«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔՆ Է, ՈՐ ՄԱՐԴԸ ՄԱՐԴՈՒ ՄԻՋՈՑՈՎ ՓՐԿՈՒԻ

-Եառոնտա. երբ խնդիր մը ունենամ ու աղօթեմ, ինչպէ՞ս հասկնամ, թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը:

-Աստուծոյ կամքը այդպէս պիտի չհասկցուի: Աւելի լաւ է, որ խնդիրիդ համար հարցնես: Աստուծմէ յայտարարութիւն մի՛ հարցներ, երբ կրնաս առաջնորդութիւն գտնել ոեւէ մէկէն: Մէկը եկեղեցի մը գնաց, Սուրբ Կոյսին սրբապատկերին դիմաց կանգնեցաւ ու ըսաւ.

-Ո՜վ Սուրբ Կոյս, կրնա՞մ գանձանակին դրամները առնել:

Իր մտածումը ըսաւ անոր.

-Ա՛ռ:

-Այո՛, պիտի առնեմ: Բացաւ գանձանակը եւ դատարկեց դրամները անկէ: Նոյն բանը մի քանի անգամներ կատարեց, մինչեւ եկեղեցւոյ պատասխանատուն զգաց եւ սկսաւ հարցադրումներ կատարել.

-Մէկը կայ, որ գանձանակէն դրամները կը վերցնէ, արդեօք ո՞վ է:

Վայրը ուշադրութեամբ հսկելէ ետք, տեսաւ, թէ այդ մարդը ըստ իր սովորութեան Սրբապատկերին դիմաց կը կանգնի, նոյն խօսքերը կը կրկնէ, եւ բռնեց զայն:

Հոգեւոր մարդու մը ներկայութեամբ քու կողքին, կրնաս վստահիլ անոր, հարցումներ տալ եւ ան կը պատասխանէ քեզի, իսկ եթէ անապատին մէջ ես (այսինքն՝ առանձին եւ հեռաւոր վայրի մը մէջ) օրինակ, եւ մարդ չկայ կողքին, որուն հարցնես, ապա Արդար Աստուած Ի՛նք քեզի Հոգեւոր Հայր կ՚ըլլայ, որով կը լուսաւորէ, կը սորվեցնէ եւ կը մարէ մէջդ եղող հնազադնութեան ծարաւը: Իսկ երբ չես գտներ ոեւէ մէկը, որ քեզի Սուրբ Գիրքէն հատուած մը բացատրէ, ապա Աստուած կը լուսաւորէ միտքդ եւ կը հասկնաս այդ հատուածը:

-Եառոնտա. եթէ պայքարիս մէջ բան մը պատահի, ապա ինչպէ՞ս կրնամ զանազանել, թէ սատանայէ՞ն էր, կամ իմ անուշադրութենէս:

-Պէտք է հարցնես:

-Առանձինս չե՞մ կրնար հասկնալ:

-Եթէ հասկնաս, ապա հաստատապէս վստահ պիտի չըլլաս: Անձնապէս, ես, ուրիշներուն կը հարցնեմ բաներու մասին, որոնք ինծի կ՚առընչուին: Եթէ ինքս գտնեմ անձնական հարցի մը լուծումը, ապա զայն կը համարեմ -եթէ նոյնիսկ իմաստուն լուծում մը ըլլայ- յիմար լուծում: Իսկ հարցադրումիս համար զիս հանգստացնող մարդու մօտ չեմ երթար, այլ՝ մարդու մը մօտ, որ կ՚անգիտանայ այդ: Բժիշկը կարիք ունի այլ բժիշկի մը հետ խորհրդակցելու, նոյնիսկ եթէ հիւանդին ճիշդ ախտորոշում կատարէ: Եւ ինչքան ալ ըլլայ մարդուն հոգեւոր բարձրութիւնը, ապա ան հանգիստ պիտի չզգայ, եթէ իր հոգեւոր խնդիրները առանձնաբար լուծէ, որովհետեւ Աստուած մարդէն կ՚ուզէ որ օգնութիւն խնդրէ ուրիշ մարդէ մը, եւ մարդու միջոցով յառաջանայ: Այսպէս նախախնամեց Արդար Աստուածը, որպէսզի մարդ խոնարհի:

Այս պատճառով մարդ պէտք է հոգեւոր հօր դիմէ եւ անոր ներկայացնէ իր մտածումներն ու հոգեվիճակը, որպէսզի այդ հայրը կարենայ առաջնորդել զինք: Մարդ պէտք չէ որոշէ ու իր դժուար խնդիրները առանձինն լուծէ, եւ միաժամանակ ինքզինք փորձութիւններու դաշտի մը չվերածէ՝ դիմագրաւելու համար դժուարութիւնները, զորս կը խոչընդոտեն զինք, որովհետեւ սատանան այնտեղ պահուըտած է շփոթեցնելու եւ խնդիրներ ստեղծելու համար: Ոմանք կը հասնին այնպիսի աստիճանի մը, որով իրենք իրենց վրայ օրէնք կը պարտադրեն, ինչ բանը շատ վտանագաւոր է:

