ԱՐՄԱՇՈՒ ՎԱՆՔԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԸ. «ՅՈՅՍ» - 1
Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածնի վանքը, նուիրական տեղ մը ունեցած է բազմաթիւ հայ հաւատացեալներու սրտերէն ներս։ Մեր ընտանիքին համար եւս ունի նուիրական յիշատակ։ Տիրամայրս, որ ծնած էր Ատաբազար, մեծ մօրս ձեռամբ բերուած է Արմաշ, ուր մկրտուած՝ մեծ հաւանականութեամբ Տ. Ոսկի Քհնյ. Պիպիեանի ձեռամբ։ Գուցէ այս յիշատակին օրհնութեամբ է, որ յատուկ սէր մը ունեցած ըլլամ այս նուիրական յարկին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Չարխափան Ս. Աստուածածնի հրաշագործ սրբանկարի լուսանկարին հովանիին ներքեւ հասակ նետած ըլլալով։
Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածնի վանքը շատերուն համար գուցէ յիշեցնէ բարեպաշտական կեդրոն մը, ուր զանազան քաղաքներէ, գիւղերէ հաւատացեալներ կը դիմէին ուխտագնացութեամբ, հայցելու համար Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, առաջի հրաշագործ սրբանկարին։
Սակայն եւ այնպէս այս վանքը նաեւ դարձած է հոգեւոր գիտութեան եւ մշակոյթի օրրան, որուն կերտման համար իրենց օրհնեալ քրտինքը հոսեցուցած են վանահայրեր՝ Բարթողոմէոս Արքեպիսկոպոս Կապուտիկեան, Պօղոս Արքեպիսկոպոս Գարագոչ, որոնք եղած են ռահվիրաները վանքի դասական շրջանի գործունէութեան։ Անոնց բացած օրհնեալ ճանապարհէն գալած են ուրիշներ եւս, վանքը հասցնելով Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի դպրեվանքը ըլլալու պատիւին։ Հաստատութիւնը մնաց իր սրբազան առաքելութեանը մէջ Խորէն Պատրիարք Աշըքեանի, Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի եւ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի ներդրումով, առաջինը՝ հիմնադիր վանահայրը դպրեվանքին, իսկ միւսները՝ երկու գլխաւոր սիւները դպրեվանքի առաքելութեան։ Վանքի պատմութիւնը ինքնին խօսուն վկան է, թէ այս հաստատութեան առաքելութիւնը ընթացած է հաւատքով, յոյսով եւ սիրով եւ ծանօթ՝ պտղաբերութեամբ։
Վանքը եղած է լոյսի օճախ մը, ուր աշակերտներ իրենց ստացած դաստիարակութեամբ ծառայած են, որպէս հոգեւորական կամ որպէս ուսուցիչ։ Այս հոգեւոր եւ կրթական օճախի սաները, միաբանները իրենց գիտութիւնը կամ գրական արժանիքները բաժնած են ընթերցող հասարակութեան հետ։ Արմաշական սաներ իրենց գրիչը ի սպաս դրած են հանդէսներու մէջ ստորագրած խմբագրականներով կամ յօդուածներով, նաեւ գիրքեր հեղինակելով։ Նաեւ վանքը ունեցած է տպարան մը, որ ծառայած է նաեւ գիրքերու հրատարակութեան։
Այս տպարանէն սկսած է լոյս տեսնել «Յոյս» պարբերաթերթը, որպէս պաշտօնաթերթ Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածնի վանքին։ «Յոյս»ը, իր հրատարակութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու լոյս ընծայած պաշտօնաթերթերու միջեւ խլած է առաջնութիւնը։ Հայ մամուլի պատմութեան արձանագրութեանց համաձայն, Երուսաղէմի Պատրիարքութեան «Սիոն» պաշտօնաթերթը կը սկսի հրատարակուիլ 1866-ին, իսկ Մայր Աթոռի «Արարատ» պաշտօնաթերթը՝ 1868-ին։ Այս առումով Արմաշու վանքը կերպով մը առաջնորդ եւ օրինակ հանդիսացած է իր պաշտօնական պարբերականին հրատարակութեամբ։
