ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆ ԿԱՄ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՍԻՈՅ ՀԻՆ-ՆՈՐ ՎԷՐՔԸ
Ճիշդ քսան տարուան ռազմական «կուռ» ներկայութենէն ետք, Ամերիկայի Միացեալ Նահագները անցեալ տարուան դեկտեմբերին սկսաւ խօսիլ Աֆղանիստանէն իր ուժերու հեռացման հեռանկարներուն մասին։
Թէ ի՞նչ «խաղ» էր ԱՄՆ-ի այս նոր մօտեցումը, որ յաչս աշխարհին միշտ ալ փորձած է հանդէս գալ որպէս «առողջ» եւ ժողովրդավար ուժերու ջատագով, դեռ պարզ չէ։ Այնուհետեւ, աւելի քան յստակ է, որ ամերիկեան ուժերու բացակայութեան լոյսին տակ Աֆղանիստան մեծ հաշուով պիտի դառնայ քաղաքական, բայց մանաւանդ ապահովական նորացուած թէժ կէտ մը, որ կրնայ իր խոր ազդեցութիւնները ունենալ նաեւ այդ երկրի սահմաններէն դուրս։
Խօսքը յատկապէս կը վերաբերի այն երկիրներուն, որոնք սահմանակից են Աֆղանիստանին եւ ինչ-որ չափով մինչեւ այս պահը կը համարուին ԱՄՆ-ի հակառակորդ (մեղմ ըսած) երկիրներ։
Իրանէն բացի, այդ երկիրներու ցուցակին մէջն են անշուշտ Ռուսաստանի մօտիկ եւ անոր կազմած ռազմական դաշինքին՝ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներ, որոնց համար ալ Մոսկուա տարբեր ձեւաչափի մտահոգութիւն արտայայտած է։
Սակայն այս բոլորին մէջ մեծագոյն խնդիրը կրնայ վերաբերիլ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ կան վարկածներ, որոնք երկար տարիներու բանակցութեանց արդիւնքով «Թալիպան» շարժումը ոչ միայն կարողացաւ ԱՄՆ-ի «սիրտը շահիլ», այլ նաեւ հասնիլ այնպիսի կէտի մը, որ կը համարուի «սթարթ»ի կէտ՝ կապուած Ուաշինկթընի յետին հաշիւներուն։
Անշուշտ պէտք չէ անտեսել ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան այն մօտեցումը, ըստ որուն Իրաքի մեծ պատերազմներէն ետք, այլեւս բացառուած է, որ նոյնիսկ ամերիկացի մէկ զինուոր զոհ երթայ մեծ համարուած կայսրութեան մղաց կամ մղելիք որեւէ պայքարի։
Այդ մէկը արդէն բացորոշ կերպով երեւելի դարձաւ Սուրիոյ զարգացումներով, ապա Իրաքի դէպքերով, որոնց միտք բանին անշուշտ նոյնն էր ու կը վերաբերէր ԱՄՆ-ի զօրքերու այդ երկիրներէն դուրսբերումը։
Խնդիրը սակայն նոյն հարթութեան վրայ չէր, եթէ հաշուի առնենք Աֆղանիստանի դիրքը, ուր տեղակայուած հիմնական ուժը՝ «Թալիպան» շարժումը, որ առնուազն մինչեւ ԱՄՆ-ի ուժերու դուրսբերումը նոյնինքն այդ երկրին ու անոր սերտ եւ վստահելի դաշնակիցներուն համար կը համարուէր ու դեռ ալ կրնայ համարուիլ ահաբեկչական, նաեւ աշխարհի անվտանգութեան սպառնացող ռազմական-գաղափարական զինեալ եւ նոյնիսկ վտանգաւոր ուժ։
