ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄԻՋԳԵՐԱՏԵՍՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մօտ վերջերս տեղի ունեցաւ միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստ, գլխաւորութեամբ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան երիտասարդներու ուղղեալ «Արի տուն» եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագրերուն վերաբերեալ նիւթեր։ Ժողովին ներկայ էին պաշտպանութեան, տարածքային կառավարման, կրթութեան ու գիտութեան, առողջապահութեան փոխ-նախարարները, ինչպէս նաեւ պատկան մարմիններէն այլ պատասխանատուներ։
Ողջունելով ներկաները Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց սոյն միջգերատեսչական յանձնաժողովին ստեղծումը եւ վերոյիշեալ երկու ծրագրերու նախապատրաստական աշխատանքներու համակարգումը, ինչ որ երաշխիք մըն է անոնց պատշաճ ձեւով իրականացման տեսանկիւնէն։ Յակոբեան ժողովականներու նկատառման յանձնեց, թէ այս տարի Հայաստանի մէջ պիտի հիւրընկալուին շուրջ 2500 սփիւռքահայ երիտասարդներ, որոնց ճամբորդութեան, անվտանգութեան, առողջապահութեան եւ այլ բնոյթի կարիքներու դիմագրաւման համար Սփիւռքի նախարարութիւնը սերտ աշխատանք կը տանի պետական կառավարման բոլոր բնագաւառներէ մարմիններուն հետ։ Անցեալ տարուան աշխոյժ եւ կազմակերպուած աշխատանքին համար ան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր նախարարութիւններուն, քաղաքապետարաններուն եւ մարզպետարաններուն։
Ժողովի ընթացքին հրապարակուած տուեալներով՝ յառաջիկայ ամառ «Արի տուն» ծրագրին մասնակցութիւն պիտի բերեն նաեւ Տերսիմէն եւ Տիարպաքըրէն քառասունական երիտասարդներ։
Միւս կողմէ, Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս տեսակցեցաւ նաեւ Երեւանի մօտ Արժանթինի նորանշանակ դեսպան Կոնսուալօ Ուրիօլապէիթիայի հետ։ Այս առթիւ դեսպանը պատրաստակամութիւն յայտնեց աշխուժօրէն համագործակցելու համար Սփիւռքի նախարարութեան հետ։