Ով որ հոգեւոր հօր չի՛ դիմեր, որպէսզի առաջնորդէ զինք իր հոգեւոր կեանքի ընթացքին, կը յոգնի ու միտքը կը պղտորի, եւ շատ հազուադէպ է, որ իր նպատակին հասնի: Եւ մարդ ինչքան իմաստուն եւ ինքնավստահ ըլլայ, բայց եւ այնպէս երբ առանձինն կը փորձէ իր խնդիրները լուծել՝ խաւարին մէջ կը խարխափի: Իսկ խոնարհը, որ հոգեւոր հօր կը դիմէ վստահութեամբ եւ անձնուրացութեամբ՝ խնդրէ իր կարծիքը Աստուծոյ դիմաց, ապա օգնութիւն կը ստանայ, քանի որ Աստուած կը լուսաւորէ հոգեւոր հօր ու անոր ճիշդ պատասխանը կը շնորհէ:

Երբ մէկը կու գայ մօտս օգնութիւն խնդրելով ու կարծելով, թէ ես սուրբ մարդ մըն եմ -մինչ իրականութիւնը ատոր հակառակն է- ապա կը նկատեմ, որ փոփոխութեան զգացում մը կը ծնի մէջս եւ կը զգամ, թէ այն ինչ կ՚ըսեմ՝ ինձմէ չէ: Ասկէ յստակ կերպով կը հասկնամ, որ այդ մարդը բարեպաշտութեամբ եկած է ու Աստուած ինծի պարգեւած է այդ վիճակը, որպէսզի չխաւարացնեմ այդ մարդը: Աստուած, -այսպիսի պարագաներու-, Ինք կը սորվեցնէ քեզի, թէ ի՛նչ պիտի կատարուի, ե՛րբ պիտի կատարուի եւ ինչպէ՞ս կարելի է դիմագրաւել որեւէ մէկ պարագայ:

ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՕՐ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Այս օրերուն կարեւոր չէ, որ մարդիկ հոգեւոր հայր մը գտնեն, այլ՝ կարեւորը վստահին անոր, խոստովանին իրենց մեղքերը անոր ներկայութեան, բացայայտեն իրենց մտածումները, առաջնորդուին անոր միտքերով, վստահ ըլլալով, որ այն Աստուծոյ ձայնն է իրենց համար: Եթէ հոգեւոր հայր մը ունին, աղօթական կեանք կ՚ապրին, եկեղեցի կը յաճախեն ու Տիրոջ Մարմինով կը հաղորդուին, ապա անոնք ապահով են այս կեանքին մէջ եւ պէտք չէ ո՛չ մէկ բանէ վախնան:

Հոգեւոր հօր գործը հետեւիլն է հոգիին՝ որպէսզի չմոլորի: Կրնայ ըլլալ, որ մէկը օգնութիւն ստանայ հոգեւոր ընթերցանութիւններէն, սակայն հոգեւոր հօր բացակայութեան պարագային, իր այդ ընթերցումներուն սխալ մեկնութիւններ կու տայ եւ մոլորութեան մէջ կ՚իյնայ:

Մարդ երբ որոշ տող մը կ՚ուզէ երթալ, սակայն ճանապարհը լաւ կերպով չի՛ գիտեր, ապա քարտէսի օգնութեան կը դիմէ, մի քանի անգամներ կը կանգնի ու կը հարցնէ՝ վախնալով, որ ճամբան կը կորսնցնէ, որովհետեւ վտանգ կայ, եթէ սխալ ուղղութեամբ երթայ, կրնայ անդունդ իյնալ կամ մահուան վտանգը դիմագրաւել: Մարդ ճանապարհին մասին կը հարցնէ, սակայն ուշադրութիւն չի՛ դարձներ ազդանշաններուն ու ուղղութիւն ցոյց տուուղ ցուցատախտակներուն, որով վնաս կը կրէ: Կը պատահի նաեւ, որ հանդիպի մէկու մը, որ կը զգուշացնէ իրենց, թէ դիմացը վտանգաւոր դարձուածք մը կայ կամ խոչ անդունդ մը. ասիկա ընդհանուր կեանքին մէջ է, հապա ի՞նչ կը կարծես հոգեւոր կեանքի պարագային: Անհրաժեշտ է, որ հաւատացեալը դիմէ հոգեւոր հօր, որ զինք ուղիղ ճանապարհին կ՚առաջնորդէ Աստուծմէ ներշնչուած խրատներով, ինչպէս նաեւ կ՚օգնէ անոր խոստովանութեան խորհուրդին միջոցով, որով ուղղափառ հոգեւոր կեանք մը կ՚ապրի ու զերծ կը մնայ փոսերու եւ վտանգներու մէջ իյնալէ: Տակաւին, մարդ իր մարմինին հիւանդութիւնները բուժելու համար ճարպիկ բժիշկ մը կ՚ընտրէ՝ որուն կը վստահի. այդպէս ալ պէտք է ընտրէ հոգեւոր հայր մը, որ զինք հոգիի հիւանդութիւններէն կը բուժէ եւ առողջութիւնը կը վերականգնէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 43

20 յունիս 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յուլիս 29, 2021