Ամէն պարագայի, այդ բոլորը կը կատարուէին նաեւ յետին նպատակներու ծրարով մը, որ ոչ բոլորին համար հասանելի կամ հասկնալի է։ Իսկ այսօրուան ընդհանուր դրութեամբ կայ կարեւորագոյն հարցում մը, որ պատած է ամբողջ ասիական ափը։ Այդ հարցումին ալ նշանակէտն ու ուղղութիւնը դարձեալ նոյնն են։ Արդեօք Աֆղանիստան պիտի անցնի՞ «Թալիպան» շարժումի ամբողջական տիրապետութեան տակ, կամ արդեօք ընթացող զարգացումները ինչ-որ չափով ունի՞ն ԱՄՆ-ի կողմէ «պատրաստուած» ներքին քարտէս մը։ Այդ բոլորը պիտի բացայայտուին ու հասկնալի ըլլան մօտիկ ապագային։
Ինչպէս վերը նշեցի, այս բոլորին մէջ անշուշտ էական կը մնայ Իրանի պարագան ու երբեք չի բացառուիր, որ ԱՄՆ այս անգամ օգտագործէ «Թալիպան»ը՝ որպէս զինեալ ուժ եւ անհանգստութեան նոր գօտի մը, կամ առնուազն ճնշումի նոր գետին մը ստեղծէ ընդդէմ Իրանին։
Մինչ այդ, անշուշտ զարգացումները բաւականին թէժ են։ Աֆղանիստանի մէջ գետնի վրայ կատարուող դէպքերը, ռազմերը, նաեւ «Թալիպան»ի հետզհետէ ուժեղացումը կու գան փաստելու, որ այս դէպքերը տեղի կ՚ունենան ԱՄՆ-ի ամբողջական «կնքահայրութեամբ»։
Ամէն պարագայի Աֆղանիստանի վերջին զարգացումներուն մասին, բաւական կարեւոր դիտարկումներ կատարած է հայրենի արաբագէտ՝ Արմէն Պետրոսեան։ Անոր կարծիքով՝ Աֆղանիստան յառաջիկայ ամիսներուն կամ նոյնիսկ տարիներուն, պիտի դառնայ Ասիոյ այդ աւազանի ամենաթէժ կէտերէն մին։
Ստորեւ հատուած մը՝ օրերս Պետրոսեանի կողմէ արտայայտուած վերլուծումներէն։
*
Աֆղանիստանի մէջ զարգացումները՝ յատկապէս ԱՄՆ-ի զօրքերու դուրսբերումէն ետք, կանխատեսելի կը դարձնեն, որ յառաջիկային երկիրը պիտի դառնայ աշխարհի թիւ մէկ անկայունութեան գօտին։
Թէ՛ Միացեալ Նահանգներ եւ թէ՛ շահագրգիռ այլ դերակատարներ վերջին շրջանին կը փորձեն նախաձեռնել երկխօսութիւն՝ Աֆղանիստանի կառավարութեան եւ «Թալիպան»ի առաջնորդներուն միջեւ։ Բոլոր այդ երկխօսութիւններու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ կողմերը բաւականաչափ հեռու են համաձայնութեան գալէ, որովհետեւ այդ երկրին մէջ զարգացումները կ՚ընթանան ներքին զինեալ հակամարտութեան տրամաբանութեան մէջ:
Թալիպանները ունին յստակ մարտավարութիւն՝ իրենց վրահսկողութեան տակ պահել ռազմավարական նշանակութեամբ շրջանները, որոնք, առաջին հերթին, հարեւան երկիրներու սահմաններն են: Թալիպանները այսպիսի մարտավարութեան կը դիմեն, որովհետեւ այդ շարժումը՝ «Թալիպան»ը բազմաթիւ երկիրներու կողմէ ճանչցուած է, որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն, իսկ վերահսկողութիւն սահմանելով սահմանային գօտիներուն վրայ անոնք, փաստացի, կը ստանան հաւատարմութիւն հարեւան երկիրներու կողմէ։