«Յոյս»ը իր շրջանին եղած է լուրջ, իմաստալից պարունակութեամբ հանդէս մը, որուն աշխատակցած են վանքի միաբանները, ուսուցիչները եւ ընդունակ աշակերտները իրենց յօդուածներով, թարգմանութիւններով, ուսումնասիրութիւններով, գաւառին անցեալի վերաբերեալ յօդուածներով, բանաստեղծութիւններով։
«Յոյս»ը, որպէս բանասիրական ամսաթերթ սկսած է հրատարակուիլ 1864-ի օգոստոսին ի Պատրիարքութեան Պօղոս Արքեպիսկոպոս Թաքթաքեանի, հրամանաւ՝ վանահայր Ստեփանոս Արքեպիսկոպոս Մաղաքեանի եւ խմբագրութեամբ՝ Խորէն Վարդապետ Աշըքեանի (յետագային եպիսկոպոս եւ վանահայր Արմաշու վանքին եւ հուսկ՝ Արքեպիսկոպոս եւ Պատրիարք Հայոց Պոլսոյ)1։ Այս հրատարակութեան մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են երեք միաբաններ՝ Գէորգ Վարդապետ Ալիքսանեան (յետագային՝ Արքեպիսկոպոս եւ վանահայր Արմաշու վանքին), Ստեփան Վրդ. Փափազեան եւ Պօղոս Վրդ. Խօլտամեան։ «Յոյս» ամսաթերթը առաջին անգամ կը հրատարակուի «Դրօշակ Հայրենեաց» տիտղոսով։
Առաջադրուած էր հանդէսին մէջ լոյս ընծայել ազգին բարոյական եւ մտաւորական յառաջդիմութեան նպաստաւոր հեղինակութիւններ, թարգմանութիւններ, առակներ, զուարճալի խօսքեր, պատմութիւններ եւ ուրիշ զանազան եւ օգտակար գիտելիքներ։ Երբ նկատի կ՚ունենանք «Յոյս»ի ընդհանուր պարունակութիւնը, ինքնին կը յայտնուի, թէ հրատարակիչներու նպատակը մեծաւ մասամբ իրականացած է, եկեղեցագիտական, կրօնական եւ հասարակական խնդիրներու շուրջ յօդուածներով։
«Յոյս»ի առաջին թիւին մէջ, լոյս տեսած յայտարարութեամբ բացատրուած է, թէ ինչ իմաստ կը ներկայացնէր հրատարակուած թերթի «Յոյս» անունը։ Անստորագիր յայտարարութիւնը, որ առաջին խօսքն է խմբագրութեան, կը ներկայացնէր երեք մարդատիպարներ։ Առաջինը՝ անոնք էին, որոնք պարագաներու բերումով կրթութիւն տեսած, յառաջացած եւ մէկ կամ երկու օտար լեզուներու տիրացած ըլլալով մեր ազգը կը բաղդատէին Եւրոպայի հզօր ժողովուրդներուն հետ։ Ըստ իրենց գաղափարին, հայ ազգը կարելի չէր, որ այս հզօր ժողովուրդներու կարգին դասուէր։ Անոնք ի տես մեր ժողովուրդի տկարութիւններուն, այեր ու վայեր կ՚արձակէին այն աստիճան, որ «ժողովուրդին ականջները կը խլանային»։ Երկրորդը՝ անոնք էին, որոնք մեր ժողովուրդը կը բաղդատէին արեւելեան եւ արեւմտեան ժողովուրդներու հետ, նշելով պատմութեան մէջ արձանագրած փառաւոր էջերը։ Անոնք արժանի կը նկատէին, որ մեր ժողովուրդը իր փառաւոր եւ պատուաբեր տեղը ունենար այլ ազգերու դասակարգին մէջ։ Յատկապէս կը նշէին, թէ եկեղեցիներ, վարժարաններ, ուսումնարաններ, տպարաններ ու այս տպարաններէն լոյս տեսած թերթեր եւ գիրքեր, հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կարեւոր տեղ ունէին։ Սակայն այս դասակարգի անձնաւորութիւններ կը բաւականանային միայն հպարտանալով այս արժէքներու պատմականութեամբ։ Եւ ի վերջոյ կը նշէ փոքրաթիւ անհատներէ կազմուած երրորդ դասակարգի մը գոյութիւնը, որ «ազգին սեպհական կատարելութեան եւ գովելի յատկութեանց հետ կը ճանչնար եւ կը խոստովանէր այսօրուան անոր կարօտութիւնները եւ պէտքերը, համաձայն էր, թէ ազգը յիրաւի գիտութեանց, ուսման, ճարտարութեան եւ քաղաքակրթութեան ասպարէզին մէջ դեռ շատ ետ մնացած էր եւ հազիւ թէ ազգութեան սկզբնական տարերքն ունէր իր ծոցը, եւ մէկդի առնելով իր հին եւ անկապտելի պարծանքները, այսօրուան վիճակը եւ ոչ իսկ նշանակութեան արժանի էր, սակայն ունէր այն բանը՝ զոր եւ ոչ բան մը ունեցողներն ունէին, այն է ՅՈՅՍ»։
