«ԱԶԴԱԿ»Ի՝ ԱՌՑԱՆՑ ԼՍԱՐԱՆ 33-Ի ՀԵՏՔԵՐՈՎ
8 յուլիսին, տեղի ունեցաւ «Ազդակ» օրաթերթի 33-րդ առցանց լսարանը: Օրուան հիւր դասախօսն էր, հայրենի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն՝ փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան, որ նախ ներկայացուց արեւմտահայ լեզուի եւ հայագիտական ուսումնառութեան ներկայ իրավիճակն ու մեր կրթական մրցունակ ցանցի ու կրթական միասնական ծրագիրի բացակայութիւնը եւ ապա սպառիչ մատնանշումներով մասնակիցներու հարցումներուն պատասխաններով, գոհացուց արեւմտահայ մտահոգ բոլոր միտքերը:
Պէտք է, ըսել, որ նման հանդիպում-երկխօսութիւնները, անկասկած որ մեծապէս իրենց նպաստը կը բերեն մեր մշակոյթի դաշտը զարգացնելու գործին, նաեւ կրթական հարցերու առընչութեան եւ լուսաբանութիւններուն, հետաքրքրութիւն եւ սէր ստեղծելու նպատակին:
Անկեղծօրէն այս տողերուն նպատակը, այդ օրուան թղթակցութիւնը հրամցնելը չէ: Ամենեւին: Այլ՝ հրամցուած տեսակէտներուն ընդմէջէն, նաեւ բացայայտել գլխաւորն ու էականը, ու տալ մտահոգ սփիւռքահայու տեսակէտ-թելադրանքներն ալ, յատկապէս բոլոր անոնց համար, որոնք չմասնակցեցան սոյն օգտաշատ հանդիպման եւ կամ իրազեկ չեղան անոր ճոխ եւ իմաստալից բովանդակութեան:
Նախ գնահատանքս կ՚երթայ անպայման «Ազդակ»ին, իր այս եւ նման հանդիպումներ կազմակերպելուն եւ ապա օրուան դասախօսին՝ փրոֆ. Սուրէն Դանիիէլեանին, որ շատ դրական, առողջ եւ համարձակ գաղափարներով, մեր մտքերու տողերուն վրայ շարեց իր փորձառու եւ վաստակաշատ մանկավարժի տեսակէտները, միեւնոյն ատեն պարզելով իր թելադրանքները, ու լոյսին բերելով արեւմտահայախօսութեան ապագան եւ անոր, հայրենիքէն ներս ընկալման դիմագիծն ու խնդիրները, հարցերն ու լուծումները: Ուրեմն ինչպէս, որ ճշդուած էր, օրուան գլխաւոր «թեման» արեւմտահայերէն լեզուն եւ անոր ապագան էր, ինչպէս նաեւ անոր ներկայութիւնը սփիւռքներու եւ յատկապէս հայրենիքի կրթական օճախներէն ներս:
Տեղին է նաեւ յիշեցնել, թէ սփիւռքի համար, բոլորովին նոր անուն մը չէ փրոֆ. Դանիէլեանը: Ան հաստատ ներկայութիւն եղած է ու ամէն առիթով ելոյթներ ունեցած՝ սփիւռքեան մեր կրթական օճախներու ամպիոններէն: Դասախօսին ներկայացուցած եւ անդրադարձած բոլոր հարցերը, իբրեւ սոսկ իրականութիւններ, միշտ անհանգստացուցած են մեզ բոլորս, պրկած՝ բոլորիս հոգեկան վիճակը եւ յաճախ ալ մեզ յուսախաբութեան տարած, բայց չմոռնանք՝ նաեւ մեզ դէպի զգաստութեան, գիտակցութեան եւ լուծման՝ առաջնորդած:
