ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Սեր­պիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ի­վի­ցա Տա­չիչ այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կը հիւ­րըն­կա­լուի Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան կ՚այ­ցե­լէ Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ եւ կ՚ըն­դու­նուի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Այս ա­ռա­ւօտ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան տե­սակ­ցե­ցաւ Ի­վի­ցա Տա­չի­չի հետ, որ շրջայց մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ դէ­պի Հա­րա­ւա­յին Կով­կաս։ Եր­կու նա­խա­րար­նե­րու տե­սակ­ցու­թե­նէն վերջ ստո­րագ­րուե­ցաւ փաս­տա­թուղթ մը, որ կը նա­խա­տե­սէ Հա­յաս­տան-Սեր­պիա հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը։

Այս ու­ղե­ւո­րու­թեան շրջագ­ծով ան այ­ցե­լեց նաեւ Ատր­պէյ­ճան։ Ինչ­պէս ե­ղած էր Պա­քուի մէջ, այն­պէս ալ Ե­րե­ւա­նի մէջ ան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին կը շօ­շա­փէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի ար­դի փու­լին խնդիր­ներն ու հե­ռան­կար­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Ի­վի­ցա Տա­չիչ այ­սօր Ե­րե­ւա­նի մէջ կը տե­սակ­ցի նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի հետ։ Հան­դի­պու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մօտ Ար­ցա­խի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան եր­դի­քին տակ։ Հարկ է նշել, որ նա­խա­պէս ալ Ստե­փա­նա­կեր­տի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը Ե­րե­ւա­նի մէջ, նման ձե­ւա­չա­փով մը հան­դի­պած է ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հին հետ։

Իվիցա Տա­չիչ այ­սօր կը մէկ­տե­ղուի նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեա­նի եւ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ան կ՚այ­ցե­լէ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015