ԱՆՋՆՋԵԼԻՆ

-Գրէք այնպիսի մի դէպքի մասին, որ անջնջելի հետք է թողել ձեր մտքում:

Թելադրեց ուսուցչուհին պատանի աշակերտներուն: Շարադրութեան պահ էր: Պատանիները ինկան մտածումներու անդունդին մէջ: Կը թերթէին անոնք յուշերուն վերնագրերը մի առ մի, գրադարանին դարակներուն մէջ հետաքրքրական վերնագիր մը որոնողի պէս:

Իւրաքանչիւր յուշի զուգահեռ պատկերներ կը գծագրուէին մտահորիզոններուն մէջ, պատկերները զգացումներու յորդումներ կը ստեղծէին անոնց ներաշխարհին մէջ եւ իսկոյն կը գտնէին իրենց արտայայտութիւնները դէմքերուն վրայ՝ ժպիտ, թախիծ, վիշտ, խինդ...:

Պատանիները խոհուն կեցուածքներով կ՚որոնէին յարմարագոյն պահը, որ մտքի փայլատակում մը պիտի յառաջացնէր եւ անոնցմէ անջնջելին բացակայ վերակենդանացում մը պիտի ապրէր, որուն ազդեցութեան թրթիռները գրիչներէն պիտի կաթկթէին թուղթերուն վրայ:

Կային հարկաւ մասնակցութիւն բերել չուզողներ. այնպիսիք, որոնց համար դժուարութիւն է ներսինը դուրս ցոլացնել, գաղտնիք մը բացայայտել թերեւս կամ փափաք մը զուտ անձնականը պահել-բանտելու միայն անձին պատեանին մէջ, չբաժնեկցելու անջնջելի ժպիտը կամ սպին. վերապահութիւն, ինքնամփոփութիւն...

Կային նաեւ մրցակցութեան սիրահարներ, որոնք անջնջելին գտածի տեսք ունէին եւ անցած՝ բառորոնումի հանգրուանին. անոնք գտնել կը ջանային զարդարուն բառեր գեղեցկացնելու միտքերուն արտայայտութիւնը:

Հոն, դասարանին անկիւնի գրասեղանի աշակերտը՝ Հրակը, գլխահակ, անշարժ կը մնար, անթարթ աչքերը սեւեռած պատին, կարծես միտքերը կ՚երեւէին պաստառ դարձած պատին վրայ: Այդպէս անշարժ, անթարթ վայրկեաններ անցան: Ուսուցիչը հեռուէն նկատեց այս կեցուածքը, ճանչցաւ զայն եւ սոսկումի սարսուռ մը անցաւ ամբողջ էութենէն, կարծես ըսել կ՚ուզէր՝ «Երանի այլ վերնագրով շարադրութիւն մը պահանջէի...»:

Փոխել կարելի չէր, դասարանը միաձուլում մը կ՚ապրէր վերնագրին, առաջադրանքին հետ եւ յուզումները ամպերու պէս կուտակուած էին դասարանին երկինքը: Աշակերտներէն ոմանք կ՚ապրէին երանութեան պահեր, կը խաղաղէին անոնք ներսի յուզառատ պահերը նկարագրելով, կը վերընթերցէին գրուած իւրաքանչիւր նախադասութիւն, պարբերութիւն:

Հրակն ալ կարծես գտած էր անջնջելին: Ժպիտ մը նկատեց ուսուցիչը անոր դէմքին, որ ի վերջոյ կոպերու թարթումով գծագրուեցաւ եւ նայուածքը ուղղուեցաւ թուղթին դատարկութեան, ուր գրիչը շարժիլ սկսաւ: Գրեց բառ մը, երկու բառ եւ մի քանի անջատ, անկապ տառեր շարուեցան տողերուն յաջորդականութեան, ապա՝

-Չե՛մ կրնար գրե՜լ...

Բացագանչեց լալագին ձայնով: Բացագանչումը բացաւ կծիկը պոռթկումներու կոյտին, որ աչքերէն կաթիլ-կաթիլ հոսեցաւ տառերուն գոյնը մգացնելով:

Հրակ յիշեց Հալէպի իր ննջասենեակը, իր տարիներու փափաքը, որ ի վերջոյ իրականացած էր՝ ունենալ այդ տեսքով ննջասենեակ մը, որ սակայն մէկ շաբաթ չվայելեց, պատերազմը խլեց իրմէ ննջասենեակը:

Քակուեցաւ պոռթկումներուն կծիկը Հրակի ներաշխարհին, շարունակեց խօսիլ առանց ընդմիջումի, պատմեց ան ընտանիքով Լիբանան փոխադրութիւնը, Պէյրութի մէջ ապրած դառնութիւնները, որոնց ակամայ ընտելացումը, հօր տանջանքը, մօր վազվզուքը եւ ապա՝ «ՊՈՒՄ» Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, որմէ ետք հայրը շաքարախտ ունեցաւ:

Կը շարունակէր Հրակ, ուսուցիչը կը լսէր զայն, աշակերտները գրիչները վար առած զարմանքով կը հետեւէին Հրակին, որ անխօս, հանդարտ տպաւորութիւն թողած էր առ այսօր:

Հրակ կը խօսէր շարունակ, կը պատմէր հայրենիքին մասին, ուր փոխադրուեցան Պէյրութի պայթումէն ետք, կը խօսէր հաշմանդամներուն, նահատակներուն... պատերազմին մասին: Ալեկոծ ծովու պէս կը փրփրէր պատանին, ժայռերը հարուածող ալիքներու շառաչին պոռթկուն ձայնը կը լսուէր իրմէ:

Սակայն ձայնը կամաց-կամաց կը կորսնցնէր զօրութիւնը, չունէր առաջին նախադասութեան ուժգնութիւնը, յոգնութիւն չէր այս խամրումին պատճառը, այլ կուտակներուն նօսրացումը, նուազումը, եւ՝

-Իմ հայրն էլ զոհ գնաց պատերազմին...

-Իմ հօբարն էլ...

-Իմ ախբերն էլ...

Լսուեցան աշակերտներուն ձայները դասարանին մէջ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021