ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ. «ՄԵՆՔ ՄԻՇՏ ՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՀՈԳԻՈՎ ՊԻՏԻ ՆԱՅԻՆՔ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ԵՒ ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԵՆՔ Ո՛Չ ԹԷ ԱՆՑԵԱԼԻ, ԱՅԼ՝ ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԱՄԱՐ»

Ինչ մեծ անուններ ունինք, որոնք թաքնուած են։ Թաքնուած ծաղիկներու պէս, որոնք ինկած են ու գլուխ խոնարհած անշուք վայրի մը մէջ, յետոյ պահ մը ետք նոր շունչ առած ու նոր ծիլ տուած։ Անուններ ունինք, որոնց հետքը անջնջելի է ոչ միայն այն պատճառով, որ այդ մարդիկ մեծ աւանդ թողած են, գաղափարի մը հաւատացած են, նոյնիսկ իրենց կեանքը զոհած են յանուն այդ գաղափարին, այլ անոր համար, որ անոնք ունեցած են այնպիսի վսեմական հոգիով հետեւորդներ, որոնք շարունակած են իրենց աւանդը։

Այդ կերպարներէն մին է վեր. Արմենակ Հայկազեան, որ ողջ կեանքը նուիրած է իր հօտին՝ ստեղծելով աւանդ եւ յետ մահու ալ դառնալով կրթութեան եւ ուսումնառութեան խորհրդանիշ։

Ամենահետաքրքրականը այս բոլորին մէջ, սիրելի ընթերցողներս, գիտէք ի՞նչ է. հաւանաբար չէք գիտեր, իբր այդ ալ այս նախաբանը շարադրեցի։ Ամենահետաքրքրականը, ի հարկէ, այն է, որ երկար տարիներ անցնելով Պէյրութի ամենաշէնշող փողոցներէն՝ Համրա պողոտայէն, երբեք ալ չեմ հասկցած ու չեմ իմացած, որ «Հայկազեան» անունը կրող հայկական մէկ ու միակ համալսարանը (միակը սփիւռքեան իրականութեան մէջ) այդ անունով «մկրտուած է»՝ ի յիշատակ եւ ի պանծացում Արմենակ Հայկազեանին։ Ու ինչ մեղքս պահեմ, երբեք ալ պիտի չպատկերացնէի, որ գործ պիտի ունենամ այդքան կոթողային ու մեծ անունի մը հետ։

Արմենակ Հայկազեանի անցած ուղին, անոր ճանապարհը, անոր տագնապները, նաեւ Միացեալ Նահանգները թողնելու ու տունդարձի քայլը սովորական գործիչի մը կեանքի մանրամասնութիւնները չեն։ Այդ տուեալները ոչ միայն ուսանելի են, այլ նաեւ ամբողջութիւնն են լուսաշող ճանապարհի մը, որ հոսած է ընթացք առնելով սիրուն Հաճընէն, հոսելով, վարարելով ու ապրեցնելով մինչեւ հեռաւոր Պէյրութ։

Այս բոլորին առընթեր էականը այն է, որ Արմենակ Հայկազեանի ուղին այսօր ալ շարունակողները մեծ հաստատակամութեամբ ու նուիրումով կը կատարեն այդ վեհ գործը ամենէն աւելի գիտակցելով, որ անոնք կրողն են անոր անմահական գաղափարներուն։

Ի դէպ, Արմենակ Հայկազեանի անուան ու գործին մասին ծանօթանալու առիթ վիճակուեցաւ վերջերս, երբ Երեւան այցելեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փօլ Հայտոսթեան։ Այդ առիթով ալ տեղի ունեցաւ հանդիպում-մեծարանքի ցերեկոյթ մը, որուն ընթացքին ալ խօսքերով հանդէս եկան ինքը՝ վեր. Փօլ Հայտոսթեան ու շարք մը հայրենի գործիչներ։