Արդ, փրոֆ. Դանիէլեան մատնանշեց, թէ՛ ժամանակի թելադրանքով, Հայաստանի մէջ անտարբերութիւն կայ, հանդէպ արեւմտահայ լեզուին եւ թէ՛ այս լեզուն, դժբախտաբար մահաքունի մէջ է: Ծանրագոյն վիճակ: Ձգած ենք անտէր եւ անտերունչ վիճակի մէջ: Մենք բոլորս ալ անոր զինուորներն ենք: Ուստի չձգենք, որ ան մեռնի, թելադրեց: Աւելին՝ խօսելով դասական ուղղագրութեան մասին՝ ան աւելցուց, որ ուղղագրութիւնը բոլորիս կը պատկանի: Ուստի մեր բոլորին վրայ դրուած է անոր պաշտպանութեան հարցը, արեւմտահայ լեզուի կողքին: Ու այս բոլորը կարելի է միայն՝ համագործակցութեան ոգիով:
«Պարտք մնացինք արեւմտահայ գրողներուն», շեշտեց ան: Այս բոլորին լուծումը կը սկսի մեր միասնութեան ճանապարհով: Պէտք է փորձենք դուրս գալ մեր այս հին սահմաններէն, որովհետեւ արթնութեան գիծը միասնութենէն կը սկսի:
Խօսելով հայ ուսուցիչի պատրաստութեան եւ անոր կոչումի մասին, Դանիէլեան հայ ուսուցիչը առաւել մասնագիտացած պատրաստելու էականութիւնը շեշտեց: Որովհետեւ, «ուրիշ ճանապարհ չունինք. ուսուցիչը պէտք է զինել նոր գիտելիքներով, սիրողականէն, արհեստավարժութեան տանող մեթոտներով, որովհետեւ նաեւ ժամանակի առջեւ, բոլորս ալ պատասխանտու ենք: Հայ կրթական մշակներու մասնագիտանալը էական է»:
***
Պէտք է շեշտել, որ այս բոլոր գաղափարները ցանկալի դարձող իրողութեան սահմաններէն ներս կ՚իյնան: Անկասկած: Որովհետեւ, հայեցի դաստիարակութեան գործը, օրէ օր սկսած է աւելի դժուարանալ, սփիւռքի տարածքին հայախօսներու, հայերէն կարդացողներու եւ գրողներու թիւերուն նուազումով: Ու նորութիւն մը չէ, երբ ըսենք, որ արեւմտահայերէնը կ՚ապրի լուրջ տագնապներ: ԻՒՆԷՍՔՕ-ի լեզուաբաններու ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ բացայայտուած է, թէ արեւմտահայերէնը կամ արեւմտահայ մեր գործածած այսօրուան լեզուն, ուրիշ կարգ մը լեզուներու կողքին, «խստօրէն վտանգուած» լեզուներու շարքին գրանցուած է: Այլ խօսքով՝ ան արդէն իսկ դասուած է աշխարհի կորսուելու վտանգին ենթակայ լեզուներու շարքին: Ներկայիս, այս հարցը, սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, տագնապի մը մատնած են հայ միտքի մշակները, գրագէտներն ու մտաւորակնները: Մէկ խօսքով՝ մեր լեզուին ճակատագիրով իսկապէս մտահոգ հայորդիները, որոնք զգալով վտանգին մեծութիւնն ու մօտիկութիւնը՝ մեզ զգաստութեան կը փորձեն հրաւիրել եւ միաժամանակ զգուշացնել: Կասկած չկայ, որ հայերէն լեզուի մեր երկու այս բաժիններն ալ, իբրեւ անբաժան եւ գործօն մասնիկներ, մեր ժողովուրդի գոյութեան երաշխիքներն են: Սակայն, վերոնշեալ ահազանգէն հետեւցնելով՝ աղէտ մը ճակատագրուած կը տեսնուի արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայոց հասցէին: Այսպէս, ամէն տեղ լաւ տրամադրութիւններ ըլլալով հանդերձ, կը պակսի նման մտահոգութիւնները հաւաքող, համադրող ու ստեղծուած տագնապին առաջքը առնող առաջին քայլին նախաձեռնող ուժը:
Իրականութիւնը յստակ է. ներկայիս մէջտեղը մեծ զոհ մը կայ՝ արեւմտահայ լեզուն, եւ ապա կամաց-կամաց անոր հետեւող, անոր ճակատագիրին հասնող, մենք՝ արեւմտահայերս եւ մեր սփիւռքը: Այս մէկը արդէն իսկ սոսկ ահազանգէ մը աւելին է:
Հայաստանը ի պէտք է ունենայ լեզուական յատուկ քաղաքականութիւն, որ իր նպաստը պիտի բերէ նաեւ արեւմտահայերու նոր ներգաղթին, եւ հայրենիքին մէջ անոնց հաստատման ու ամրապնդման: Այսինքն՝ որպէսզի արեւմտահայերէն խօսողները, գրողներն ու արտայայտուողները խորթութիւն եւ հայրենիքէն ներս օտար չզգան: Տակաւին չենք խօսիր արեւմտահայերէնով հրատարակութիւններու՝ մամուլ, գրականութիւն, հեռատեսիլի յայտագիր-հաղորդումներու մասին:
Կ՚ըսենք՝ փառք Աստուծոյ, գրեթէ մեր բոլոր գաղութներէն ներս, ունինք որոշ թիւով եւ զանազան երանգներով մշակութային միութիւններ, ուսումնական խորհուրդներ, օտար համալսարաններէ ներս գործող հայկական ամպիոններ, հայագէտ փրոֆեսէօրներ, արեւմտահայերէնի սփիւռքեան եւ հայրենի հայագէտներ ու մասնագէտներ, որոնք ամէն բանէ առաջ, իրե՛նք պէտք է դառնան առաջարկուած այս միտքերու համադրումը նախաձեռնողն ու կազմաւորողը: Արեւմտահայերէնով մտահոգ, գիտակից ու ատակ մարդոցմով համախմբում մը շատ հաւանաբար դառնայ բարերար առաջին նախաքայլը՝ ապագայ գալիք նման այլ ծրագրումներուն: Հիմա լուրջ հարց է, թէ ինչո՞ւ Երեւան չունենալ արեւմտահայերէն դասաւանդող դպրոց եւ կամ դպրոցներ: Հայաստանը ոչ միայն արեւելահայու, նաեւ արեւմտահայու հայրենիքն ալ է: Եւ հայրենիքը պարտաւոր է հոգալ անոնց կարիքները: Պահել լեզուն եւ զայն գործածել, որպէսզի ան ըլլայ կենդանի, հաղորդակցութեան եւ հաղորդութեան միջոց:
Ինչո՞ւ պիտի ըլլան ռուսական, անգլիական, ֆրանսական եւ կամ սպաներէն ու պարսկերէն ուսուցանող դպրոցներ, բայց՝ ոչ արեւտահայերէնով: Եթէ ասոնց պահանջքը կայ, նաեւ կայ արեւմտահայերէնի պահանջքն ալ, չմոռնանք:
Ու տակաւին, արեւմտահայ գրականութիւն դասաւանդող ուսուցիչներու պատրաստութիւնը հրամայական հարց ալ է եւ այս մէկուն համար էական է, որ Հայաստան եւ սփիւռք համատեղ աշխատին: Այլ խօսքով, պետականօրէն խնամք ցուցաբերել արեւմտահայերէնի հանդէպ: Ցաւալի է, որ արեւմտահայերէնը դասուած է մեռնող լեզուներու շարքին: Չմոռնանք՝ արեւմտահայութեան ցեղասպանութեան հետ միատեղ, սպաննուեցաւ նաև անոր լեզուն:
Ու եթէ չկայ այդ լեզուն կրողը, ուրեմն չկայ լեզուն:
Միշտ կրկնած ենք.- ամէն բանի կարիքը ունինք՝ բացի ազգային անտարբերութենէն, որովհետեւ սփիւռքեան երկինքին տակ ամէն բան փայլուն չէ: Ժամանակն է, որ այլեւս վերջ տանք միայն ահազանգ հնչեցնելու մեր ճիգին: Աղէտը մեր դրան շեմին կանգնած է արդէն:
Բոլորիս համար անկասկած գործնականի անցնելու եւ լծուելու արդար հրաւէր մըն էր «Ազդակ»ի առցանց Լսարան 33-ի, այս հարուստ ու ճոխ հանդիպումը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