«Թալիպան» իր սկզբունքային գործելաոճի եւ գրագէտ մարտավարութեան շնորհիւ, ըստ էութեան, աֆղանական հակամարտութեան շրջանակներու մէջ վերածուած է գործօնի մը, հարկադրելով բոլոր շահագրգիռ խաղացողներուն հաշուի նստիլ իր դերակատարման հետ, ճանչնալով կազմակերպութիւնը, որպէս ներքին զինեալ հակամարտութեան լիիրաւ առարկայ։
Այդ է պատճառը, որ անցեալ շաբաթներու ընթացքին, «Թալիպան»ի հետ առանձին բանակցութիւններ նախաձեռնած են քաղաքական կարեւոր դերակատարներ. օրինակ՝ ԱՄՆ-ը, Թուրքիան, օրեր առաջ՝ նաեւ Իրանն ու Ռուսաստանը:
Պարզապէս աշխարհի ուշադրութիւնը կը վերադառնայ մէկ այլ տարածքաշրջան։ Աֆղանիստանը քանի մը տասնամեակ է, որ կը շարունակէ մնալ մեր երկրագունդի ամենաթէժ կէտերէն մէկը․ պարզապէս ԱՄՆ յաջողած էր վերահսկելի իրավիճակ ստեղծել, բայց անոնց դուրս ելլելով քաոսային իրավիճակը կը վերականգնուի:
Աֆղանիստանի զարգացումները առայժմ Հայաստանի վրայ ուղղակի ազդեցութիւն չունին։ Աֆղանիստանը բաւական երկար ժամանակ չէզոք դիրքորոշում ունեցած է Հայաստանի հետ կապուած հարցերուն:
Խնդիրը Հայաստանին անուղղակիօրէն կրնայ առընչուիլ՝ թալիպաններու կողմէ ՀԱՊԿ-ի ազդեցութեան գօտի հանդիսացող երկիրներու՝ մասնաւորապէս Տաճիկիստանի սահմաններուն վրայ սպառնալիք առաջանալու տեսքով։ Արդէն Տաճիկիստանի կողմէ ՀԱՊԿ-ին ուղղուած յստակ դիմում կայ։ ՀԱՊԿ-ի միջամտութեան պարագային Հայաստանը, որպէս կազմակերպութեան անդամ, նոյնպէս պէտք է ներգրաւուածութիւն ունենայ:
Թէ՛ ԱՄՆ եւ թէ՛ ՆԱԹՕ Թուքիոյ վստահած են, որ ստանձնէ Քապուլի միջազգային օդակայանի պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը:
Հաշուի առնելով Աֆղանիստանի աշխարհագրական դիրքը, ազդեցութիւն ունենալը Թուրքիոյ համար կարեւոր է թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ռազմաքաղաքական, թէ՛ աշխարհաքաղաքական առումով։ Հաշուի առնելով Ատրպէյճան-Թուրքիա սերտ համագործակցութիւնը, չի բացառուիր Ատրպէյճանի ներգրաւուածութիւնը այս գործընթացին:
Աֆղանիստանի հակամարտութեան պարագային, բոլոր շահագրգիռ կողմերը կ՚ընդունին, որ այս երկրին մէջ երկխօսութիւնը հնարաւոր չէ։ Իրավիճակը պիտի շարունակուի լարուիլ այնքան ժամանակ, մինչեւ կողմերէն մէկը կարողանայ հասնիլ բացարձակ առաւելութեան եւ իշխանութիւնը վերցնէ իր ձեռքը։ Նման հնարաւորութիւն այս պահուն ունի «Թալիպան» շարժումը, որ բազմաթիւ երկիրներու կողմէ ճանչցուած է որպէս ահաբեկչական խմբաւորում եւ որեւէ աղերս չունի ժողովրդավարութեան հետ։ Այն կրօնական խմբաւորում մըն է եւ քրիստոնեայ Հայաստանը անոր հետ որեւէ աղերս չի կրնար ունենալ։ Ի հարկէ, պէտք է նաեւ հետեւիլ գործընթացներուն, որովհետեւ հնարաւոր է, որ ինչ-որ պահ մը կարողանանք օգտուիլ ստեղծուած իրավիճակէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան