ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ չոր­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը։ Ներ­կայ էին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու եւ կրթա­կան մշակ­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին հան­դի­սու­թեան բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը։  Յայ­տագ­րի ըն­թաց­քին ա­շա­կերտ­նե­րու քա­ռա­մեայ ու­սում­նա­կան շրջա­նին վե­րա­բե­րեալ կա­տա­րուե­ցաւ պար­քո­վի­զիո­նի ցու­ցադ­րու­թիւն մը։ Ար­տա­յայ­տուե­ցաւ ու­սուց­չու­հի Ան­նա Սա­րը­սեչ­քին։ Ծնող­նե­րուն ա­նու­նով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Պե­լին­տա Էօզ­տէ­միր։ Տղոց խօսք ուղ­ղե­ցին նաեւ Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու եւ Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Բո­լո­րը բա­րե­մաղ­թանք­ներ ը­րին տղոց ու­սում­նա­կան կեան­քի ա­պա­գայ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ր։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015