Ամէն պարագայի այդ պատեհ առիթէն օգտուելով կարճ զրոյց մը մը ունեցայ վերապատուելիին հետ, որ իմ ու իմ նման շատերու համարումով արժանի յաջորդն ու իրական շարունակողն է անմեռ-անմար յիշատակի տէր վեր. Արմենակ Հայկազեանին։

Ստորեւ հարցազրոյցը։

*

-Վերջերս մեծարեցիք մեծ հայորդիի մը յիշատակը։ Խօսքը վեր. Արմենակ Հայկազեանի մասին է։ Ի վերջոյ, ո՞րն է ամենակարեւոր ուղերձը, զոր ան թողեց մեզի՝ հայերուս համար։

-7 յուլիս 2021 թուականը Արմենակ Հայկազեանի, փրոֆեսէօրի, վերապատուելիի, մեծ դաստիարակի, գիտնականի նահատակութեան 100-ամեակն էր: Իր կեանքէն դասեր կան քաղելիք, ի հարկէ մեծ են թիւով, սակայն առաջինը, որ ես կը յիշեմ այն է, որ հայը պէտք է մասնագիտական լաւագոյն կերպով պատրաստուի, որպէսզի ատով ծառայէ ժողովուրդին, երկրորդ՝ երբ կու գայ տանջանք, վտանգ, մահ, նահատակութիւն, սով, անարդարութիւն, պատերազմ, պատասխանատուն կը մնայ իր ժողովուրդի կողքին, իր ժողովուրդին հետ, եթէ իր կեանքի օրինակով նայինք, Արմենակ Հայկազեան նոյնիսկ երբ իր ընտանիքէն կը հեռանար, ինք տէր կանգնեցաւ հաստատութեան, ուզեց ծառայել իր հայրենիքին։ Իսկ երրորդ եւ կարեւորագոյն դասը, որ կը քաղենք, այն է, որ իր նահատակութենէն հարիւր տարի անց Արմենակ Հայկազեան այսօր ալ կը յիշատակուի ու անմահ է։ Անմահ է, շնորհիւ 1955 թուականին իր անունը կրող Հայկազեան համալսարանին, որ հիմնադրուեցաւ Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան, Աւետարանական եկեղեցւոյ եւ իր թոռնիկին ու անոր նմաններու ճիգերով՝ յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը։ Եղած պատմութիւնը ծանր է, թարմ է, բայց մենք պէտք է պատրաստենք նորը՝ յարութեան ժողովուրդ, յաղթական ժողովուրդ ըլլալու համար, լաւագոյն ոգիով ու պատրաստութեամբ եւ, անշուշտ, նուիրումով պէտք է նայինք ապագային: Ասոնք են այն դասերը, ինչ որ պէտք է քաղել Արմենակ Հայկազեանէն:

-Խօսելով Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մասին, որ միակն է սփիւռքեան կտրուածքով, ինչ տեղեկութիւններ կը փոխանցէք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուն։

-Զանազան են Հայկազեան համալսարանին մէջ ուսուցանուած նիւթերը, որոնց հիմնականները նշելով ըսեմ, որ կը դասաւանդուին՝ քաղաքական գիտութիւն, ընդհանուր գիտութիւններ, հայագիտութիւն, մանկավարժութիւն եւ այլ նիւթեր։ Մեր ուսանողները կու գան ամենատարբեր խաւերէն ու անոնց մէջ անշուշտ կան ազգութեամբ օտարներ։ Անոնք կը ստանան «պաջըլըրս»ի եւ «մագիստրոս»ի տիտղոսները եւ անշուշտ համալսարանին համար հիմնական օրակարգ է պատրաստել եւ հասցնել ապագայի ղեկավարութիւնը։ Արդէն 66 տարիէ ի վեր այդ ծառայութեան մէջ ենք, որ ծառայութեան կողքին նաեւ առաքելութիւն է։

-Ի՞նչ է ուսանողներու թիւը եւ ո՞ր երկիրներէն են անոնք:

-Ընդհանրապէս, տարիներու ընթացքին, Հայկազեան համալսարանի ուսանողութեան թիւը 600-800 եղած է, այսօր ալ նոյնը կը պահուի, որոնց երեւի 43 տոկոսը հայեր են։ Ուսանողներու մեծ մասը կու գայ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Արաբական ծոցէն, Ափրիկէէն, նկատի ունենալով, որ կարգ մը լիբանանցիներ, յատկապէս որոնք գաղթած են, կ՚ուզեն, որ իրենց զաւակները Լիբանանի մէջ ուսանին։ Ըսեմ նաեւ, երկու-երեք տարին անգամ մը, Հայաստանէն ալ ուսանողներ կու գան, յատկապէս վերապատրաստութեան համար։ Վերապատրաստուած ուսանողներու պարագային եղած են դիւանագէտներ, որոնք 90-ականներուն Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ վերապատրաստութեան առիթներ ունեցած են։ Իսկ մի քանի տարի առաջ նոյն փորձը եղաւ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ, որ նոյնպէս տուաւ փայլուն արդիւնքներ։ Ուսանողներ կ՚ունենանք նոյնպէս Միացեալ Նահանգներէն ու Եւրոպայէն, սակայն մեծ հաշուով մեր ուսանողները Մերձաւոր Արեւելքէն են։

-Այսօր ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէ Հայկազեան համալսարանը։

-Հայկազեան համալսարանի խնդիրները ընդհանրապէս Լիբանանի հարցերն են: Ըսեմ, Լիբանանը յաճախ կը գտնուի անկայուն կացութիւններու մէջ՝ տնտեսական, քաղաքական եւ այլն, սակայն չխաբուինք, ինչ ալ ըլլայ պարագան, Լիբանանի հայկական համայնքը կանգուն է։ Լիբանանի հայկական համայնքը կանգուն է ոչ միայն իր հաստատութիւններովը, եկեղեցական կեդրոններովը, մշակութային, կրթական դպրոցներովը կամ մամուլովը, ապա, ես կ՚ըսեմ կանգուն է, որովհետեւ կայ հայկական շունչ, որ հարազատ կը մնայ Լիբանանի մէջ: Հայ մարդը, որ ամբողջական հոգիով հայկական է, մենք տակաւին կրնանք պատրաստել Լիբանանի մէջ, եւ պէտք է շարունակենք պատրաստել. չխաբուինք տնտեսական անկումներէ, քաղաքական վիճակներէ, պատերազմներէ։ Ըլլա՛յ Հայաստան, ըլլա՛յ Սփիւռք, մարդու հոգին է, որ կեանք կու տայ, Լիբանանի մէջ նոյնը պէտք է ըլլայ եւ պիտի շարունակենք մեր գոյութիւնը եւ գործը այնտեղ եւ Հայաստանի մէջ: Ի վերջոյ մեր առաքելութիւնը լիարժէք հայ մարդ պատրաստելն է եւ տէրն ենք այդ առաքելութեան։

-Վերապատուելի, ձեր խօսքին մէջ կարեւորեցիք Հայաստանէ ներս առկայ իրավիճակը ու նշեցիք, որ այսօր կը յիշատակենք ոչ միայն վեր. Արմենակ Հայկազեանը, այլ նաեւ վերջին աղէտալի պատերազմի ընթացքին զոհուած նահատակներու յիշատակը։ Ինչպէ՞ս գտաք Հայաստանը պատերազմէն ետք, նկատի ունենալով, որ այս ձեր առաջին այցն է ահասարսուռ պատերազմէն վերջ:

-Հայու համար հայրենիքը տուն է, ըլլան օրերը բարի կամ չար, ըլլան օրերը հանգիստ կամ անհանգիստ: Իմ միակ, միակ խորհուրդս այն է, որ ինչ ալ ըլլան կացութիւնները, որոնք այսօր ծանր են, իսկ ուրիշ օրեր նաեւ շատ պայծառ էին, ինչ ալ ըլլայ՝ հայրենիքը հայրենիք է, մենք միշտ նորոգուած հոգիով պիտի նայինք ապագային եւ պիտի գործենք ո՛չ թէ անցեալի, այլեւ ապագայի համար:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 27, 2021