ԵԹԹԵՄԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս այս շրջանին կը նշուի խանդավառ յոբելեան մը։ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան վերջերս այցելեց Եթթեմի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին, որու հիմնադրութեան 110-ամեակը կը նշուի ներկայիս։ Հովուական այցելութեան ընթացքին թեմակալ առաջնորդը հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութիւններուն ներկայ էր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Քեշիշեան։ Ի նշանաւորումն յոբելեանին, այս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն եւ դպրական չորս աստիճաններու տուչութիւն։ Հարկ է նշել, որ Եթթեմի մէջ կազմակերպուած է նաեւ Արեւմտեան թեմի կողմէ ամառնային ճամբար մը, ուր եւս այցելեց Նորին Սրբազնութիւնը։

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագի ընթացքին Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռենտի Սարկաւագ Թելլալեան, Էլըն Սարկաւագ Ճենտեան, Սթիւ Սարկաւագ Էտըմս։ Երգեցողութիւնները տեղի ունեցան ղեկավարութեամբ Մարի Լուիզ Մենենտեանի։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Մաճարեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը, որու ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Յատկանշական էր այս ծրագիրը, որովհետեւ ան գործադրուեցաւ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն կողմէ։

Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան այս հաւաքոյթի ընթացքին առ ի գնահատութիւն նուէրներ յանձնեց եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորներուն։ Իր կողքին էր նաեւ նախկին թեմակալ առաջնորդ Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, որ իր առաջնորդութեան տարիներուն հայրական մօտիկ հետաքրքրութեան առարկայ դարձուցած էր Եթթեմի այս եկեղեցին։ Յոբելենական հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։

Այս արարողութիւններէն օր մը վերջ, Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան այցելեց Ֆրեզնոյի շրջանէն ներս կազմակերպուած Արեւմտեան թեմի ամառնային ճամբարին, որու մասնակից պատանիներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ հայրական յորդորները։ Նորին Սրբազնութեան ընկերացաւ Օքլընտի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Քհնյ. Զաքարեան, որ այս ճամբարի հոգեւոր պատասխանատուն է։

Շաբաթ, Յուլիս 31, 2021