսելու, թէ ապագային ինչպէս կրնայ ըլլալ նոր վարչակազմի դիրքորոշումը: Այնուամենայնիւ, Հայաստանի Հանրապետութեան ճանչցուած սահմաններու խախտումը, նոյնիսկ եթէ կան որոշ վիճելի հատուածներ, որոնք պէտք է սահմանազատուին, ակնյայտօրէն չեն օգներ իրավիճակի կայունացման եւ պէտք է իսկոյն, դադրեցուին այդ խախտումները։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 12, 2021