Նաեւ կը հարցնէ ու կը շարունակէ. «յոյսը, որ Աստուած շնորհած է իբր ապաւէն տկարաց, մխիթարութիւն կարօտելոց եւ սփոփանք վշտացելոց, մինչդեռ ամենայն ազգք եւ ազինք լիուլի կը վայելեն, միթէ մեր սիրելի ազգը՞ միայն չվայելէ։ Այս տեսակ խորհրդածութիւնն անգամ բարբարոսական կ՚երեւայ մեզ, թող թէ իրենց քաղաքական ազգութեան գլխաւոր տարերքն կորուսող Հայերը, բարոյական ազգութեան վերանորոգուելուն, այսինքն գիտութեան, ուսման, ճարտարութեան, արուեստի եւ քաղաքակրթութեան մէջ յառաջդիմելու յոյսն չունենան»։
Յոյսի եւ յոյսով վերանորոգուելու նկատմամբ կերպով մը բացասական կեցուածք որդեգրած անհատներուն կը յիշեցնէ, թէ՝ «ազգը ունէր տասնեւվեց դարերէ աւելի աշխարհաւեր շփոթութեան մէջ անայլայլակ մնացած անարատ եւ սուրբ հաւատք մը, Աստուածախօս եւ պատկառելի լեզու մը, եւ ազգային զգացումն, որոնք ազգութեան կացուցիչ եւ էական տարերաց կարգէն են, սիրելի է մեզ այս մասին իբրեւ պատգամաւոր եւ հարազատ թարգման ամենայն ողջամիտ Հայու ներքին համոզմանը եւ բաղձանաց՝ պնդել հաստատութեամբ՝ որ թէ եւ Հայն այսօր քաղաքակիրթ ազգերու քով ոչ ինչ ալ սեպուի, այսու ամենայնիւ եթէ մենք ալ ժամանակին հետեւելով շարժման եւ ներգործութեան մէջ ըլլամք գիտուն եկեղեցականներ, իմաստուն եւ ազգաշէն հարուստներ, արդարասէր վաճառականներ, ճարտար արուեստաւորներ, արդիւնաւոր դպրոցներ, եւ մէկ խօսքով յառաջադէմ եւ քաղաքակիրթ հասարակութիւն մը»։
Ըստ յայտարարութեան, «այս անուշիկ յոյսը աւելի կը հաստատէ մեր սրտերուն մէջ յառաջադէմ ազգերու նախանձելի օրինակին խոհական հետեւողութիւնը, եւ Օսմանեան մեծախորհուրդ Ինքնակալին ազատամիտ եւ լուսաւորեալ քաղաքականութիւնը, եւ կարծեմք չեմք սխալիր, վասնզի այս յոյսը հիմակուընէ արդիւնաւորելուն հաւաստիք կրնամք սեպել Կառավարութեան կողմանէ շնորհուած Ազգային Օրինագրոյ մը սիրալիր ընդունելութիւնը, ատեն ատեն զանազան ընկերութիւններու բարի նպատակներով կազմուիլը, ազգ, ազգութիւն, ազգասիրութիւն բառերուն այժմ հասարակութեան բերանը յեղյեղուիլը, ազգային երգերու յաճախիլը, ազգային տօներու համար պարկեշտ համախմբումները, որոնք եթէ հիմակուհիմայ այնքան կարեւորութիւն ալ չունենան, սակայն մեզի համար ապագային նկատմամբ մեծապէս նշանական են»։
«Յոյս»ի հրատարկութեան ծառայողները դրօշակիրը կը դառնան այս յոյսին, որուն մէջ կը տեսնէին ժողովուրդին բարոյական վերելքը։ Այս էր պատճառը, որ թերթը նախ կը կրէր «Յոյս Դրօշակ Հայրենեաց» վերտառութիւնը։ Վանքի պատմութեան մէջ բնականաբար անկիւնադարձ մըն էր սեպհական տպարանի գործելը, նաեւ «Յոյս» հանդէսի հրատարակութիւնը։ Վանքի միաբանները, որոնք կը գիտակցէին ժողովուրդի հոգեւոր շինութեան կարեւորութեան, յիրաւի կը խանդավառուէին ու կ՚ոգեւորուէին։ Տպարանէն լոյս տեսած գիրքերը, «Յոյս» պարբերականը իրենց պարունակութեամբ սատար կը հանդիսանան վանքի կրթական առաքելութեան։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
1 Նախ քան «Յոյս Դրօշակ Հայրենեաց» պարբերաթերթի հրատարակութիւնը հաւանաբար պարբերաթերթը ծրագրուած էր լոյս ընծայել «Ազդարար Փող Հայաստանի» կամ «Հրաբուխ Արարատայ» անուններով, սակայն այդ չէ իրականացած (Քիւրտեան Յ., «Պատմութիւն եւ Սահմանադրութիւն Արմաշի Վանքին», «Հասկ», Պաշտօնաթերթ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Մարտ-Ապրիլ, 1972, էջ՝ 124)։