ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէին եւ յարակից միութիւններուն, Խանասորի արշաւանքի 124-ամեակի պատշաճ ոգեկոչում-հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին, երեկոյեան ժամը 8.00-ին, Նիկոսիոյ ՀԵՄ-ՀՄԸՄ մարզադաշտի մէջ։ Հանդիսութեան ներկայ էին Կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մոմիկ Քհյն․ Հապէշեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Սեւակ Կիւրիւնլեան, Երեսփոխանական ժողովի անդամներ, Համազգայինի վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան, ՀՕՄ-ի անդամուհիներ եւ կիպրահայ գաղութի անդամներ։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Կիպրոսի ՀՅԴ Կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանի բացման խօսքով։ Պատանեկան միութենէն երեք կրտսեր պատանիներ Արինէ Մանուկեան, Միքայէլ եւ Կարէն Սարգսեաններ ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» բանաստեղծութիւնը։ Ապա, Հայ դատի գրասենեակի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան ներկայացուց օրուայ բանախօսը՝ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, Աստուածաբանութեան տոքթոր, գրող, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը։
Տքթ․ Ճէպէճեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Խանասորի արշաւանքի պատմականը, լուսարձակի տակ առնելով յատկանշական իրադարձութիւններ պատմական դէպքին առընչութեամբ։ Ան մատնանշեց հայ քաջամարտիկներու ազգային ինքնութեան, նուիրումի եւ հաւատքի ոգին, ինչ որ անոնք կատարելութեան ամենաբարձր իրավիճակին հասցուցին՝ ֆիզիքական նահատակութեամբ, առանց երբեք սակարկելու իրենց համոզմունքը։ Հրայր Ճէպէճեան վեր առաւ պատմութեան շարունակականութեան հոլովոյթները՝ ընդգծելով, թէ «Պատմութիւնը ունի շարունակական ընթացք եւ ընդունուած իրականութիւն է, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ։ Եւ այս իմաստով անհրաժեշտ է, որ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը պէտք է դիտել եւ վեր առնել իր ամբողջութեան մէջ՝ մինչեւ ներկայ ժամանակները»։
Հրայր Ճէպէճեան կամրջեց Խանասորի արշաւանքի իրադարձութիւնը ներկայ օրերու հայաշխարհի իրականութեան հետ եւ ընդգծեց հայուն կեանքի ներկայ օրերու մէջէն վեր կանգնելու անհրաժեշտութիւնը 44-օրեայ պատերազմէն ետք։ «Հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ամէն ձախողութենէ ետք մի՛շտ յաջորդած է յաջողութիւն։ Եւ այս անգամ ալ, հայը պիտի յաջողի դուրս գալ իր այս դժուար կացութենէն», ըսաւ ան։ Օրուան բանախօսը կարեւորեց բարոյական եւ ազգային արժէքներու եւ կենցաղի համակարգ մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայ տարածքի պահպանման կարեւորութիւնը։ Ան նոյնպէս կարեւորեց սփիւռքի կարողականութիւնը եւ ընդգծեց նոր ռազմավարութիւն մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք յարաբերութեան մէջ։ «Հայը ունի միտք եւ պատրաստուած մարդկային ներուժ։ Անհրաժեշտ է, որ կարենանք համադրել մեր մտաւոր բոլոր մասնագիտական կարողութիւնները եւ ներմուծել զանոնք մեր հայրենիքի կեանքին մէջ», ըսաւ ան։
Հրայր Ճէպէճեան եզրափակեց իր խօսքը շեշտը դնելով միասնականութեան հրամայականին վրայ, որպէս գլխաւոր երաշխիք հայուն դիմագրաւելու ներկայ ճգնաժամները։ «Մենք մի՛շտ պարտինք յիշել, որ արհաւիրքներէ անցած ժողովուրդ ենք եւ միասնականութիւնը մեզի համար միակ ուղին է մեր ազգային եւ հաւաքական կեանքը կերտելու եւ ապահովելու մեր պատմութեան շարունակականութեան ընթացքը», ան եզրափակեց իր խօսքը։
Ձեռնարկի վերջաւորութեան, Համազգային «Սիփան» պարախումբը համալրեց երեկոն մարտական պարով մը, որմէ ետք սրբազան հայրը հանդէս եկաւ փակման խրախուսիչ խօսքով։ խնամուած եւ բծախնդրութեամբ պատրաստուած յայտագիրը, վերջ գտաւ «Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտումը» երգով։